Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. «Ռազմիկ Ճուլֆայեան» Փինկ-Փոնկի Սրահի Բացում

 

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, չորեքշաբթի, 5 ապրիլ 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ռազմիկ Ճուլֆայեան» փինկ-փոնկի սրահի բացման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին` սրբազան հօր ներկայացուցիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, Ազգ. վարչութեան Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, բարերար Ռազմիկ Ճուլֆայեան, վարժարանին խնամակալութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի անդամներ, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, ինչպէս նաեւ` միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց վարժարանի կրթական տնօրէն Անի Բագրատունի, որ նշեց, թէ բարերար Ռազմիկ Ճուլֆայեան յաճախած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ մեծ կամքով ու ինքնաշխատութեամբ դարձած է արուեստագէտ եւ գործի տէր անձ մը: Ան դիտել տուաւ, որ երիտասարդ բարերարին վրայ մեծ տաւորութիւն եւ դրոշմ ձգած է քոլեճի նշանաբանը` «Հաւատք, կամք, նուիրում», երեք բառեր, որոնց գործնական թարգմանը դարձած է Ճուլֆայեանը իր արարքներով: Բագրատունի ըսաւ, որ Ռազմիկ Ճուլֆայեանը հաւատացած է հայ դպրոցի կարեւորութեան, զօրաւոր կամքով հասած է յաջողութիւններու եւ անսակարկ նուիրումով բարերարութիւններ կատարած է: Ապա Բագրատունի մէջբերեց բարերարին կողմէ գրուած խօսքը, որ կ՛ըսէր. «Գաղութի մը կենսունակութեան աղբիւրը հայ դպրոցն է: Այսօր հայ դպրոցն է, որ մանուկը եւ պատանին կը դաստիրարկէ որպէս հայ, ազգասէր եւ նուիրեալ, եւ մեր` երիտասարդներուս պարտքն է զօրավիգ կանգնիլ, քաջալերել ոչ թէ խօսքով, այլ նաեւ` գործով: Ո՛վ պատանի եւ երիտասարդ, ո՛ւր որ ըլլաս, ի՛նչ պաշտօնի ալ  արժանացած ըլլաս, յիշէ միշտ, որ այդ բոլորին սկիզբը հայ դպրոցն է: Հպարտ եւ ուրախ եղիր այն բանի համար, որ դուն յաճախած ես հայ դպրոց եւ տակաւին կը յաճախես: Այսօր լիբանանահայութեան կեանքին մէջ մեծ է հայ դպրոցին դերակատարութիւնը հայապահպանման, ազգասիրութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ եւ կրօնի ծանօթացման մէջ`  կրթելու համար գլխագիր Հայը»:

Անի Բագրատունի շեշտեց, որ Ռ. Ճուլֆայեան խոստացած է միշտ զօրավիգ կանգնիլ հայ դպրոցին ու յատկապէս` Ե. Մանուկեան քոլեճին, եւ վարժարանին մեծ ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարին` յաջողութիւն մաղթելով անոր բոլոր ծրագիրներուն:

Աշակերտներուն անունով երախտագիտութեան խօսք արտասանեց Սալբի Սալորեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարին եւ իր նման ազգանուէր հայերուն, որոնք կը հաւատան հայ դպրոցին եւ անոր առաքելութեան:

Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամ Շանթ Ստեփան դիտել տուաւ, որ մարզանքը միտքի առողջութիւն կու տայ եւ մարզասրահները քարաշէն կառոյցներ կը մնան, եթէ չօգտագործուին: Ան ըսաւ, որ նորակառոյց այս սրահն ալ  կ՛ապրի ու անոր կառուցումը կ՛իմաստաւորուի աշակերտներու առաւելագոյն մասնակցութեամբ:

Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ բարերարութիւնը պէտք չէ ունենայ փոխադարձ ակնկալութիւն, եւ Ռազմիկ Ճուլֆայեանը անոնցմէ է, որ տուած է եւ պիտի շարունակէ տալ` հաւատալով հայ դպրոցի դերակատարութեան: Հայր սուրբը ըսաւ. «Մեր պատասխանատուներուն պարտականութիւնն է ջրել բարեբեր հունտերը, որպէսզի գալիքին վայելենք մեր բարերարներուն բարեգործութիւնները»: Գուճանեան  շեշտեց, որ այսօր մեր վարժարանները եւ մեր աշակերտները կարիքը ունին զօրակցութեան, եւ Ռազմիկը օրինակ մըն է, կանչ մըն է, կոչ մըն է` կատարելու բարեգործութիւն եւ կանգնելու հայ դպրոցին կողքին: Եզրափակելով իր խօսքը` Գուճանեան շնորհաւորեց դպրոցի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը եւ մաղթեց, որ Ռազմիկ Ճուլֆայեան շարունակէ իր ծառայողական առաքելութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին կատարուեցաւ ժապաւէնի հատումը, եւ ներկաները շրջեցան սրահին մէջ, ուր աշակերտներ փինկ-փոնկի կարճ «մրցում»-ներ ունեցան Ճուլֆայեանին եւ Գուճանեան ծ. վարդապետին հետ: