Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 9 յունիս 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ:

Վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեան կատարեց բացման խօսքը, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց մասնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կը կանգնին վարժարանի երթին: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու ծնողները, որոնք արդէն իսկ այս վկայականներով կը քաղեն իրենց աշխատանքին պտուղները:

Շրջանի հոգեւոր հովիւ Գրիգոր քհնյ. Եղիայեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները, շնորհաւորեց շրջանաւարտները` Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի անունով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնք ճիգ չեն խնայեր, որպէսզի վարժարանը լաւագոյն ուսումը տայ աշակերտներուն եւ անոնց յաջողութեան հասցնէ: Քահանայ հայրը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ ծնողներուն` անոնց դաստիարակութեան, բարոյական եւ հոգեկան զօրակցութեան համար, որպէսզի իրենց զաւակները կարենան ուսում ստանալ եւ դէպի ապագայ ուղղուիլ համապատասխան վկայականներով:

Իր խօսքի աւարտին Գրիգոր քհնյ. Եղիայեան մաղթեց, որ Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանը հաստատ քայլերով կը շարունակէ իր երթը, նորանոր յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ սերունդներու դաստիարակութեան իր առաքելութեան մէջ, իսկ շրջանաւարտներուն ուղղելով իր խօսքը` ըսաւ, որ պէտք է գործեն այնպէս, որ հպարտութեան աղբիւր հանդիսանան:

Աւարտին վկայականներ ստացան վարժարանի ծաղիկ եւ միջնակարգ դասարաններու շրջանաւարտները: