Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Անուանակոչութիւն Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ 

001-St.Sarkis Anvanagotchutyun (7)

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 24 յունուար 2016-ին։ Առաւօտեան Արագածի ակումբին մօտ  տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի «Ազիրեան» ակումբ, ապա Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր առաջնորդ սրբազանը մատուցեց Ս. պատարագ:

Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը լուսարձակի տակ առնելով Ս. Սարգիս զօրավարի կեանքը ըսաւ, որ ան 4-րդ դարուն ապրած սուրբ մըն էր, ծագումով յոյն, որ իր կատարած քաջագործութիւններուն շնորհիւ Հռոմէական կայսրութեան մէջ ինքզինք հաստատած էր եւ իրեն յանձնուած էր Կապադովկիոյ ղեկավարութեան կարեւոր գործը:

Առաջնորդ սրբազանը հարց տուաւ, թէ ներկայիս ինչպիսի՞ հաւատքով եւ գիտակցութեամբ կը պահենք նուիրական սրբութիւնները, աւանդները, զորս ժառանգեցինք մեզ նախորդող սերունդներէն: «Մեր նախահայրերը այս աշխարհի տագնապներուն մէջ փնտռեցին ու գտան այնպիսի արժէքներ, որոնք իրենց յաւիտենական կեանք պարգեւեցին: Անոնք սրբութիւն փնտռեցին եւ սուրբ պահեցին իրենց կեանքը», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ 4-րդ դարէն ի վեր կը պահենք յիշատակը Ս. Սարգիսի եւ իր հետեւորդներուն, որովհետեւ անոնք մեզի կը ներկայանան իբրեւ հաւատքի ախոյեաններ: Շահէ եպս. Փանոսեան ըսաւ, որ սուրբերը մեր կեանքին մէջ կ՛ապրին ոչ իբրեւ անցեալի յիշողութիւն, այլ` իբրեւ ուղեցոյց եւ առաջնորդութիւն մեր կեանքերուն համար: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ «Ազիրեան» ակումբի սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Գէորգ Թղըլեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ տօները առիթ են անդրադառնալու մեր առաքելութեան եւ թօթափելու մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն նկատմամբ անտարբերութիւնը` աւելցնելով, որ եկեղեցին հարազատ տունն է բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք կառչած կը մնան անոր եւ կը ծառայեն առանց վարանելու:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ, որ այսօր տօնական օր է, կրօնական սուրբի տօն է, սակայն մեզի համար կրօնական տօները նաեւ ազգային նշանակութիւն ունին` աւելցնելով, որ եթէ Սիսի թաղամասին մէջ Ս. Սարգիս իր անունով եկեղեցի ունի, բայց նաեւ ան պաշտպանն է այս թաղամասին եւ շրջակայ թաղերուն:

Երեսփոխան Բագրատունի խօսքը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ. «Դուք ժառանգորդներն էք այս թաղամասին մէջ այն հայերուն, որոնք իրենց ուսին վրայ քար, աւազ եւ տախտակ կրելով կառուցեցին եկեղեցի, ակումբ, միութիւն: Այս թաղամասերը կառուցուեցան աղաներով, բանուորներով, մեծատուներով եւ շինականներով, բայց բոլոր թաղեցիներուն մասնակցութեամբ: Բոլորս միասնաբար պարտաւոր ենք այդ ժառանգը կանգուն պահել. բ) Դուք ժառանգորդներն էք այս թաղամասերու պաշտպանութեան համար ինկած մեր նահատակներուն. Արագածէն մինչեւ Սիս, մինչեւ ժողովրդային բնակարաններ: Այս շրջանները եղան առաջին պարիսպը մեր հայկական դիմագիծի պահպանման: Այդ նահատակները ինկան մեր շրջանը պաշտպանելու համար. մեր հայկականութիւնը քանդելու, մեր ազատ կամքը ոտնակոխ ընելու, մեր ինքնուրոյն դիմագիծը հարուածելու ձգտումներուն դէմ, եւ մենք պարտաւոր ենք յարգելու անոնց նահատակութիւնը: Անոնք արեամբ պաշտպանեցին մեր շրջանները պատերազմի օրերուն: Խաղաղութեան օրերուն մենք այս շրջանները կը պարպենք շահադիտական ձգտումներով: Մենք` այսինքն` Սիս, Արագած, շրջակայ թաղամասեր եւ լիբանանահայութիւնը ամբողջ, պարտաւոր ենք մեր շրջանները պահել հայահոծ. գ) Հայկական աւանդները պէտք է պաշտպանուին այս շրջաններուն մէջ, այնպէս ինչպէս գեղարուեստական յայտագիրին մասնակիցները սքանչելի կերպով ներկայացուցին հայկական աւանդը եւ վերյիշեցուցին շրջանի կարեւորութիւնը», շեշտեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Ապա խօսք առնելով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան յայտնեց, թէ հաւաքուած ենք մեր հայրենասիրական աւանդներով եւ սովորութիւններով միասնաբար օր մը անցընելու, որովհետեւ իրարմով ըլլալուն մէջ է արժէքը: Ան ըսաւ, թէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ դժուարութիւնները անպակաս եղած են, հետեւաբար եզակի երեւոյթ մը չնկատենք մեր դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ մեր կեանքին մէջ չզոհենք, ինչ որ պարտաւոր ենք պահել եւ ոտնակոխ չընենք մեր հոգեւոր եւ ազգային սրբութիւններն ու աւանդները, որոնց համար մարդիկ արեան գնով պայքարեցան: «Մեր ինքնութիւնը եւ ազգային դիմագիծը դարերու պայքարներով պահպանուած իրականութիւններ են, որոնք պէտք չէ զոհուին, որոնց դիմաց մենք պատասխանատու կը զգանք: Այսօրուան դժուարութիւնները ոչինչ են մեր նախորդ սերունդներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն դիմաց» հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` հաստատելով, որ մեր տոկունութեան դիմաց, մեր դժուարութիւնները պիտի փարատին: