Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Սրբապատկերներու օծում` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ

003-StNshanSrpabadgeriOdzum

Կիրակի, 31 յունուար 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:  Պատարագի ընթացքին սրբազանը օրհնեց եւ սրբալոյս միւռոնով օծեց բարերարի մը կողմէ եկեղեցւոյ նուիրուած Ս. Ներսէս Շնորհալիի եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի սրբապատկերները, որոնք աշխատանքն էին հայրենի գեղանկարիչ Մարատ Մարգարեանի:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ ներկայիս մեր ընկերութեան մէջ բացակայ է հաւատքի ու ճշմարտութեան ճանաչողութիւնը եւ մեր ապրած կեանքի եղանակը հեռու է ճշմարիտ աստուածապաշտութեան ընթացքէն, որովհետեւ ժամանակակից  մեր ընկերութեան համար զԱստուած պաշտելը կիրակնօրեայ ժամանց մըն է` սահմանափակ տեւողութեամբ:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ մենք` իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդներ եւ Աստուծոյ ծառաներ, այս աշխարհի մէջ ունինք առաքելութիւն մը, որ միայն մեր անձերը սրբելու, մաքրելու եւ փրկելու մէջ չի կայանար, այլ առաւելաբար ուրիշներու հանդէպ մեր ունեցած պարտականութիւններով կ’իրականանայ: «Մենք ալ Աստուծոյ կողմէ կոչուած ենք, որպէսզի մարդոց բերենք հաւատքի ու ճշմարտութեան ճանաչողութիւն», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ մենք ալ պէտք է մարդոց յիշեցնենք, թէ կեանքին մէջ  հաւատքն ու ճշմարտութիւնը պատահականօրէն գոյութիւն չեն ունենար եւ ոչ ալ կ’ապրուին, այլ անոնք կ’արտայայտուին, երբ իսկապէս մեր ապրելակերպը Աստուծոյ ճանաչողութեան ընթացքի մը կը վերածուի: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ մենք երկրաւոր մեր գոյութեան ընթացքին պատահականօրէն իրաւունք չունինք վարուելու մեր կեանքին եւ շրջապատին հետ` աւելցնելով, որ մեր եկեղեցին մեզ կը  քաջալերէ, որպէսզի սթափինք արդի կեանքի պատճառած հարցերէն  եւ անդրադառնանք, որ կեանքը պատահականօրէն չ’ապրուիր եւ քրիստոնեան չի կրնար քրիստոնեայ մնալ այս աշխարհին մէջ, եթէ իսկապէս ինքզինք Աստուծոյ պաշտամունքին չընծայէ շարունակաբար` իբրեւ կեանքի կայուն վիճակ:

Առաջնորդ սրբազանը օրինակ բերելով Պօղոս Առաքեալի խօսքը, որ կ՛ըսէ, թէ աշխարհի մէջ առաքելութեան պարտականութիւն ունի, որպէսզի հաւատքի եւ ճշմարտութեան առաջնորդէ Աստուծոյ ժողովուրդը, յայտնեց, թէ Պօղոս առաքեալի օրինակով մենք ալ պէտք է ըսենք, թէ աշխարհին մէջ պարտականութիւն ունինք մեր անձերը եւ շրջապատը տանելու դէպի հաւատքի զօրացում եւ ճշմարտութեան գիտութիւն, նաեւ պարտականութիւն ունինք մարդոց յիշեցնելու, թէ անցաւոր այս կեանքէն անդին Աստուած կայ ու կը մնայ: