Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Հովանաւորութեամբ` Սուրիահայ Աշակերտներու Եռամսեայ Դասընթացքի Բացում` Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճին Մէջ

Նախորդ տարիներու յաջողութենէն քաջալերուած, ուրբաթ, 18 նոյեմբերի յետմիջօրէին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (MECC) հովանաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ բացումը սուրիահայ աշակերտներու կրթական դասընթացքին:

Յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով կազմակերպուող այս դասընթացքը կը նպատակադրէ շաբաթավերջերու անվճար դասընթացքներով օգնել Լիբանան ապաստանած սուրիահայ աշակերտներու կրթական դժուարութիւններու յաղթահարման: Դասընթացքին կը մասնակցին Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքի հայաշատ թաղերուն մէջ ապրող, 6-16 տարեկան 180 պատանիներ, որոնք կը յաճախեն զանազան վարժարաններ:

Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին եւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին գործակցութիւնը ընթացք կ՛առնէ 2013-ին, երբ կը կազմակերպուի սուրիահայ աշակերտներու առաջին դասընթացքը` 60 աշակերտով, այնուհետեւ փորձառութիւնը կը կրկնուի յաջորդող տարիներուն` 90, 150, իսկ այս տարի` 180 աշակերտներով, որոնք տարիքային համապատասխան բաժանումներով կը հետեւին անգլերէնի, ուսողութեան, գիտութեան, ընդհանուր զարգացման յատուկ դասանիւթերու: Անոնք կը կիրարկեն նաեւ տարբեր մարզախաղեր եւ արուեստի պահերու միջոցով կը ջանան գտնել գաղթականի իրենց ընկերային-հոգեբանական տագնապները արտաբերող եւ զիրենք հանգստացնող ձեւեր:

Այս տարուան դասընթացքին բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ներկայացուցիչներ Սամեր Լահհամ եւ Նինա Հալլաք, «Գարակէօզեան» հիմնարկի տնօրէն Սերոբ Օհանեան եւ դասընթացքին մասնակցող աշակերտներն ու ծնողները:

Այս առիթով խօսք առաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ յայտնեց, որ դասընթացքին նպատակն է դաստիարակչական օժանդակ ծրագիրներով` Լիբանան ապաստանած սուրիահայ աշակերտներուն կրթական դժուարութիւններուն լուծումներ գտնել, ընտելացնել զանոնք իրենց նոր միջավայրին եւ նպաստել, որ անոնք կրթական բարեյաջող ընթացք մը ունենան:

Վիգէն Աւագեան դասընթացքին իրականացման համար շնորհակալութիւն յայտնեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին, որ ստանձնած է եռամսեայ ծրագիրին նիւթական հովանաւորութիւնը եւ «Գարակէօզեան» հիմնարկին, որուն աջակցութեամբ կարելի եղած է համախմբել այսքան մեծաթիւ սուրիահայեր` կրթական օգտաշատ նպատակով:

Իր խօսքին աւարտին, տնօրէն Վիգէն Աւագեան ծանօթացուց դասընթացքին պատասխանատու անձնակազմը եւ հրաւիրեց դասընթացքին մասնակից կրտսերագոյն ներկայացուցիչները, որպէսզի ծաղկեփունջով մը իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեն Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ներկայացուցիչներուն:

Ապա, խօսք առաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ներկայացուցիչ Սամեր Լահհամ եւ իր գնահատանքը յայտնեց Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէնութեան, որ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով, բծախնդրութեամբ եւ լրջութեամբ կ’իրականացնէ նման ծրագիրներ` տարուէ տարի արձանագրելով մասնակիցներու թիւի աճ եւ ծրագիրներու որակի բարելաւում: Լահհամ մաղթեց, որ սուրիական տագնապը վերջ գտնէ եւ բոլորը իրենց տուներն ու դպրոցները վերադառնան հանգիստ սրտով:

Այս առիթով, իր սրտի խօսքը փոխանցեց «Գարակէօզեան» հիմնարկի տնօրէն Սերոբ Օհանեան, որ խօսեցաւ հիմնարկին եւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին միջեւ ծաւալած գործակցութեան մասին եւ ըսաւ, որ ընկերային ու կրթական գործերը իրարու կ’ամբողջացնեն եւ իրարու յաջողութեամբ պայմանաւորուած են: Ան յաջողութիւն մաղթեց դասընթացքի աշխատանքներուն եւ կրթական յաջող եռամսեակ մը ցանկաց ներկայ աշակերտներուն:

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինէն ետք, ներկայ մանուկները խանդավառեց «Ծիածան» մանկապատանեկան խումբը, որ երգերով, պարերով եւ խաղերով շուրջ ժամ մը զուարճացուց բոլորը: