
Հինգշաբթի 11 յունիս 2026-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տօնական եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի 2025-2026 տարեշրջանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը` «Երազանքներու քաղաքը» խորագիրով:
Հանդէսը ներկաները փոխադրեց երազանքներու եւ մանկական անմեղութեան աշխարհ մը. արդարեւ, բեմը վերածուած էր իսկական քաղաքի` գեղեցիկ ձեւաւորումով: «Գիշերուան թագուհի»-ին առաջնորդութեամբ, աշակերտները հանդիսատեսը առաջնորդեցին երազանքներու քաղաք:
Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն ու Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները, հերթաբար բեմ բարձրանալով, ներկայացուցին տարբեր երգեր ու պարեր` հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
Յատկանշական էին Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն արտասանած խօսքերը, որուն ընդմէջէն անոնք ներկայացուցին իրենց նախասիրած ասպարէզները, ըսին, թէ ինչպէ՛ս իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութիւններով պիտի նպաստէ երազանքներու քաղաքին ու զարգացնէ զայն` ճարտարապետէն հասնելով մինչեւ ուսուցիչ, բժիշկ, գիտնական եւ այլ կոչումներ: Անոնց խօսքերը կ՛արտացոլացնէին ոչ միայն իրենց ապագայի երազանքները, այլ նաեւ իրենց պատրաստակամութիւնը` ծառայելու ընկերութեան եւ իրենց գիտելիքներն ու կարողութիւնները ի սպաս դնելու համայնքի զարգացման: Յատկանշական էին նաեւ այն պատգամները, որոնք կը շեշտէին խաղաղութիւն, մաքրութիւն, գիտութիւն, հայրենասիրութիւն եւ մարդկային արժէքները` իբրեւ այն հիմնասիւները, որոնց վրայ պիտի կառուցուի աւելի գեղեցիկ, արդար եւ լուսաւոր ապագան:
Վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները ` ընդգծելով այս օրուան առանձնայատուկ նշանակութիւնը:
Ան նշեց, որ այսօր սրահը լեցուած է ոչ միայն ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ, այլ նաեւ` հրաշքի մը զգացումով, որ կը պատկանի միայն մանուկներու աշխարհին: Ծաղիկ դասարանի փոքրիկները իրենց ներկայութեամբ ապացուցեցին, որ երազանքները թեւեր ունին, եւ իւրաքանչիւր մանուկ իր մէջ կը կրէ լոյս, գոյն եւ ապագայի տեսիլք:
Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան շեշտեց, որ այսօր բեմին վրայ կանգնած են ոչ միայն իրենց առաջին փուլը աւարտող մանուկներ, այլեւ` ապագան. արդարեւ, անոնց փոքրիկ քայլերուն մէջ թաքնուած են մեծ ճամբաներ, իսկ այս մեղմ ձայներուն մէջ պիտի ծնին վաղուան հզօր ձայները: Երազանքները պարզ խօսքեր չեն, այլ սերմեր են, որոնք ժամանակի ընթացքին պիտի աճին եւ դառնան իրականութիւն:
Մանկապարտիզպանուհին ընդգծեց նաեւ, որ տարիներ ետք այս փոքրիկները կրնան դառնալ բժիշկներ, ուսուցիչներ, հայրենիքի պաշտպաններ եւ աշխարհ փոխող մարդիկ, սակայն ամէնէն կարեւորը` անոնք երբեք չկորսնցնեն իրենց երազելու ուժը: Քաղաքները կը կառուցուին քարերով, սակայն ապագան կը կառուցուի երազանքներով:
Խօսքին մէջ ան բարձր գնահատեց ծնողները` որպէս առաջին հիմնասիւները իրենց զաւակներուն երազներուն, ուսուցիչներն ու դաստիարակները` որպէս երազանքներու դարբիններ, տնօրէնութիւնը` իր մնայուն աջակցութեան համար, եւ բարերարները` իրենց նիւթաբարոյական նեցուկին, որուն շնորհիւ կը պահպանուի հայ դպրոցի ու ամբողջ սերունդի մը երազելու իրաւունքը:
Ան իր խօսքը եզրափակեց շնորհաւորելով Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները` մաղթելով անոնց բարի, լուսաւոր եւ կանաչ երթ դէպի նախակրթարան:
Ապա Ծաղիկ դասարանի աշակերտները երեք լեզուներով արտասանեցին իրենց ուղերձները ու երգի կատարումներ ունեցան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման արարողութիւնը` ձեռամբ Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեանի, խնամակալութեան ատենապետ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի եւ վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի:
Վկայականներ ստացան` Էլսա Ֆըսթըքճեան, Ժան Մալիքեան, Լիլիթ Պիլեզիքճեան, Ծիլա Պիլեզիքճեան, Նաթալի Նորընծայեան, Վերոնիքա Ճապանեան, Քրիստ Շիրինեան, Հատի Մըտլեժ, Մաթէա Մանսուր, Մաթէօ Մանսուր, Լէոնարտօ Ալ Հաշեմ:
Աւարտին Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն` շնորհաւորելով աշակերտները, ծնողներն ու ուսուցչական կազմը այս հանդէսին առիթով: Ապա ան անդրադարձաւ հայ դպրոցի դերին` իբրեւ ազգային ինքնութեան կազմաւորման, լեզուի, մշակոյթի եւ արժէքներու պահպանման անփոխարինելի միաւորի, ընդգծելով անոր նշանակութիւնը սերունդներու դաստիարակութեան մէջ:











