Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Հռիփսիմեանց Տօնին Առիթով. Աղօթքի Շաբաթ Եւ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, եւ մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, 25 մայիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին,  Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնի նախօրեակին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակի բացօթեայ խորանին դիմաց կատարուեցաւ աղօթքի շաբթուան բացում եւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ:

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ թեմի կեանքէն ներս հաստատուած տարիներու գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, հաւաքուած ենք Սրբոց Հռիփսիմեանց յիշատակին առիթով, որ մեզ Հայոց պատմութեան հետ շաղկապող պահ է, աւելցնելով, որ ըստ պատմութեան, 301 թուականին քրիստոնէական հաւատքին համար Հայաստանի հողին վրայ առաջին անգամ նահատակուեցան Հռիփսիմեանց կոյսերը, որոնք Հռոմէն խոյս տուած էին իրենց հաւատքը պաշտպանելու համար: Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ անցեալին հայոց աշխարհին մէջ քրիստոնէական կրօնին համար քաջաբար մարտնչողներ եւ նահատակներ ունեցած ենք եւ զիրենք կը յիշենք, որպէսզի իրենց օրինակով մեր կեանքին խրախոյս բերենք, նաեւ մեր հաւատքին զօրութիւն շնորհենք: «Սուրբերը հաւատքի ախոյեաններ են: Անոնք ներկայ են մեզի հետ այս աշխարհէն ներս, բայց նաեւ Աստուծոյ մօտ են` մեզի համար բարեխօս, յաւերժօրէն կենդանի», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ անոնք միայն յիշատակ չեն, այլ պէտք է ապրին եւ արտայայտութիւն գտնեն շնորհիւ անոնց, որոնք այս աշխարհի պայմաններուն մէջ կը փորձեն երբեմն հոսանքն ի վեր թիավարելով` հաւատք պահել, քրիստոնէավայել կեցուածք ցոյց տալ, զոհել եւ զոհաբերել, որպէսզի կեանքէն ներս պաշտպանուի եւ յարատեւէ այն, ինչ որ Աստուծոյ շնորհքն է` պարգեւը, մեր կեանքին համար ձրիօրէն մեզի ընծայուած, որպէսզի մենք մեզ անցաւոր այս աշխարհի պայմաններէն կարողանանք ուղղել դէպի յաւիտենականը:

Շարունակելով իր քարոզը` Սրբազան Հայրը յիշեցուց, որ Սրբոց Հռիփսիմեանց խորանին վրայ ունինք սրբոց մասունքէն նշխար մը, որպէսզի այդ նշխարով մենք եւս սրբութիւն բերենք մեր կեանքին եւ յիշենք մասնաւորաբար ներկայ նիւթապաշտ ժամանակներու մէջ, թէ արդարեւ մեզի հետ ունինք մեր սուրբերը` իբրեւ բարեխօս Աստուծոյ մօտ, ինչպէս նաեւ` մեզի համար կեանքի օրինակ, որպէսզի իրենց նայելով խրախուսուինք եւ խրախոյս բերենք մեր կեանքին, ինչպէս նաեւ իրենց սրբութեան օրինակով սրբութիւն պահենք եւ պաշտպանենք մեր առօրեայէն ներս, մեր տուներուն մէջ, մեր համայնական կեանքի պայմաններէն ներս:

Յայտնենք, որ 26, 27, 28 եւ 29 մայիս երեկոյեան ժամը 6:30-ին նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցան երեկոյեան ժամասացութիւն եւ հոգեւոր խորհրդածութիւն` հետեւեալ նիւթերով.  երեքշաբթի, 26 մայիսին, խորհրդածութեան նիւթ` «Քրիստոնեայ հաւատացեալը», որ ներկայացուց Յակոբ Ա. քհնյ. Պզտիկեան, չորեքշաբթի, 27 մայիսին խորհրդածութեան նիւթ` «Աստուծոյ խօսքը մեր ամէնօրեայ հացը պէտք է ըլլայ», որ ներկայացուց Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան, հինգշաբթի, 28 մայիսին խորհրդածութեան նիւթ` «Միշտ աղօթել առանց վհատելու», որ ներկայացուց Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան,  ուրբաթ, 29 մայիսին խորհրդածութեան նիւթ` «Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնը առիթ վերանորոգման», որ ներկայացուց Սուրէն քհնյ. Արսլանեան: Իսկ երկուշաբթի, 1 յունիսին, նախագահութեամբ Սրբազան հօր եւ մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, պիտի մատուցուի սուրբ պատարագ, եւ պիտի կատարուի ջրօրհնէք Հռիփսիմեանց մասունքով: