Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Յարութեան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 9 ապրիլ 2023-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ այսօր մեր եկեղեցին մեզ կը համախմբէ իր ծոցին մէջ, որպէսզի Յարութեան աւետիսը մեզի յայտնելով մեզ սփոփէ, յուսադրէ, մեր հաւատքը զօրացնէ եւ պայծառութիւն բերէ մեր կեանքին:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Ղուկասու Աւետարանի 24-րդ գլուխին մէջ գրուած խօսքին, թէ յարութենէն ետք, երբ մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս անակնկալօրէն Երուսաղէմի մէջ առաքեալներուն յայտնուեցաւ, անոնք կարծելով, որ ոգի մը կը տեսնեն, սարսափով լեցուեցան: Սակայն Յիսուս անոնց մէջտեղը կանգնելով ըսաւ. «Խաղաղութիւն ձեզի, ես եմ. մի՛ վախնաք… Նայեցէ՛ք ձեռքերուս եւ ոտքերուս. նոյնինքն ե՛ս եմ»: Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Յարուցեալէն եկող խաղաղութեան այդ պատգամը այսօր կը բարձրանայ նաեւ մեր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի առաքեալներուն օրինակով մենք ալ հանգստացնենք մեր սրտերը: Ան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ եւ հայկական առումով, այսօր բոլորիս հոգիներուն հորիզոնը ամպամած է, եւ մեր կեանքին գոյները այնքան ալ պայծառ չեն, սակայն քրիստոնեան, ամէն անգամ որ նեղութեան եւ տագնապի մէջ  գտնուի, պէտք է յիշէ իր Տէրը եւ անոր պարգեւած խաղաղութեան պատգամով խրախուսուած, աներկիւղ շարունակէ իր կեանքը: Առաջնորդ Սրբազանը ներկաները խաղաղութիւն եւ ճշմարտութիւն փնտռող առողջ աչքերով նայելու Յարուցեալին, որպէսզի աշխարհի տեսակաւոր տագնապներուն ու հարցերուն դիմաց, երկնային փրկաւէտ շնորհք ընդունին իրենց կեանքին համար:

«Արդարեւ, քրիստոնէութիւնը աշխարհի տագնապներուն յաղթելու կրօնն է:  Վա՛յ անոր, որ դժուարութեան պահերուն չի նշմարեր Աստուծմէ եկող յոյսի ծիածանը եւ չի լսեր Տիրոջ խաղաղեցնող, յուսադրող ու ոգեւորող ձայնը», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը` շեշտելով, որ քրիստոնեան պէտք է յիշէ, թէ Աստուծոյ զօրութեամբ, նոյնիսկ գերեզմանին քարը կրնայ գլորիլ ու մեռելը կրնայ յարութիւն առնել:

Եզրափակելով իր պատգամը` Առաջնորդ Սրբազան հայրը կոչ ուղղեց բոլորին Զատկուան տօնին առիթով, պահ մը անջատուելու աշխարհի հարցերէն եւ խնդիրներէն ու հաւատքով դիտելու ամէն բան, որպէսզի մեր նայուածքը լոյս բերէ մեր հոգեկան ապրումներուն:

Զատկական պատարագէն անմիջապէս ետք, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ու Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին եւ Պուրճ Համուտի առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Շնորհաւորութիւններ փոխանցեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ  երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչները, նախկին երեսփոխաններ եւ նախարարներ, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ ու թաղապետներ, Ազգային երեսփոխանական ժողովի, խորհուրդներու ու յանձնախումբերու անդամներ, լիբանանահայ վարժարաններու, կառոյցներու ու հաստատութիւններու տնօրէններ եւ պաշտօնեաներ, թաղական խորհուրդներու, տիկնանց յանձնախումբերու ու դպրաց դասերու անդամներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներ:

Յայտնենք, որ շնորհաւորութիւններ փոխանցեցին նաեւ Ամալ Շարժումի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Մահմուտ Խաուաժայի, Հըզպալլայի Պէյրութի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Էմին Շըրրիի եւ Հըզպալլայի Լեռնալիբանանի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ շէյխ Հասան Զալղութի: