Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Ատամնաբուժի Օգնականներու Ծրագիր»-ի Մասնակիցներ Ստացան Իրենց Վկայականները

 

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային բաժանմունքին, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանի, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տեսուչ փրոֆ. Սալիմ Տաքքաշի, երկուշաբթի, 5 յունիսին, կէսօրէ ետք  ժամը 4:45-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ատամնաբուժի  օգնականներու ծրագիր»-ի մասնակիցներուն վկայագիրներու բաշխման հանդիսութիւնը, որ իրականացած էր գործակցութեամբ  Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամին եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանին:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք օրուան հանդիսավար Սեն Ժոզեֆ համալսարանի դասախօս, ծրագիրի համադրող, նաեւ համալսարանի եւ Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամին միջեւ կապը համադրող դոկտ. Հիլտա Պայրամեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի շարունակական մարզումի կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Ֆատի Հաժ, որ շեշտեց ատամնաբուժներու օգնականներու կարեւորութիւնը եւ անոնց ունեցած դերակատարութիւնը` հաստատելով, որ մեծ է անոնց ներդրումը ատամնաբուժներու կողքին: Ան նկատել տուաւ, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին է, որ կը գործակցին Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամին հետ եւ երկրորդ ծրագիրն է, որ յաջողութեամբ կ՛աւարտի: Փրոֆ. Ֆատի Հաժ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց կողքին են եւ ամէն տեսակ օժանդակութիւն կը կատարեն:

Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Վանան Մանճիկեան-Գաբրիէլեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ սորվիլը ընթացք մըն է, որ կ՛առաջնորդէ փոփոխութեան, աւելի լաւ կեանքի որակի եւ լաւ առիթ կ՛ընծայէ բոլորին, աւելցնելով, որ սորվելով եւ սորվեցնելով մենք կ՛ապահովենք ոչ միայն անհատին զարգացումը, այլ նաեւ` ընկերութեան եւ միջավայրին: Ան նկատել տուաւ, որ այս նախաձեռնութիւնը նոր առիթ մը ստեղծեց, որպէսզի կարենանք լիազօրել մեր երիտասարդութիւնը եւ տրամադրել անոնց հաստատուն պատասխաններ ներկայ ընկերատնտեսական մարտահրաւէրներուն դիմաց, զորս կը դիմագրաւենք Լիբանանի մէջ: Վանան Մանճիկեան-Գաբրիէլեան հպարտութիւն յայտնեց, որ ականատես եղանք 19 իգական սեռի պատկանող մասնակիցներու, որոնք իրենց ժամանակը եւ ուժը տրամադրեցին, որպէսզի զարգացնեն իրենց գիտութիւնը եւ հմտութիւնը` աւելի լաւ որակ ու սպասարկութիւն տրամադրելու համար ատամնաբուժական մարզին մէջ:

Եզրափակելով իր խօսքը` ան յաջողութիւն մաղթեց բոլոր շրջանաւարտներուն եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ծրագիրի յաջողութեան` յոյս յայտնելով յառաջիկայ գործակցութեան, որ կ՛օժանդակէ լիազօրելու ընկերութեան զարգացումը:

Սեն Ժոզեֆ համալսարանի ատամնաբուժական բաժանմունքի տնօրէն փրոֆ. Նատա Մուշայլեհ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնելով` հեզասահ դարձուցին ծրագիրին ամբողջացումը:

Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամի նախագահ Փիեր Թերզեանի խօսքը կարդաց Գրիգոր Թերզեան: Ան անդրադարձաւ այն ծրագիրներուն, զորս կը ծաւալէ հիմնադրամը Միջին Արեւելքի եւ Ֆրանսայի մէջ, շեշտելով, որ հիմնադրամը կարեւորութիւն կ՛ընծայէ կրթութեան եւ Հայաստանի մէջ դպրոցներ բացած է զանազան մարզերու մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ երկրորդ ծրագիրն է, որ կ՛իրականացուի Սեն Ժոզեֆ համալսարանին հետ եւ ամբողջութեամբ ֆինանսաւորուած է Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամին կողմէ:

Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տեսուչ փրոֆ. Սալիմ Տաքքաշ նկատել տուաւ, որ համալսարանը կը տրամադրէ այլ համալսարաններու նման վկայականներ անոնց, որոնք որոշ ճիւղ մը ընտրելով` կը մասնագիտանան այդ մարզին մէջ, նաեւ կը տրամադրէ վկայագիրներ  որոնք որոշ դիրքեր են օգտակար  դառնալու եւ նեցուկ կանգնելու կարգ մը ծրագիրներու մէջ: Ան բացատրեց, որ այս փուլին յանձնուելիք վկայագիրները շատ կարեւոր են, որովհետեւ ատամնաբուժները կարիքը ունին օգնականներու, որոնք պէտք է մարզուին, եւ այդ պատճառով այս ճիւղը զատած է համալսարանը:

Այնուհետեւ բեմ բարձրացան 19 շրջանաւարտները եւ ստացան իրենց վկայագիրները:

Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` մարզումի (training) կեդրոնի մասին, նաեւ` «Ատամնաբուժի  օգնականներու ծրագիր»-ի կարեւոր հանգրուաններուն մասին: