Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 2025-2026 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի 2025-2026 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 2 յունիսի երեկոյեան Ժամը 7:30-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանին:

Հանդէսը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք շրջանաւարտ դասարանի աշակերտուհիները հայկական գեղեցիկ նազպարով մը ազգային շունչ հաղորդեցին հանդիսութեան:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր շրջանաւարտներուն դպրոցական ճամբորդութիւնը` մանկապարտէզի առաջին քայլերէն մինչեւ ԺԲ. դասարանի վերջին զանգը, վերակենդանացնելով յուշերով եւ անմեղ զգացումներով լեցուն տարիները:

Ապա շրջանաւարտները արտասանեցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Խրախուսանք» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք  ներկայացուցին խմբերգ մը, որ աւելի խանդավառեց հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինը:

Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինին  աւարտէն ետք, ներկաներու ծափողջոյններուն տակ, հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին շրջանաւարտները եւ իրենց տեղերը գրաւեցին բեմին վրայ:

Շրջանաւարտներուն ողջերթի խօսքը արտասանեց ԺԱ. դասարանի աշակերտուհի Նարօտ Թազեան, որ ջերմ ու անկեղծ բառերով անդրադարձաւ շրջանաւարտներուն հետ իր եւ իր դասընկերներուն կազմած բարեկամական կապերուն, միասին ապրած յիշարժան պահերուն եւ դպրոցական տարիներուն կերտուած գեղեցիկ յիշատակներուն` մաղթելով անոնց յաջողութիւններով եւ ձեռքբերումներով լի ապագայ մը:

Ապա շրջանաւարտներուն կողմէ արտասանուեցան արաբերէն (Էտի Ճէրէճեան), անգլերէն (Սելին Գայսէլ) եւ հայերէն (Նաթալի Այանեան) ուղերձները: Անոնք իրենց սրտաբուխ խօսքերուն մէջ յիշեցին դպրոցական կեանքի ամէնէն գեղեցիկ էջերը` խօսելով ապրած ուրախութիւններուն եւ յուզիչ պահերուն, կիսուած յիշատակներուն, անմեղ չարաճճիութիւններուն, տարիներու ընթացքին կերտուած ամուր բարեկամութիւններուն եւ դպրոցական առօրեան լուսաւորած բազմաթիւ հաճելի վայրկեաններուն մասին: Անոնք ընդգծեցին, որ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլէճը իրենց համար, կրթական հաստատութիւն մը ըլլալէ աւելի, եղաւ երկրորդ տուն մը, ուր հասակ առին, կազմաւորուեցան եւ պատրաստուեցան կեանքի նոր փուլին:

Շրջանաւարտները խոր երախտագիտութիւն յայտնեցին տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնք մեծ նուիրումով եւ հոգատարութեամբ առաջնորդեցին զիրենք ուսման ճամբուն վրայ` ջամբելով գիտելիք, կրթութիւն, ազգային, բարոյական եւ մարդկային արժէքներ, որոնք պիտի շարունակեն լուսաւորել իրենց կեանքի ընթացքը:

Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ ծնողներուն, որոնք տարիներ շարունակ անսակարկ սիրով, զոհողութեամբ եւ անվերապահ աջակցութեամբ կանգնեցան իրենց կողքին: Անոնք շեշտեցին, որ այսօրուան ձեռքբերումը միայն իրենցը չէ, այլ նաեւ` իրենց ծնողներուն նուիրումին, համբերութեան եւ անխոնջ ջանքերուն արդիւնքը, եւ որ` այս օրը բոլորին համար հպարտութեան օր մըն է:

Քոլեճի տնօրէն Թալին Օրտողլեան խօսք առնելով` ամփոփ զեկուցում մը տուաւ անցնող տարեշրջանին մասին, որ համեմատաբար բնականոն ընթացաւ եւ հասաւ իր բարւոք աւարտին: Ան զեկուցեց վարժարանին մէջ գոյութիւն ունեցող կրթական-ակադեմական բաժանումներուն, ինչպէս նաեւ մանկամսուրի մէջ  նորութիւններուն հետ քայլ պահելու ծրագիրներու մասին:

Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Օրտողլեան ըսաւ. «Այսօր ձեզի համար վճռական պահ մըն է, որովհետեւ ձեր դպրոցական կեանքի էջը կը փակուի` նոր մը բացուելու համար: Նոր մը, որ պիտի ըլլայ միայն ու միայն ձեր ընտրութիւնը: Ձեր երազներն ու նպատակակէտերը պէտք է հիմնուին անխախտ սկզբունքներու վրայ: Ձեր երազները պէտք է ձեզ ուղղեն դէպի փայլուն ապագայ: Ապագայ մը, ուր ձեզ շրջապատողները ձեզ մատնացոյց ընեն ձեր նուաճումներուն համար: Ապագայ մը, ուր հայու գիտակցութիւնը եւ հայ զգալու հպարտութեան կրակը ձեր մէջ մարած չըլլայ: Ապագայ մը, ուր շարունակէք հպարտ զգալ, որ դուք Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի շրջանաւարտներ եղած էք ու պարտական էք անոր»: Ան խօսքը աւարտեց` շնորհաւորելով աշակերտները, որոնք շուտով պիտի կոչուին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի շրջանաւարտներ:

Հանդէսի վերջին բաժինով աշակերտները ստացան իրենց վկայականները` ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ աւարտին իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն եւ ներկաներուն` ըսաւ. «Այս գեղեցիկ հանդիսութիւնը վկայութիւնն է այն իրողութեան, որ հայ դպրոցը կը շարունակէ իր ծոցին մէջ կերտել ու պատրաստել մեր ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի անոնցմով կանգուն մնայ եւ ծաղկի մեր համայնական կեանքը»: Ան նաեւ բարձր գնահատեց ծնողները, որոնք գիտակցաբար ընտրած են հայ դպրոցը իրենց զաւակներուն կրթութեան համար:

Սրբազան Հայրը շարունակեց` ըսելով. «Չենք կրնար միայն արհեստական բանականութեան կամ արհեստագիտութեան յառաջդիմութեան ապաւինիլ. մեզի համար առաջնահերթը մարդն է` իր արժէքներով, նկարագիրով եւ առաքելութեան գիտակցութեամբ, որպէսզի կարենայ բարիք սփռել իր շրջապատին մէջ»:

Ան կոչ ուղղեց, որ ձեռք ձեռքի տուած` մեր բոլոր կարողութիւններն ու միջոցները ի գործ դնենք ի շահ հայ դպրոցին, աջակցինք անոր սրբազան առաքելութեան, պահպանենք զայն իր կոչումին մէջ եւ դարձնենք աւելի արդիւնաւէտ, կենսունակ ու լուսաւոր ապագայ կերտող կրթօճախ մը:

Այս առիթով Տիկնանց խորհուրդի անդամուհիներուն կողմէ շրջանաւարտներուն նուիրուեցան իւրայատուկ թռչնագիր յուշանուէրներ` իւրաքանչիւրին անունին սկզբնատառով, իբրեւ այս յիշարժան օրուան գեղեցիկ յիշատակ:

2025-2026 տարեշրջանի շրջանաւարտներ են`

Ընդհանուր գիտութիւններ` Էտի Ճէրէճեան, Մանուէլ Յակոբեան եւ Սելին  Գայսէլ:
Կենսաբանագիտութիւն` Ճէովաննի Մկրտիչեան եւ Նաթալի Այանեան:
Ընկերա-տնտեսագիտութիւն`  Կարէն Ճէհիզեան, Կերի Տիրացուեան, Շանթ Տեմիրճեան եւ Քեւըն Մանաշեան:
Օտար ծրագիր`  Նաթալիա Աճեմեան եւ Սարին Կիւլեան: