Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Աւագ Հինգշաբթի Օրուան Նշում Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ

Հինգշաբթի, 24 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն, ձեռամբ` Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ մերօրեայ ընկերութեան մէջ քրիստոնէական հասկացողութիւնները սկսած են տեղ չունենալ, եւ ցաւով յայտնեց, թէ մենք կամայ թէ ակամայ կը հետեւինք աշխարհի կանոններուն, ներկայ ընկերութեան պայմաններուն եւ կը փորձենք մեր կեանքը ձեւաւորել այդ պայմաններուն յարմարելով` մոռնալով, որ մեր ազգային  աւանդութեան մէջ նահապետական տուներուն մէջ անցեալին հիւրերը ոտնլուայով կը դիմաւորէին:

Սրբազանը ըսաւ, որ մեր յիշողութեան մէջ շատ բան մնացած չէ, սակայն մեր եկեղեցական կեանքի մէջ պահուած է ոտնլուան, որպէսզի այդ արարքին միջոցով ցոյց տանք սիրոյ եղանակ, ցոյց տանք մեր կապուածութիւնը Աստուծոյ հանդէպ, ցոյց տանք, թէ ինչո՛ւ այսօր եկեղեցի գալով կը վերապրինք մեր Տիրոջ խոնարհութեան յիշատակը, որպէսզի անոր ընդմէջէն մեր կեանքին նոր մղում եւ նոր ուղղութիւն տանք:

«Կ՛ապրինք ժամանակներու մէջ, ուր անձնասիրութիւնը, եսակեդրոն կեանքի ոճը կը տիրապետեն, սակայն անցնող բոլոր ժամանակներուն, մենք` հայութեան բեկորներս աշխարհի բոլոր ծայրամասերուն մէջ ապրած եւ գոյատեւած ենք շնորհիւ մեր հաւատքի ամրութեան, ցեղային նկարագիրի հաւատարմութեան եւ հաւատքի զօրութեան», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` հարց տալով, որ ներկայ կեանքի դժուարին պայմանները ի՞նչ ձեւով պիտի յաղթահարենք եւ ինչպէ՞ս յաղթական դուրս պիտի գանք այդ դժուարութիւններէն, որոնք մեր ընկերութեան մէջ հետզհետէ կ՛արմատաւորուին եւ կը խորանան:

Շարունակելով իր խօսքը` Շահէ Եպս. Փանոսեան ըսաւ, թէ հայ եկեղեցին Աւագ շաբթուան ընթացքին մեզի կը յուշէ, որ վերստին փարինք մեր քրիստոնէական հաւատքին, մեր ազգային բարքերուն, որպէսզի հաւատքով կարենանք յաղթանակ տանիլ եւ ապրիլ ու գոյատեւել արժանի կերպով: Ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին իրենց զաւակները համոզումով Աստուծոյ ընծայելու, որպէսզի անոնք Աստուծոյ ճանաչողութեան լոյսով իրենց կեանքը կազմաւորեն:

«Ոտնլուայի խորհուրդով զիրար սիրեցէք ոչ ձեւականօրէն, այլ այն ոգիով, որով Քրիստոս սիրեց իր աշակերտները եւ բնական մղումով ծունկի եկաւ ու անոնց ոտքերը լուաց առանց իր մեծութենէն բան մը կորսնցնելու», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ բացատրեց, որ սիրոյ այս արարքով Քրիստոս իր աշակերտներուն աստուածային գերագոյն սիրոյ օրինակը ցոյց տուաւ գործնականօրէն եւ զիրենք աշխարհ ղրկեց, որպէսզի Աստուծոյ Աւետարանը տարածեն աշխարհի չորս ծագերուն:

Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ առանց տոկուն արժէքներու ոչ ոք կրնայ տոկալ կեանքի եւ աշխարհի ասպարէզին մէջ, նաեւ առանց Աստուծոյ աջակցութեան անպայմանօրէն բոլորս կը սայթաքինք եւ կը խորտակուինք` աւելցնելով, որ պէտք է տոկուն հաւատքով, բարոյական արժէքներով զինուած եւ պատուիրաններուն հաւատարմութեամբ քալենք Աստուծոյ հետ, որպէսզի իր կամքը գործադրենք աշխարհի մէջ մեր աջակցութեամբ եւ մեր աշխատանքով: