Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ընտրութեան Եւ Օծման 28-րդ Տարեդարձին Առիթով` Հայրապետական Մաղթանք

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձին առիթով 2 յուլիսին, Լիբանանի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք:

Արդարեւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան նախագահեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ 28 տարիներ առաջ, մեր ազգին կամքով, մեզի շնորհեց այնպիսի հովուապետ մը, որ մեր միջավայրի դժուարին պայմաններուն մէջ ոչ միայն կրցաւ երաշխաւորել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական Ս. Աթոռին երթը, այլ նաեւ իր շնորհներուն լաւագոյնը ընծայելով մեր եկեղեցւոյ  ու ազգի սպասաւորութեան գործին, մեր ժողովուրդին կեանքը լեցուց մեծ իրագործումներու տենդով:

«Արամ Ա. կաթողիկոսին ընտրութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ բացուեցաւ նոր ու պայծառ առիթ մը: Արդարեւ, անցնող 28 տարիներուն, իբրեւ կորովի հայրապետ, Արամ Ա. կաթողիկոս ոչ միայն անեղծ պահեց իրեն յանձնուած հայ եկեղեցւոյ աւանդը, այլ նաեւ Անթիլիասը վերածելով սփիւռքահայութեան բարձրագոյն ձգտումներուն կեդրոնի, ան ճոխացուց ու երիտասարդացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան շարքերը, նոր որակ ու նոր մղում տուաւ Կաթողիկոսութեան ծառայական առաքելութեան», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ իբրեւ Աստուածատուր եւ ստեղծագործ շնորհներու տէր անձնաւորութիւն, վեհափառ հայրապետը հոգեւոր ու ազգային ծառայութեան ուխտին նուիրեալը եղաւ եւ իր շնորհներուն առաւելագոյնը ընծայեց` ի սպաս Աստուծոյ սեղանին եւ մեր ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային, կրթական, բարեսիրական, ընկերային եւ ազգային կարիքներուն: Սրբազանը հաստատեց, որ մեր ժողովուրդը լաւապէս գիտէ, թէ Արամ Ա. կաթողիկոսի 28 տարիներու գահակալութիւնը յատկանշուեցաւ բոլորանուէր ծառայութեամբ:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդը ըսաւ, որ անցնող տասնամեակներուն անհաշիւ դժուարութիւններ ու ողբերգութիւններ յայտնուեցան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, սակայն  Արամ Ա. կաթողիկոս ոչ միայն չտարակուսեցաւ ու չընկրկեցաւ, այլ նաեւ իբրեւ քաջ հովուապետ, յանձնառու կեցուածքով մեր ժողովուրդին կողքին մնաց ու հայրաբար բոլորը յուսադրեց, որպէսզի մեր կեանքին մէջ վհատութեան տեսարաններ չպարզուին:

Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ըսաւ, որ անկասկած, այս առիթը մեզի կը թելադրէ խորհրդածել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասին, որուն յարկին տակ, իբրեւ հաւատք եւ կեանքի ոճ, մեր ժողովուրդին հոգեւոր ու ազգային ծառայութեան ուխտը հաւատարմութեամբ կը պահպանուի ու կ՛երաշխաւորուի` հոգեւոր ծառայութեամբ իրենց կեանքը ապրող այն հոյլ մը միաբան անդամներուն շնորհիւ, որոնց գլուխը կը հանդիսանայ վեհափառ հայրապետը:

Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդը աղօթեց Աստուծոյ, առաջին հերթին խնդրելով, որ քաջառողջ տարիներ ու երկար գահակալութիւն պարգեւէ մեր սիրելի վեհափառ հայրապետին, որպէսզի ան յաջողի իրագործել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հեղինակութեան եւ վարկին վայել նոր ծրագիրներ ու աշխատանքներ եւ իր տաղանդով ու նուիրումով առաւել շքեղութիւն ու ամրութիւն բերէ մեր կեանքին: Ան աղօթեց նաեւ, որ Կիլիկեան դարաւոր աթոռը, իր միաբանութեամբ, դպրեվանքով, աշխարասփիւռ իր թեմերով ու ժողովականութեամբ, առաւել եւս ծաղկի իր ծառայական առաքելութեան  մէջ, Ս. Լուսաւորչի կանթեղին լոյսը յաւերժօրէն ցոլայ Անթիլիասէն ու մայրավանքի զանգին ղօղանջը հասնի ողջ հայութեան, որպէսզի,  յանուն նոր արշալոյսներու, ամէն հայ գիտակցօրէն քալէ մեր ազգի երազներուն ու իտէալներուն ուղիներէն: Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ աղօթեց, որ ներկայ դժուարին վիճակներուն մէջ Աստուծոյ զօրութիւնը օգնական եւ պահապան ըլլայ մեր ժողովուրդին, որպէսզի մեր ապրած ցաւէն ու տառապանքէն դուրս գալով, կարենանք, իր շնորհով, մեր կեանքէն ներս դարձեալ կերտել գեղեցիկը ու պաշտել սուրբն ու ճշմարիտը` ի պայծառութիւն հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք` վեհափառ հայրապետի առողջութեան, արեւշատութեան եւ արդիւնաւոր ծառայութեան համար: