Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

Շաբաթ, 5 մարտ 2016-ին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։ Առաւօտեան ժամը 8:30-ին կատարուեցաւ ոչխարներու զենում: Երեկոյեան տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը:

Կիրակի, 6 մարտի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Արաքս թաղի կիսուն տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի: Ապա, գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ 4-րդ դարուն տեղի ունեցած 40 զինուորականներու նահատակութեան` շեշտելով, որ դարեր ետք  կը նշենք անոնց տօնը, որպէսզի մենք ալ մեր կեանքը ապրինք անոր մէջ եւ անկէ քաղենք հաւատքին համար սնունդ եւ մեր կեանքին համար` առաջնորդութիւն: Սրբազանը ըսաւ, որ քառասնից մանկանց կեանքը հաւատքի վկայութիւն էր, եւ յորդորեց հարազատօրէն ապրիլ մեր քրիստոնէական հաւատքը հայու շունչով, հայու վայել կեցուածքով` տեղի չտալով աշխարհէն եկող տեսակաւոր ճնշումներուն եւ դժուարութիւններուն: Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ հաւատքի յարատեւութիւնը ամրացնէ մեր ժողովուրդի գիտակցութիւնը, հաւատարիմ պահէ մեզ մեր հայրերու հաւատքին ու հայրենական աւանդութիւններուն նկատմամբ: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Եկեղեցւոյ թաղականութեան անունով օրուան հանդիսավար Գէորգ Նալպանտեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս թէ բարոյապէս սատարած են եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութիւնը յաջողցնելու գործին:

Գեղարուեստական յայտագիրով իրենց մասնակցութիւնը բերին եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամները, որոնք ներկայացուցին երգ, նուագ, ասմունք եւ պար:

Պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խօսք առնելով հաստատեց, որ` «Պուրճ Համուտը այսօր Պուրճ Համուտ է շնորհիւ այն մարդոց, որոնք իրենց ուսերուն վրայ քար կրեցին եկեղեցի, դպրոց, ակումբ կառուցելու եւ միութիւն հաստատելու համար»` աւելցնելով, որ այդ բոլորը պահպանուեցան մեր նահատակներուն շնորհիւ, որոնց արեան հետքերը տակաւին մեր եկեղեցիներու շեմին են եւ որոնց նկարները մեր ակումբներուն եւ դպրոցներուն պատերուն վրայ են: «Արեամբ Պուրճ Համուտը հայ պահած մեր տղաքը կ՛ըսեն, թէ դրամով Պուրճ Համուտը ուրիշին կը ծախէք», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի` աւելցնելով, որ այս արարքին մէջ բոլորս յանցաւոր ենք, եւ պէտք է միասնաբար մէկ թիկունք եւ մէկ բռունցք ըլլալով վերահաստատել եւ վերահայացնել մեր ժողովուրդի պայքարին ամրոցը եղող Պուրճ Համուտը, այլապէս յառաջիկայ տարիներուն մատաղ առնող հաւատացեալներուն թիւը պիտի պակսի:

Այնուհետեւ Գէորգ Նալպանտեան Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ 85-ամեակին առիթով թաղականութեան կողմէ ձեռքի խաչ մը նուիրեց առաջնորդ սրբազանին:

Սիրոյ սեղանին եզրափակիչ խօսքը ուղղեց առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ան մաղթեց, որ Աստուած Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ընտանիքին եռանդը, հաւատքը եւ կամքը առատացնէ: Անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին կողմէ 2016 տարին «Ծառայութեան տարի» հռչակուելուն, առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ մեր ծառայութիւնը նոր թափ պէտք է ստանայ, որովհետեւ կը գտնուինք բազում կարիքներու դիմաց եւ անոնք, որոնք կարողութիւններ ու շնորհքներ ունին, պէտք է զանոնք ընծայաբերեն մեր հաւաքական կեանքին մէջ: