Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հոգեկան Ճնշումի Մասին Դասախօսութիւն

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի  բարգաւաճման եւ նախազգուշական ծրագիրներու շարքին չորրորդը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 6 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի Գ. յարկին վրայ գտնուող ընկերային բաժանմունքի կեդրոնին մէջ:

Արդարեւ, բաժանմունքի ընկերային ծառայող Գարին Նաճարեան փաուըր փոյնթով ներկայացուց «Հոգեկան ճնշում» խորագիրով դասախօսութիւն մը: Ան բացատրեց, թէ ի՛նչ է հոգեկան ճնշումը, եւ ըսաւ, որ երկու տեսակ հոգեկան ճնչում կայ` ուրախ եւ տառապանքով, նեղութեամբ, նաեւ բացատրութիւններ տուաւ, թէ մեր մարմինը ինչպէ՛ս կ՛աշխատի հոգեկան ճնշումի ժամանակ, աւելցնելով, որ հոգեկան ճնշումը կրնայ ունենալ ֆիզիքական, զգացական, կենցաղային ազդեցութիւններ եւ երբեմն նոյնիսկ` ոչ առողջարար կերպերով: Նաճարեան նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ ճնշումը ղեկավարելու, ինչպէս, օրինակ, գիտնալ ճնշումին բնոյթ տուող պատճառը, հեռու մնալ վատառողջ բաներէ, նաեւ` անձերէ, որոնք կապ ունին ճնշումին հետ, ճշդել միջավայրը, փոխել կացութիւնը, արտայայտել զգացումները, ըլլալ հաստատակամ եւ հաւասարակշռել աշխատանքի, ընտանեկան կեանքի եւ ընկերային գործունէութիւնները, բարեկամութիւն հաստատել այնպիսի մարդոց հետ, որոնք ապահովութիւն եւ հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն, յաւելեալ ժամանակ տրամադրել ինքզինքին, ժամանակը ճիշդ ձեւով կառավարել, մարզանքի հետեւիլ, առողջ ապրելաձեւ որդեգրել, փորձել նոյն վայրկեանին ճնշումը թեթեւցնել:

Աւարտին ներկաներուն բաժնուեցան յիշատակի նուէրներ: