Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Ներսէս Շնորհալիի Վախճանման 850-Ամեակին Նուիրուած Արամ Ա. Կաթողիկոսին Սրբատառ Կոնդակի Ընթերցում Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850-ամեակին առիթով, կիրակի, 25 յունիսի ս. պատարագի ընթացքին, փոխան քարոզի, թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս կարդացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը:

Արդարեւ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ս. պատարագին նախագահեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Պատարագի ընթացքին եկեղեցւոյ հովիւ Սուրէն քհնյ. Արսլանեան կարդաց սրբատառ կոնդակը, որուն մէջ վեհափառ հայրապետը նշած է, թէ Ս. Ներսէս Շնորհալի իր հարուստ իրագործումներով եւ հոգեմտաւոր մեծ վաստակով եղած է Հայ եկեղեցւոյ մեծագոյն եւ բազմաշնորհ հայրապետներէն մէկը: Ան իր եզակի արժանիքներով առանցքային ներկայութիւն դարձած է յատկապէս մեր եկեղեցւոյ ծիսական, աստուածաբանական, դաւանաբանական, միջեկեղեցական ու երաժշտական մարզերէն եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի անդաստանէն ներս: Վեհափառը կոնդակին մէջ հաստատած է, որ Ս. Ներսէս Շնորհալին մեր պատմութեան այն բացառիկ հոգեւորականներէն մէկն էր, որ իր սրբակենցաղ կեանքով ու Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան ամբողջական նուիրումով նոյնիսկ իր կենդանութեան մեր ժողովուրդին կողմէ «Սուրբ» որակուած է, աւելցնելով, որ բազմավաստակ հայրապետին տրուած է «Շնորհալի» կոչումը ո՛չ միայն իր ստեղծագործական վաստակի քանակին ու տեսակին, այլ մանաւանդ որակին համար:

Վեհափառ հայրապետը կոնդակին մէջ բացատրած է նաեւ, որ մեծանուն հայրապետը յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար հետեւեալ պատճառներով.

Ա) Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գծով Ս. Աթոռին ունեցած իրենց յատուկ հետաքրքրութիւնը, առանց հեռանալու եկեղեցիներու միութեան նկատմամբ մեր եկեղեցւոյ սկզբունքէն, կը պարտին Շնորհալիին:

Բ) Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան գծով Ս. Աթոռին վաստակած հարուստ փորձառութիւնը, միշտ կառչած մնալով քրիստոնէական սկզբունքներուն, դարձեալ կը պարտին Կիլիկիոյ բազմամշակոյթ, բազմակրօն ու բազմացեղ պայմաններու մէջ գործած եւ ստեղծագործած Շնորհալի հայրապետին:

Վեհափառը նկատել տուած է, որ Ս. Ներսէս Շնորհալիի երկրաւոր կեանքի տարիները կարճ եղած են, սակայն անմահանուն հայրապետը իր կեանքը հարստացուցած է իր ժամանակը անդրանցնող անկրկնելի ստեղծագործութիւններով եւ բազմերանգ իրագործումներով, հաստատելով, որ ան իր անջնջելի դրոշմը ձգած է մեր ազգին ու եկեղեցւոյ պատմութեան վրայ` դառնալով մեր կեանքի երկնակամարին վրայ փայլող անմար աստղերէն մէկը:

Կոնդակին մէջ վեհափառը թելադրած է ա) թեմերուն` յատուկ նախաձեռնութիւններու ճամբով արժանավայել կերպով նշելու յիշեալ կարեւոր յոբելեանը, բ) հոգեւոր հայրերուն` մօտէն հաղորդ դառնալու Շնորհալիի դաւանաբանական ու միջեկեղեցական տեսակէտներուն եւ շեշտելու անոնց կարեւորութիւնը, յատկապէս` միջեկեղեցական շրջանակներէ ներս, գ) մտաւորականներուն` լուսարձակի տակ բերելու բանասիրական ու գրական յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող Շնորհալիի հարուստ գրիչին արգասիքը: