Գոհութիւն եւ փառք կը յայտնենք ամենակալին Աստուծոյ, որ ահաւասիկ, զատկական ոգեւոր մթնոլորտի մէջ, առիթ կ՛ընծայէ մեզի դարձեալ մեր հայրերուն պայծառ հաւատքով ըսելու.
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց.
մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց»:
Համաձայն աւետարանական վկայութեան, իր յարութենէն ետք, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս նախ երեւցաւ իր աշակերտներուն, որպէսզի անոնք, իրենց հալածական, յուսալքուած ու անկեալ վիճակին մէջ, զգան ու ապրին յարութեան յաղթանակի իրողութիւնը, ու այնուհետեւ, յաղթականի զգացումով երթան դէպի աշխարհ, իբրեւ յաղթութեան կրօն քրիստոնէութիւնը տարածելու բոլոր ազգերուն մօտ:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Ահաւասիկ, Աստուծոյ հետ հանդիպման պահ է դարձեալ. եւ մենք` Քրիստոսի հետեւորդներս, իբրեւ վկաները մահուան դէմ Քրիստոսի տարած յաղթանակի իրողութեան, զատկական տօնին առիթով, մեր եկեղեցիներուն մէջ, տօնական ցնծութեամբ եւ հաւատքի մղումով կը հռչակենք, թէ մշտնջենապէս կենդանի է մեր Տէրը, որ իր յարութեան միջոցով մեզի եւս յաւիտենական կեանք պարգեւեց:
Իրօք, աշխարհիկ տօնական երեւոյթներէն անդին, այսօր Աստուած մեզի կը ներկայանայ, որպէսզի իբրեւ իր հաւատաւոր հետեւորդները, նախ մենք զգանք մեր կեանքին մէջ իր ներկայութիւնը, խրախուսուինք իրմով եւ այս աշխարհի երեւոյթներով կլանուած եւ անշնչացած մեր հոգիներուն մէջ վերահաստատենք հոգեւոր խանդ ու եռանդ: Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Աստուած մեզի կը ներկայանայ յարուցեալ կերպարանքով, որպէսզի մեզի ցոյց տայ յաւիտենական կեանք տեսնելու փորձառութիւնը:
Արդարեւ, Ս. Յարութեան տօնը դէպի մշտնջենական կեանք նայելու առիթ է: Անոնք, որոնք այս առիթով կը զգան, թէ մահուան վրայ յաղթանակ տարած Աստուծոյ ներկայութեան մէջ կը գտնուին, կը յաջողին վերագտնել իրենց հոգին եւ յաղթական ընթացքին մէջ պահել իրենց կեանքը, որովհետեւ Աստուած մեզի կու գայ ի խնդիր մեր հոգիներու նորոգութեան ու ծաղկումին. ան մեզի կը ներկայանայ, որպէսզի երկնային լոյսով լուսաւորուի երկրաւոր մեր գոյութիւնը: Աստուած այս աշխարհին կը յայտնուի, որպէսզի երկրի սահմանաւոր պայմաններէն անդին` յաւիտենական կեանքի տեսիլքներուն տանի մարդը: Ան կու գայ, որպէսզի հաւատքի զօրութեամբ տառապեալը մխիթարութիւն գտնէ, անկեալը վերստին բարձրանայու կորուսեալը վերահաստատուի յոյսին մէջ: Աստուած մեզի կու գայ, որպէսզի յաւիտենականը գտնելու ճշմարիտ բաղձանքով, մենք կարենանք Աստուծոյ հետ նոր, յարատեւ ու ամբողջական յարաբերութիւն հաստատել:
Սիրելի՛ հաւատացեալներ,
Մեր պատմութեան բոլոր վերիվայրումներուն, տագնապներուն, մաքառումներուն եւ պայքարներուն մէջ, մեր ժողովուրդը ազգային հաւատարմութեամբ ապրուած է յարութեան հաւատքը, եւ այդ հաւատքով զօրացած, յաւիտենական տեսիլքներուն առնչած է իր մեծ ու փոքր իտէալները, երազները, բաղձանքներն ու յանուն ազգի շինութեան եւ հայրենիքի վերելքին ի գործ դրած իր բոլոր ազնիւ ճիգերը:
Զատկական տօնին առիթով յիշենք, որ մենք ենք մեր հայրերուն լոյս հաւատքին պահապանները: Այդ փորձառութիւնը ապրած եւ մեզի կտակած են մեր նախնիները, որոնք հաղորդակից մնալով Յարուցեալի կեանքին, մահէն դէպի կեանք եւ խաւարէն դէպի լոյս ուղղած են իրենց քայլերը` հաւատքի զօրութեամբ ապրելու եւ գոյատեւելու կամք բերելով մեր ազգային գոյութեան երթին:
Զատիկ է: Դիմաւորենք զայն մեր հայրերուն հաւատքով` նոր տեսիլքներու հասնելու ակնկալութեամբ: Օրհնութիւն եւ փառք վերառաքենք Յարուցեալին եւ աղերսենք, որ յարափոփոխ մեր աշխարհի պայմաններուն մէջ, Ան յաւելեալ ջերմեռանդութիւն եւ անշեղ հաւատք ներշնչէ մեր ժողովուրդին, որպէսզի Աստուծոյ անսպառ շնորհքին մէջ մնալով, մենք ազգովին կարենանք շարունակաբար երկնային լոյս բերել մեր առօրեային, հաւատքով խրախուսուիլ եւ յարութեան կեանքի գեղեցկութիւնները ծաղկեցնել մեր աշխատանքներուն ու գոյութեան մէջ:
Ս. Յարութեան տօնին առիթով, ջերմագինս կ՛ողջունեմ ու կը շնորհաւորեմ ամբողջ լիբանանահայութիւնը, թեմիս հոգեւորականաց դասը, ժողովականութիւնը, մեր եկեղեցիներուն, վարժարաններուն, համայնական մեր կեանքին մէջ գործող կառոյցներու ու մարմիններու պատասխանատուներն ու անդամները եւ կը մաղթեմ, որ հեղ մը եւս մենք զմեզ դիտելով մեր հայրերու պայծառ հաւատքին մէջ, տեսնենք այն ուղին, որ կը տանի դէպի անմահութիւն:
Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս. Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:
Մնամ սիրոյ ջերմ ողջունիւ եւ աղօթարար`
ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՀԱՅՈՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ