Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Նորակառոյց Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մասին Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին Յայտարարութիւնը

Ուրախ ենք յայտնելու, որ Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքները գրեթէ հասած են իրենց աւարտին եւ շուտով ընթացք պիտի առնեն նաեւ կահաւորումի եւ ներքին դասաւորումներու աշխատանքները:

Այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք տարբեր հանգրուաններուն ընթացքին համալիրի կառուցման աշխատանքներուն մասնակցութիւն բերած իրերայաջորդ շինարարական յանձնախումբերու բոլոր անդամներուն եւ գործին աջակցող ազգայիններուն, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան: Սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ ցարդ կատարուած բարերարութիւններուն համար, որոնց մասին անհրաժեշտ մանրամասնութիւններ կը հրապարակենք հետագային:

Առ այդ, նկատի ունենալով Ազգային ուսումնական խորհուրդի տեսակէտն ու այս իմաստով Համալիրի խորհրդատու մարմինին ու Ազգային առաջնորդարանիս տարբեր խորհուրդներուն կողմէ ներկայացուած առաջարկներն ու պարզուած կարծիքները, Ազգային վարչութեան կողմէ վերամուտի թուական ճշդուեցաւ սեպտեմբեր 2017-ը:

Մինչ այդ, իբրեւ սկիզբ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական քոլեճի, Քառասնից Մանկանց, Աբգարեան եւ Աքսոր Գասարճեան վարժարաններու միաւորման գործընթացին, որոշուեցաւ, որ 2016-2017 կրթական  տարեմուտէն սկսեալ,  նոր համալիրը սկսի օգտագործուիլ վերոնշեալ  չորս վարժարաններու արտադասարանային հաւաքներուն եւ հանդիպումներուն համար:

2016-2017 կրթական տարեմուտի հանգրուանին, կը նշանակուի նաեւ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը, կը ձեւաւորուին ուսուցչական եւ վարչական կազմերը եւ կը յառաջանայ հոգաբարձութիւնը, որպէսզի միաւորուող վարժարաններու տնօրէնութեանց գործակցութեամբ, տարեշրջանի ընթացքին բնական կերպով լրումի հասնի վարժարաններու միաւորման գործընթացը:

Յոյսով ենք, որ շուտով կը ճշդուի ու կը հրապարակուի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ տեղի ունենալիք Ազգային միացեալ վարժարանի պաշտօնական բացման հանդիսութեան թուականը: Վերոյիշեալ առիթով սկիզբ պիտի առնեն նաեւ հանգանակային զանազան նախաձեռնութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել ժողովրդային ամբողջական մասնակցութիւն:

Այս առիթով կու գանք նաեւ տեղեկացնելու, որ առ ի երախտագիտութիւն կրթական ասպարէզին մէջ մեր ազգի բարերարներուն կատարած երախտաշատ աշխատանքին, նախկին վարժարաններու բարերարներուն անունները պիտի ունենան իրենց արժանի յիշատակութիւնը Ազգային միացեալ վարժարանի համալիրին մէջ: Նաեւ, միաւորման ենթակայ վարժարաններու կալուածները շահարկելու ու կրթական մեր աշխատանքներուն աջակից եկամտաբեր ծրագիրներու վերածելու հեռանկարով, Ազգային վարչութեան կողմէ պիտի յառաջանայ յատուկ մարմին մը, որ ուսումնասիրելով կարելիութիւնները պիտի առաջադրէ իրագործելի ծրագիրներ:

Վերջապէս, վստահ ըլլալով, որ գաղութային մեր կեանքի աշխուժացման ու մասնաւորաբար Պուրճ Համուտի շրջանի հայեցի դիմագիծի ամրապնդման հոլովոյթին մէջ Ազգային միացեալ վարժարանը պիտի ունենայ հիմնական եւ վճռադրոշմ դերակատարութիւն, կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդին միահամուռ եւ բոլորանուէր մասնակցութեամբ ապահովելու կրթական այս նոր հիմնարկի ճառագայթուն եւ արդիւնաշատ առաքելութիւնը:

Ուրբաթ, 3 յունիս 2016