Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2016 Տարեշրջանի Առաջին Նիստի Գումարում

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 3 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն:

Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Յակոբ Լատոյեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Առաջնորդ Սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք ժողովի ատենապետը ըստ օրակարգի կատարեց երեսփոխանական ժողովի նախորդ երկու նիստերու ատենագրութեանց քննարկումը եւ վաւերացումը: Այնուհետեւ ներկայացուեցան Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան երկամեայ գործունէութեան տեղեկագիրները եւ կատարուեցաւ անոնց քննարկումը:

Հաշուեքննիչ յանձնախումբի զեկուցումին յաջորդեց 2015 տարեշրջանին իրականացած հաշուեկշիռի ներկայացումը եւ քննարկումը, նաեւ 2016 տարեշրջանի նախահաշիւ-պիւտճէի ներկայացումը եւ հաստատումը:

Այնուհետեւ առիթ տրուեցաւ ժողովականներուն առաջարկներ ներկայացնելու եւ թելադրութիւններ կատարելու նոր ընտրուելիք Ազգային վարչութեան:

Աւարտին տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի, Ազգային վարչութեան, հաշուեքննիչ յանձնախումբի եւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի դիւանի ընտրութիւնները:

Կրօնական ժողովի անդամներ ընտրուեցան Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան, Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեան, Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան, Նարեկ քհնյ. Հեճինեան:

Ազգային վարչութիւն (Քաղաքական ժողով)` տոքթ. Էլի Թաշճեան, Յակոբ Լուսարարեան, Հրայր Խաչատուրեան, Րաֆֆի Խուտավերտեան, Յովիկ Կէօզիւպէօյիւքեան, Յակոբ Գ. Հաւաթեան, Ալեքսան Մուրատեան, Հիլտա Պայրամեան, Վերա Պչաքճեան, Ալեքսան Ջուլհաճեան, Սիւզի Սեմերճեան, Սալբի Սիմիթեան, Մարտիկ Տեմիրճեան:

Հաշուեքննիչ յանձնախումբ` Արա Հացագործեան, Շանթ Յարութիւնեան, Մարկոս Սնապեան:

Ազգային երեսփոխանական ժողովի դիւան` Գառնիկ Մկրտիչեան, Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Խաժակ Այնթէպլեան, Սիլվա Փափազեան:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Շահէ Եպս․ Փանոսեան։ Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց, որ հաճելի էր ընթացաւարտ Ազգային վարչութեան հետ աշխատիլը` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւրը իր կարելիութենէն աւելին փորձեց տալ, որուն համար շնորհակալական եւ գնահատական խօսք ուղղեց անոնց: Սրբազանը նաեւ գնահատեց Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներուն եւ յանձնախումբերուն աշխատանքը` մաղթելով, որ յառաջիկային անոնք հաւաքական ճիգով կարենան իրականացնել իրենց վստահուած բոլոր աշխատանքները: Սրբազան Հայրը նաեւ գնահատեց Ազգային երեսփոխանական ժողովին անդամները իրենց մասնակցութեան եւ եռանդին համար եւ յոյս յայտնեց, որ հաւատքով, համբերութեամբ եւ աշխատանքով կարենան դիմագրաւել եւ յաղթական դուրս գալ բոլոր դժուարութիւններէն:

Ժողովը փակուեցաւ Սրբազան Հօր պահպանիչով:

27343057622_3c6203e8eb_o (1)