Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին առաքելութիւնն է սատար հանդիսանալ տնտեսական ծանր վիճակ դիմագրաւող ազգայիններուն` օժանդակութիւն տրամադրելով անոնց հիւանդանոցային ծախսերուն եւ անմիջական պէտքերուն, այս ձեւով ժպիտ մը դրոշմելով անոնց դէմքին վրայ:
Առ այդ, նախանձախնդիր իր առաքելութեան, բարերարութեամբ Ռազմիկ Ճուլֆայեանի, չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին, կ. ա. ժամը 10:00-ին, 11:00-ին եւ 12:00-ին երեք փուլով, նախկին Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի երրորդ յարկին վրայ գտնուող Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի կեդրոնին մէջ 100 ծրար ընդեղէն տրամադրուեցաւ բաժանմունքի պարագաներուն: