Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հանդիպումը Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներու Թաղականութեանց, Դպրաց Դասերու, Տիկնանց Յանձնախումբերու Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Եւ Աղքատախնամ Մարմիններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

«Սփիւռքի տարի»-ի շրջագիծին մէջ երեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ` լիբանանահայ թեմական ու համայնական կառոյցներուն կեանքը վերաշխուժացնելու ու վերակենսաւորելու նպատակով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս  Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եռօրեայ պաշտօնական հանդիպում-զրոյցներու շարքին երկրորդը, որուն կը մասնակցէին Լիբանանի Հայոց թեմի հոգեւորականութիւնը, եկեղեցիներու թաղականութեանց, կիրակնօրեայ վարժարաններու, դպրաց դասերու, տիկնանց յանձնախումբերու եւ աղքատախնամ մարմիններու ներկայացուցիչները` «Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում» խորագրեալ:

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան նշեց, որ իբրեւ հոգեւորական ու աշխարհական սպասաւորներ, մենք պէտք է գործի լծուինք, որպէսզի մեր համայնական կեանքին մէջ  իսկապէս նոր դարձակէտ մը ստեղծուի: Սրբազանը յայտնեց, որ իբրեւ աշխարհական կամ հոգեւորական սպասաւորներ, եթէ մեր յանձնառութեամբ ու աշխատանքով կարենանք մեր եկեղեցւոյ աւանդը նորոգել եւ պատրաստել հոգեւոր նոր դաստիարակներ ու տիպար հոգեւորականներ եւ անոնց միջոցաւ նոր սերունդին հետ հաղորդակցիլ, անպայմանօրէն կրնանք Սփիւռքի տարածքին նոր շարժում ստեղծել ու մեր եկեղեցին դարձնել տարեց, միջին, երիտասարդ ու կրտսեր սերունդներուն ընդունարանը:

Այնուհետեւ, պաշտօնական խօսք արտասանեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս Աւ. քհնյ. Սարգիսեան, որ ողջունեց Վեհափառ Հօր ներկայութիւնը, լուսարձակի տակ առաւ այն, որ Կաթողիկոսը այնքա՜ն ջերմ սէր եւ գուրգուրանք ցոյց տուաւ մեր թեմին, յատկապէս վերջին տարիներուն, երբ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը ապրեցան դառնութեան, յուսալքումի տագնապալի ժամանակներ, որոնց միջոցին հայրապետը ջանաց մեր գաղութի բոլոր հատուածներն ու կարողականութիւնը միաւորելով, բոլորը աշխատանքի մղել, որպէսզի այդպիսով մեր հաւաքականութիւնը կարենայ ինքզինք կազդուրել եւ իր աշխատանքովն ու նուիրումովը ապահովել լիբանանահայ բազմերես կեանքին որակը: Քահանայ հայրը` մէջբերումներ կատարելով Սփիւռքի տարուան առիթով Կաթողիկոսին հրապարակած կոչէն, յիշեցուց ներկաները, թէ Վեհափառը, հայ եկեղեցւոյ իւրայատուկ դերակատարութիւնը բարձր արժեւորելով, առաջնահերթ համարած էր թեմերու վերակազմակերպման խնդիրը, որուն համար մասնաւորապէս անհրաժեշտ է ունենալ կոչումի տէր եւ պատրաստուած հոգեւորականներ, որոնք շրջաններու թաղականութեանց հետ միասին, կրնան լծուիլ ծուխերու աշխատանքները վերաշխուժացնելու հրամայականին:

Ան իր խօսքը եզրակացուց` ըսելով. «Մեր ուշադրութիւնը մեր եկեղեցիներու գործունէութեան վրայ կեդրոնացնելը հրամայական անհրաժեշտութիւն է բոլորիս համար: Բոլորս ալ կ՛ուզենք, որ աւելի աշխուժ ու կենդանի ըլլան մեր եկեղեցիները, աւելի նուիրեալ ու պատրաստակամ ըլլան մեր հոգեւորականները, աւելի ազդու ըլլայ մեր ծառայութիւնը եւ մեր աշխատանքով, առաւել եւս խորանայ մեր ժողովուրդին հաւատքը, մեր կեանքին մէջ պահպանուին մեր հոգեւոր ու բարեպաշտական բարքերը, մեր ազգային սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, յարատեւէ մեր նախնիներուն երկիւղածութեան շուչը եւ այդպիսով նաեւ ապահովուի մեր նոր սերունդին կեանքը»:

Ապա, թաղականութեանց անունով խօսք արտասանեց Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ Սմբատ սարկաւագ Ղազէլեան, որ նկատել տուաւ, թէ հաւաքական մեր կեանքին մէջ իւրաքանչիւրս հաւասար չափով պատասխանատու ենք ազգապահպանման գործին մէջ` կրելով տարբեր պատասխանատուութիւններ ու տարբեր ծանրութիւններ մեր ուսերուն: Ան նշեց, որ արցախեան հարցի անփառունակ վախճանին հետեւանքով, աւելի հրամայական եւ այժմէական դարձած են Սփիւռքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները` աւելցնելով, որ սփիւռքը մաշող իրողութիւն է, եթէ մնայ անգլուխ եւ ձգուի իր բախտին, իսկ գիտակից եւ խոհեմ ղեկավարութեամբ, Սփիւռքը կրնայ հրաշքներ գործել: Ղազէլեան շեշտեց, որ հայ իրականութեան մէջ եկեղեցին է, որ ստանձնած է Սփիւռքին կազմակերպումը եւ իր ենթակայ կառոյցներով եղած է այն ամուր հողը, ուր լիիրաւ հայ անձինք ինքնաբուխ եւ անմնացորդ նուիրումով գետին պատրաստած են, որպէսզի եկեղեցւոյ շուքին տակ աճին ու հասակ առնեն հայեցի դաստիարակութեամբ սերունդներ:

Ապա Կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ իրեն համար մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները սիրելի են` առանց նկատի ունենալու անոնց պաշտօնը կամ հանգամանքը: Ան հաստատեց, որ հոգեւորականը ինչ պատասխանատուութիւն ալ ունենայ, եւ ի՛նչ աստիճանի վրայ ալ գտնուի, իր կեանքի ճամբան եւ նպատակը որակաւոր ծառայութիւնն է` Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին: Վեհափառը շեշտեց, որ սփիւռքը բաղկացնող մեր բոլոր գաղութները հրամայական անհրաժեշտութիւնը ունին վերանորոգման, վերակենսաւորման, վերակազմակերպման, վերակառուցման, որովհետեւ մենք կ՛ապրինք այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր ամէն բան արագ կերպով փոփոխութեան մէջ է եւ ասոր դիմաց մենք կոչուած ենք համապատասխան կերպով մեր կեանքը վերարժեւորման եւ վերաքննութեան ենթարկելու: Ան յորդորեց ներկաները այս հարցերուն մասին մտածելու, քննելու եւ մեր ծրագիրները գործընթացի վերածելու: «Մեր եկեղեցին մեր կեանքին մէջ գործող պարզ կազմակերպութիւն մը կամ քոյր կազմակերպութիւն մը չէ, այլ իր թեմական կառոյցով, գաղութին կորիզն է, անոր առանցքն ու հիմքը կը կազմէ», հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս` աւելցնելով. «Այսօր մենք կոչուած ենք մեր ծուխերը կազմակերպելու, ներկայ իրականութեան ու պայմաններուն լոյսին տակ: Եկեղեցին պէտք է պայծառ ըլլայ իր կեանքով, իր  վկայութեամբ, իր ծառայութեամբ եւ իր ժողովուրդով»: Ան դիտել տուաւ, որ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած իւրաքանչիւր մարմին ունի իրեն յատուկ պատասխանատուութեան բաժին մը ժողովուրդը դէպի եկեղեցի առաջնորդելու, ուստի իւրաքանչիւրը  իր պատասխանատուութեան սահմանները պէտք է ճանչնայ` զայն դիտելով մէկ ամբողջութեան ծիրին մէջ եւ ներդաշնակ գործակցութեան ըմբռնողութեամբ, որպէսզի գործակցութիւնը նպաստէ եկեղեցւոյ առաւել պայծառակերպման գործին:

Ծուխերը աշխուժացնելու եւ եկեղեցւոյ կեանքը պայծառացնելու ու կազմակերպելու նպատակով, կարգ մը գործնական թելադրանքներ կատարելէ ետք, Հայոց Հայրապետը քահանայ հայրերուն թելադրեց, իբրեւ հոգեւոր հովիւներ, յաճախակի այցելութիւններու ճամբով եւ այլապէս, մեր ժողովուրդին հետ իրենց ունեցած յարաբերութիւնը առաւել եւս սերտացնել, եկեղեցական արարողութիւններուն կանոնաւոր ընթացքը պահպանել, դպրաց դասերու վերակազմակերպման ճիգին հետեւիլ եւ  քարոզախօսութեանց նկատմամբ ըլլալ բծախնդիր, որպէսզի ժողովուրդը կամովին իր եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելով` եկեղեցւոյ համայնական կեանքը աշխուժանայ ու առաւել եւս զարգանայ:

Հաւաքը փակուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին  «Պահապանիչ» աղօթքով: