Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ծաղկազարդը Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 2 ապրիլ 2023-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց Քրիստոսի Երուսաղէմ հանդիսաւոր մուտքի յիշատակին` հաստատելով, որ իւրայատուկ այս տօնին առիթով մենք ալ հայ եկեղեցւոյ սովորութիւններուն ու աւանդութեան համապատասխանող բարեպաշտ հոգիով, մեր զաւակներուն հետ միասին, այսօր կը հաւաքուինք մեր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի հանդիսաւորապէս նշենք Յիսուսի փառահեղ Երուսաղէմ մուտքին յիշատակը:

«Անկասկած, Ծաղկազարդ անունը հայկական է` իւրայատուկ մեր ժողովուրդին, որ Տիրոջ անցած ճամբան կ՛ուզէ ծաղիկներու գեղեցկութեամբ զարդարուած տեսնել: Այլ խօսքով, տօնական այս առիթով, մեր ժողովուրդը կ՛ուզէ քրիստոնէական առաքինութիւններու գոյնն ու բուրմունքը զգալ իր կեանքին մէջ` քաջ գիտնալով, որ առանց քրիստոնէական կրօնին եւ անկէ մեր կեանքին մէջ ճառագայթող ճշմարտութիւններուն, անյոյս է մեր վիճակը», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը:

Շարունակելով իր պատգամը, Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ աշխարհի մէջ Աստուած կը մնայ  մեր միակ ապահով յենարանը, հետեւաբար, պարտաւոր ենք գեղեցկութիւններով զարդարել ու յարդարել այն ճամբան, ուրկէ կ՛անցնի մեր Տէրն ու Փրկիչը` դէպի մեր սիրտը տանող ուղիներով, շեշտելով, որ Աստուծոյ համար բարի հաւատքը, արդար խորհուրդներն ու մտածումները, ուղիղ գործերը, անայլայլ նկարագիրը, անբիծ սէրն ու վարքը արժանիքներ են:

Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ անկասկած, Ծաղկազարդի տօնին առիթով մեր ուշադրութիւնը դէպի մեր զաւակները ուղղելը հրամայական անհրաժեշտութիւն է ու պահանջ բոլորիս համար, եւ հաստատեց, որ ժամանակները փոխուած են, եւ կ՛ապրինք համեմատաբար աւելի զարգացած եւ աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ, այլ սակայն, բարոյական ու ազգային մարզերու մէջ նահանջ արձանագրելով: Ան ըսաւ, որ մեր զաւակները վաղուան մեր յոյսն են, այսինքն` կեանքէն ունեցած մեր ակնկալութիւններն ու սպասումները  իրականացնող դէմքերն են անոնք, հետեւաբար,  աչալուրջ պէտք է ըլլանք, որպէսզի մեր դաստիարակութեան շնորհիւ անոնք տիրապետեն իրենց քրիստոնէական ու ազգային աւանդին եւ արժէքներուն:

Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց, որ այսօր ժամանակները փոխուած են, սակայն, փաստօրէն, այսօր ալ, մօր նայուածքին տակ, մօր գուրգուրանքով ու աղօթանուէր կրթութեամբ, վստահաբար տարբեր ոճով պիտի մեծնան մեր զաւակները: Ան ըսաւ, որ պէտք է լաւ ըմբռնենք, թէ մեր ժառանգած ազգային ու կրօնական սովորութիւններուն մէջ պիտանի բաներ կան, որոնց պէտք ունինք այսօր: Արդարեւ,  ոչ միայն Ծաղկազարդի առիթով, այլեւ` ամէն օր, պէտք է խստապահանջութեամբ հսկենք, որ մեր զաւակները սրբութեան զգացումով հասակ առնեն, հաւատարիմ հետեւողները ըլլան մեր եկեղեցւոյ հաւատալիքներուն  եւ հաւատարիմ զաւակները մեր ազգին, որպէսզի հաւատքով ոտքի մնանք եւ հոգեղէն արժէքներով պաշտպանենք մեր համայնական ու եկեղեցական կեանքը:

Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, կազմուեցաւ մանուկներու թափօրը, որ շրջեցաւ եկեղեցւոյ շրջակայքը: