Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Երկուշաբթի, 13 Փետրուարի, երեկոյեան ժամը 5:30-ին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն:
Հաւատացեալ ժողովուրդին յղած իր հայրական պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ Տեառնընդառաջ բառը կը նշանակէ ընդառաջ երթալ Տէրը դիմաւորելու համար: աւելցնելով, որ Մեծ պահքի նախօրեակին մենք ալ մեր կարգին պիտի փորձենք մեր հոգիներէն ներս ընդունիլ Փրկիչը` իբրեւ յոյս, որպէսզի մթագնած ու խաւարած կեանքի մեր պայմաններուն մէջ կարենանք իրմով մեր առօրեային մէջ հաստատել ներդաշնակութիւն, գտնել յոյս, խաղաղեցնել մեր հոգիները եւ անդրադառնալ, որ կեանքին մէջ մեզի հետ ունինք մեր Աստուածը, որ հակառակ մեզ շրջապատող տեսակաւոր դժուարութիւններուն եւ փոթորիկներուն` մեզի կ՛ընկերանայ մեր առօրեային մէջ, որպէսզի մեզ առաջնորդէ դէպի ապահով ափեր:
Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ համաձայն Աւետարանի վկայութեան, այս օր մեր եկեղեցին կը յիշատակէ ութօրեայ մանուկ Յիսուսի տաճար այցելութեան անդրանիկ դրուագը: Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց այդ ժամանակաշրջանին ապրող Սիմէոն անունով տարիքով մեծ բարեպաշտ անձնաւորութեան մը կեանքին, որ Ս. Հոգիէն խոստում ստացած էր, թէ մինչեւ որ Փրկիչը իր աչքերով չտեսնէ, մահ պիտի չճանչնայ: Եւ երբ տաճար եկաւ, ուխտաւորներու բազմութեան մէջ միայն ինք նշմարեց ութօրեայ մանուկ Յիսուսը եւ ընդառաջ երթալով` զայն գրկեց, օրհնեց եւ զԱստուած փառաբանեց, որ խաղաղութեամբ մեկնի այս աշխարհէն, որովհետեւ երկար տարիներ սպասելէ ետք այս պահուն իր աչքերով տեսած էր Փրկիչը, նաեւ` որ Տիրոջ խոստումը կը կատարուի երկրի վրայ:
Սրբազան Հայրը հարց տուաւ ներկաներուն, թէ ի՞նչ սպասումներով մենք այսօր եկեղեցի կը ներկայանանք, ի՞նչ հաւատքով կը դիմաւորենք մեզի եկող Փրկիչը եւ ի՞նչ կը փորձենք տեսնել մեր եկեղեցական կեանքին մէջ, շեշտելով, որ եթէ աւետարանական ճշմարտութիւնները մեզ չեն կրնար հրաւիրել մեր հայեացքը ուղղելու դէպի մեր Տէրն ու Փրկիչը, ապա անիմաստ են մեր բարեպաշտական բոլոր արտայայտութիւնները:
Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այսօր, հետեւելով մեր ժողովուրդի դարաւոր անցեալ ունեցող աւանդութեան, պիտի վառենք խարոյկը` բաղձալով, որ այդ խարոյկի ճամբով, նաեւ աստուածային յոյսը ծագի մեր հոգիներէն ներս: «Յոյս ունենալ կը նշանակէ աշխարհի վրայ ունենալ` ամէնէն ապահով նեցուկը, նոյնինքն` զԱստուած: Առանց յոյսի` խաւար է մեր կեանքը, բայց յոյսով կը պարզուին բոլոր անհասկնալի, բոլոր անտրամաբանական, մարդկայնօրէն անըմբռնելի այն երեւոյթները, որոնք կամաց կամաց կը խռովեն մեզ մեր առօրեայի ընթացքին: Վա՜յ անոր, որ իր կեանքի ընթացքին կը կորսնցնէ ներքին յոյսի զգայնութիւնը եւ կը դատարկուի Աստուծոյ գիտակցութենէն ու շնորհքներէն», շեշտեց Սրբազան Հայրը` յորդորելով ներկաները, որ խնդրեն Աստուծմէ, որ լուսաւորէ իրենց կեանքի ճամբան, որ տագնապներու եւ դժուարութիւններու մէջէն կ՛անցնի, նաեւ Զայն դիմաւորեն իրենց կեանքէն ներս: Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ պէտք է մեր հայեացքը ուղղենք մասնաւորաբար դէպի մեր մանուկները, որոնք այսօր, մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, պէտք էր ողողէին այս եկեղեցին, եւ անոնց մէջ նշմարենք Աստուծոյ զետեղած շնորհքները, որոնք մեր աշխատանքով եւ մեր օրինակով պէտք է մշակուին, առատանան եւ վերածուին մեր կեանքը գեղեցկացնող շնորհքներու` մեր առօրեան եւ համայնական մեր վիճակը առաւել արգասաբեր դարձնելու համար:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառեցաւ աւանդական խարոյկը: