Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 16 ապրիլին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւն: Պատարագը մատուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Օշին վրդ. Չուալերթանեան:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին սկիզբը հայր սուրբը իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ իրեն այս գեղեցիկ պարտականութիւնը յանձնած է` ներկայ գտնուելու եւ մասնակից դառնալու Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տօնին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն եկեղեցւոյ մէջ բոլոր ծառայողներուն եւ ի մասնաւորի քահանայ հայրերուն, որոնք իսկապէս ամէն զոհողութիւն յանձն առած են ու տակաւին կ՛առնեն եկեղեցւոյ պանծացման համար:
Հայր սուրբը հարց տուաւ, թէ ո՞վ է այն անձը, որ կրնայ աշխարհի սկիզբէն գոյութիւն ունենալ, եւ ո՞վ է այն անձը, որ աշխարհը ոչ թէ ինք ստեղծեց, այլ իրմով ստեղծուեցաւ, եւ բացատրեց, որ անցնող 50 օրերու ընթացքին իսկապէս մեր ֆիզիքականը յոգնեցաւ, մեր մարմինները տկարացան, պահեր եղան, երբ յուսահատութիւն ապրեցանք, պահեր եղան, երբ փորձութիւններու ենթարկուեցանք, պահեր եղան, երբ մե՛նք ուզեցինք Աստուծմէ հեռանալ, եւ պահեր եղան, երբ հոգեպէս ընկճուեցանք, սակայն յաղթեցի՛նք այս բոլորին, որովհետեւ մէկը, որ աշխարհի սկիզբէն գոյութիւն ունէր` մեր Տէրը, մեր Փրկիչը, մեր Հայրը, մեր Մեծ Եղբայրը, Անսխալական Վարդապետը մեր ձեռքէն բռնած էր եւ չթողուց, որ այդ մեղքերուն եւ փորձութիւններուն մէջ մնանք: Աստուած միշտ մեր կողքին է:
«Քրիստոսը ընդունիլը, դաւանիլը կամ քրիստոնեայ կոչուիլը կամ ապրիլը վաճառականութիւն չէ, որ երթանք գնենք հանգիստ կեանք մը ապրելու համար», հաստատեց Օշին վրդ. Չուալերթանեան` բացատրելով, որ Պետրոս առաքեալ այս պատճառով կը զգուշացնէ մեզ, որ քրիստոնեան իր կեանքի ընթացքին ոչ թէ պէտք է ընդունի նեղութիւններն ու դժուարութիւնները` իբրեւ փորձութիւն, այլ այս բոլորը քրիստոնեային համար բնականոն կեանք պէտք է համարուի:
Հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ հալածանքներ այսօր ալ կը պատահին, նեղութիւններ, փորձութիւններ այսօր ալ կան ու պիտի ըլլան համայնական կամ անհատական մեր կեանքին մէջ, եւ անոնք կը փորձեն մեր նուիրուածութիւնը Քրիստոսի նկատմամբ ու կը զօրացնեն մեր հաւատքը` եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն` նոր շունչով, նորոգուած հաւատքով սկիզբ դնել նոր կեանքի եւ նոր ուխտ հաստատել մեր եւ Աստուծոյ միջեւ` մեր նոր կեանքին համար:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: