
Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի:
Հանդիսութեան սկիզբը աւարտական դասարանի 12 շրջանաւարտները ծափողջոյններով դիմաւորուելէ ետք բեմ բարձրացան եւ ներկայացուցին Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգները: Քայլերգներէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանի դաստիարակ եւ հայ գրականութեան ուսուցիչ Մատլէն Էզաճեան-Վարդանը, որ կոչ ուղղեց աշակերտներուն` ըլլալ բա՛րձր ինչպէս Մասիսը` իրենց նկարագիրին ու երազանքներուն մէջ, ըլլալ հաստատուն ինչպէս Մասիսի հիմերը` իրենց ինքնութեան եւ արմատներուն մէջ եւ ըլլալ մաքո՛ւր ինչպէս Մասիսի ձիւնափառ գագաթը` իրենց միտքերուն ու գործերուն մէջ:
«Մի՛ վախնաք բարձրութենէն, դուք ծնած էք գագաթներ նուաճելու համար… Ձեր մէջ կայ այն նոյն կայծը, որով մեր սուրբերը մագաղաթներ գրեցին ու մեր ֆետայիները լեռները սասանեցին…»:
Բացման խօսքէն ետք աշակերտները հանդէս եկան «Արարատը` մեր ուխտը, մեր ապագան» թեմայով` անհատական խօսքերով, նուագով, ասմունքներով ու խմբերգներով:
Բեմական պատկերը կը ներկայացնէր Արարատը տարբեր իրավիճակներու մէջ:
Նախ` Արարատը ներկայացուեցաւ իբրեւ սուրբ լեռ, որուն վրայ իր խաղաղութիւնը գտաւ Նոյեան տապանը, եւ անոր լանջերուն բացուեցաւ մարդկութեան նոր լուսաբացը: Այս բաժինին մէջ աշակերտները հանդէս եկան անհատական ու խմբային խօսքերով, ապա` նազպարով մը: Նազպարէն ետք ցուցադրուեցաւ շրջանաւարտներու սեփական գրիչով գրուած, երաժշտութիւն դարձած ու իրենց ձայներով երգուած` «Արարատի կարօտով» երգը: Ջրհեղեղի պատկերէն ետք Արարատը ներկայացուեցաւ իբրեւ դիմադրութեան ոգի ու պայքարի ներշնչարան. հոս` Արարատի կողքին, աշակերտները Լիբանանի ու անոր դափնեպսակ Սաննինի գովքը հիւսեցին` հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով, շեշտելով Լիբանանի իւրայատուկ դերը` գաղթական հայ ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու եւ անոր համար երկրորդ հայրենիք դառնալու իրողութիւնը: Այսպէս, եթէ Արարատը մեզի տուաւ արմատ ու հպարտութիւն, ապա Սաննինը` թեւեր ու նոր երազանքներ:
Այս ոգեշունչ պատկերէն ետք, աշակերտները չորս տարբեր նուագարաններով նուագեցին «Ախպերս ու ես»-ը, որմէ ետք բեմէն իջնելով` ողջագուրուեցան իրենց ծնողներուն հետ եւ անոնց յանձնեցին մէկական յուշանուէրներ` իբրեւ երախտագիտութիւն:
Յայտագիրին երրորդ մասին մէջ աշակերտները բեմականացուցին շղթայուած Արարատի պատկերը, երբ երկու աշակերտներ բեմէն իջնելով` բանտարկեցին զայն փշաթելերու ետին: Աշակերտները իրենց խօսքերով ու ասմունքի կտորներով եկան ըսելու, որ եթէ քարտէսով թուրքին է Արարատը, ապա խորքով մերն է, եթէ մարմինը թշնամիին աչքին տակն է, ապա հոգին մեզի կը պատկանի: Խօսքերու այս հակասութիւնները յանգեցան «Արարա՛տ, քո անունով» երգին, երբ աշակերտները մեծ յուզումով նուագեցին ու երգեցին զայն: Յայտագիրին չորրորդ բաժինը կապ ունէր Հայաստանի մէջ նոր որոշում կայացուած` Արարատի պատկերին հետ, որուն նկարը ջնջուեցաւ մեր անցագիրներէն: Հոս մեծ բողոքով ու պոռթկումով հանդէս եկան կարգ մը աշակերտներ` ըսելու համար, որ ո՛չ մէկ թուղթ կրնայ սահման գծել հոգիին համար ու ո՛չ մէկ գրիչ կրնայ ջնջել այն, ինչ Աստուած գրած է մեր ճակատին. «Արարատը չի ջնջուիր մեր արիւնէն…»:
Բեմականացման հինգերորդ բաժինը Արարատի վերադարձի ուխտն էր, անոր կատարին հասնելու պատրաստակամութիւնը: Վերջապէս, աւարտը արդէն ամբողջ բեմականացման գագաթնակէտն էր, երբ շրջանաւարտները ուխտեցին ըլլալ Արարատին հաւատարիմ ժառանգորդները` տէր կանգնելով մեր լեզուին, մեր պատմութեան, մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն եւ, այսպէս, բեմէն իջնելով` քանդեցին Արարատը բանտարկող այդ փշաթելերը ու անոր գագաթին կոթողեցին եռագոյն դրօշը: Պահը զգայացունց էր, միաժամանակ` գօտեպնդիչ, երբ պատկերը ցոյց տուաւ, որ գալիք սերունդներն են, որ օր մը ետ պիտի առնեն Արարատը թուրքին ձեռքէն ու կոթողեն եռագոյնը անոր գագաթին: Բեմական պատկերը փակուեցաւ «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» խմբերգով:
Բեմական պատկերէն ետք տեղի ունեցաւ վահանի յանձնում: Կրեկորի Հալլաճեան եւ Մեղեդի Խաչատուրեան վարժարանի վահանը յանձնեցին տասնմէկերորդ դասարանի աշակերտներուն` Յովիկ Չերչեանին ու Աննա Մարիա Սինանեանին, որոնք, իրենց կարգին, խոստացան դպրոցական «կտակ»-ին տէրը դառնալ ու իրենց աշխատունակ ոգիով ու տիպար կեցուածքով վարժարանին անունը միշտ բարձր պահել:
Յաջորդեցին հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով արտասանուած ուղերձները` շրջանաւարտներ Նազօ Պետիկեանի, Մեղեդի Խաչատուրեանի եւ Քրիսթել Շէնզեանի կողմէ: Ուղերձները իւրայատուկ էին անով, որ շրջանաւարտները արժեւորեցին հայ դպրոցը, անոր սրբազան առաքելութիւնն ու հայակերտ դերը` «Հայ աշակերտ ըլլալը պատի՛ւ է, միաժամանակ մեծ պատասխանատուութիւն», ըսաւ Նազօ Պետիկեան: Ապա, իրենց շնորհակալական խօսքերը արտասանելէ ետք իրենց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան, անոնք խոստացան Արարատի հաւատարիմ ժառանգորդները ըլլալ ու իրենց ազգային արժէքներուն տէր կանգնիլ: «Սիրելի՛ դասընկերներ, այսօր մենք կանգնած ենք Արարատի բարձունքին. մեր ետին` դպրոցական տարիները ու մեր դիմաց` անհունն ու անյայտը: Բայց ո՞վ ըսաւ, որ Արարատի ժառանգորդներս չենք կրնար բարձունքներ նուաճել, երբ հայ դպրոցի շունչով մեծցանք այստեղ»:
Ուղերձներուն յաջորդեց տնօրէնութեան խօսքը, զոր արտասանեց վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեանը. «Այս օրերուն, երբ մեր շուրջը դիւրինը, երեւութականն ու անցողիկը սկսած են արժէքի վերածուիլ, որքա՜ն յուսադրիչ է բնականը, դժուարը, մնայունը եւ, հետեւաբար, հայկականը ընտրելու ու հայ դպրոցով ապրելու որոշումը»: Ապա ան իր երախտագիտական խօսքը յղեց բոլոր անոնց, որոնք հայ դպրոցի սնուցման ու ամրապնդման մէջ իրենց բաժինը բերին կամ կը բերեն` սրբազան հօր, Ազգային իշխանութիւններուն, դպրոցի պատասխանատու մարմիններուն, խնամակալութեան, բարերարներուն, միութիւններուն ու հաստատութիւններուն, ուսուցչական կազմին, ծնողներուն ու աշակերտութեան: «Շնորհակալ ենք, որ հայ դպրոցով ապրելու հպարտութիւնը կը պարգեւէք մեզի եւ ձեր հովանին միշտ անպակաս կը պահէք Ազգային Միացեալ վարժարանին վրայ», ըսաւ ան:
Ապա տնօրէնը իր խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն` ըսելով. «Այս յարկէն ներս դուք սորվեցաք ըլլալ իրաւ հայ ու քրիստոնեայ մարդ, որ գիտէ արժեւորել բարին ու գեղեցիկը, յարգել արժանաւորը ու մերժել վատը: Մնացէ՛ք քաջ, բայց` ազնիւ: Երբեք մի՛ վհատիք եւ հաստատակամութեամբ դիմագրաւեցէ՛ք կեանքի դժուարութիւնները»:
Տնօրէնութեան խօսքէն ետք կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` միջնակարգի եւ երկրորդական կարգի փայլուն արդիւնքներ ձեռք բերած աշակերտներուն, որոնք ստացան գնահատագիրներ ու նիւթական պարգեւներ: Այսպէս, այս տարի վարժարանը ունեցաւ տասնչորս տարբեր մրցանակներ, որոնք յատուկ չափանիշներով բաժնուեցան աշակերտներուն: Նախապէս հաստատուած հայագիտական նիւթերու «Գեղանի Էթիէմեզեան յիշատակի ֆոնտ»-ի մրցանակին արժանացան շրջանաւարտներէն` Վանայ Աւետիսեան (Հայոց պատմութիւն) եւ ԺԱ. կարգէն` Յովիկ Չերչեան (հայերէն): «Պօղոս Էզաճեան յիշատակի ֆոնտ»-ի նիւթական պարգեւը տրամադրուեցաւ երկու աշակերտներու` վարժարանի բարձրագոյն միջինը ապահոված Նուշիկ Էլէյճեանին (Ը. կարգ) եւ վարժարանի տիպար աշակերտի տիտղոսին արժանացած Աննա Մարիա Սինանեանին (ԺԱ.):
Նոր հաստատուած մրցանակներէն` «Մհեր Ջուլհաճեան» բնագիտութեան եւ «Մհեր Ջուլհաճեան» թուաբանութեան երկու մրցանակները ստացաւ գիտական այս նիւթերուն մէջ բարձրագոյն միջինը ապահոված շրջանաւարտ Նազօ Պետիկեանը:
«Ժաք Վէքիլեան» կենսաբանութեան մրցանակին արժանացաւ Նուշիկ Էլէյճեանը:
«Յովսէփ Խաչերեան» արաբերէն լեզուի մրցանակին արժանացաւ դարձեալ Նուշիկ Էլէյճեանը:
«Մարօ Գանտահարեան» անգլերէն լեզուի մրցանակին` Սառա Գարավարդանեանը (ԺԱ. գրական): «Սեպուհ Խտրլարեան» երեք լեզուներու բարձրագոյն միջինը ապահոված աշակերտը, որ մրցանակի արժանացաւ, դարձեալ Յովիկ Չերչեանն էր:
Վարժարանի «Եղիկ Գայայեան» ընկերասիրութեան մրցանակը ստացաւ Սագօ Ղուկասեանը (BT1), իսկ «Սեպուհ Խտրլարեան» ծառայասիրութեան մրցանակը` Լոռի Այնէճեանը (ԺԱ.), իսկ կրօնի «Սագօ Ղազարեան» մրցանակին արժանացաւ Ը. կարգէն Միքայէլլա Թոսունեան: Վերջապէս, աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջինի մրցանակը ստացաւ Նազօ Պետիկեանը:
Մրցանակաբաշխութեան յաջորդեց վկայականաց բաշխումը, որ կատարուեցաւ ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, խնամակալութեան ատենապետ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի: Վկայական ստացան ԺԲ. դասարանի կենսագիտական բաժինէն` Աւետիսեան Վանայ, Խաչատուրեան Մեղեդի, Հալլաճեան Կրեկորի, Պետիկեան Նազօ, Սէրայտարեան Աննա: ԺԲ. դասարանի տնտեսագիտական բաժինէն` Թոփուսքանեան Գէորգ, Թամթամի Մակի, Իսա Աննա Մարիա, Մանաքեան Լիւսի, Մկրտիչեան Փաթիլ, Շէնզեան Քրիսթել եւ Սալպաշեան Մեղրի:
Հանդիսութեան աւարտին իր պատգամը յղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ նախ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ այս տագնապալից պայմաններուն մէջ անգամ կրցանք հաւաքաբար նշել տարեփակի այս ուրախ առիթը` հայ դպրոցի ամավերջի հանդէսը: Ապա ան իր գնահատանքը յայտնեց հայ ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները հայ դպրոցին վստահելով` առիթ եւ պատճառ կը հանդիսանան, որ հայութիւնն ալ ուրախանայ ու հպարտանայ իր երիտասարդ ուսանողներու փաղանգով: Ապա սրբազան հայրը պարտաւորութիւն դրաւ շրջանաւարտներու ուսերուն, որ իրենց ստացած գիտելիքները ապագային պէտք է գործադրեն մեր համայնական կեանքէն ներս: «Կը սպասենք բոլորդ եւ կը յուսանք, որ յառաջիկայ կեանքի պայմաններուն մէջ չշեղիք ձեր ճանապարհէն, այլ անկասկած մնաք մեր ժողովուրդի հարազատ զաւակները` բանիւ եւ գործով»: Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ հայ դպրոցի դիմագրաւած մեծագոյն տագնապին, որ հայ դպրոցին հանդէպ մեր ժողովուրդի զաւակներուն գիտակցութեան փոփոխութեան խնդիրն է. «Օրըստօրէ օտարամոլութիւնը սկսած է բոյն դնել մեր կեանքէն ներս: Վերջին տասնամեակին լիբանանահայութեան մեծագոյն իրագործումներէն մին այս վարժարանի կառուցումն էր. այս հսկայ կառոյցը այսօր պէտք է հայ աշակերտութեամբ յորդէր, բայց, ինչպէս գիտէք ցաւօք այդպէս չէ պատկերը…», եւ աւելցուց. «Այդ ցանկալի պատկերին հասնելու բաղձանքով` կը մաղթեմ, որ մեր ժողովուրդը սթափի, մասնաւորապէս զգաստութեան հրաւիրենք գիտակցութիւնը, որովհետեւ հայ դպրոցը մեր կեանքը պաշտպանող վահան է. այդ վահանն է, որ այս յարկէն ներս կը պահէ այն բոլոր արժէքները, որոնցմով մեր կեանքին յարատեւութիւնը կ՛ապահովուի: Առանց այդ բոլորին` վստահաբար ձեռնունայն կը մնանք մենք աշխարհի մը դիմաց, որ յարափոփոխ է եւ օտարոտի: Իսկ այս բոլորով կը մնանք կանգուն ու ամուր»:
Վերջապէս, ան գնահատեց հայ կրթութեան սրբազան գործին իրենց ներդրումը բերող հայ դաստիարակն ու ուսուցիչը, նուիրատուները, մէկ խօսքով` բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան հայ դպրոցի առաքելութեան ու անկէ կ՛ակնկալեն փայլուն արդիւնքներ:
Վերջապէս, խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` սրբազան հայրը ըսաւ. «Աստուած պահէ ձեզ, բարի՛ երթ ու բարի՛ աշխատանք` յառաջիկայ ձեր կեանքէն ներս»:



