Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Գագիկ Ծառուկեան» Բարեգործական Հիմնադրամը 100,000 Ամերիկեան Տոլարով Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ Ազգային Միացեալ Վարժարանի Կառուցման Աշխատանքներուն

Շաբաթ, 25 յուլիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, բարերար Գագիկ Ծառուկեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային իշխանութեան եւ վարչութիւններու անդամներուն, քահանայ հայրերու, լիբանանահայ կառոյցներու պատկան միութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ծառուկեան մօտէն ծանօթացաւ վարժարանի շինարարական աշխատանքներուն եւ յայտնեց, որ «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամը 100,000 ամերիկեան տոլարով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այդ աշխատանքներուն:

Գագիկ Ծառուկեան նաեւ այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, որ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի տնօրէնութեան կողմէ մօտէն ծանօթացաւ ԼՕԽ-ի բազմաբնոյթ գործունէութեան եւ յատկապէս կեդրոնի աշխատանքներուն: Ծառուկեան դրուատիքով արտայայտուեցաւ ԼՕԽ-ի ծաւալած գործունէութեան մասին:

Իսկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան նշեց, որ հայրենի հիւրերու ներկայութիւնը Ազգային առաջնորդարանին մէջ լաւագոյն առիթն է սփիւռք-Հայաստան փոխադարձ գործակցութեան ու աջակցութեան եւ փորձառութիւններու փոխանակման: Րաֆֆի Տեմիրճեան հաստատեց, որ Ազգային առաջնորդարանը իւրաքանչիւր հայու տունն է, հարազատ կեդրոնն է: Ապա Րաֆֆի Տեմիրճեան ներկայացուց Գագիկ Ծառուկեանի մարզական, ազգային եւ բարեսիրական գործունէութիւնը:

Այս առիթով, բարերար Գագիկ Ծառուկեան ըսաւ, որ լիբանանահայութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ մեծ գործ կը կատարէ, ինչ որ հայրենասիրութեան եւ բարեգործութեան արտայայտութիւն է: Ծառուկեան հաստատեց, որ գաղութին մէջ նաեւ հայապահպանութեան նպաստող մեծ գործ կը կատարուի, ինչ որ ողջունելի է եւ օրինակելի ամբողջ հայութեան համար:

Ան յայտարարեց, որ «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամը այսուհետեւ տարեկան պիտի ստանձնէ լիբանանահայ քսան ուսանողի Հայաստանի մէջ ուսանելու ծախսերը: Գագիկ Ծառուկեան աւելցուց, որ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք միասնակամ մօտեցումներով կարելի է մեր աշխատանքներուն մէջ յաջողութիւններ արձանագրել: Ծառուկեան հաստատեց, որ հիմնադրամը պատրաստակամ է համահայկական որեւէ ծրագիրի բերելու իր մասնակցութիւնը:

Աւարտին խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նշեց, թէ հայրենի հիւրերու ներկայութեամբ լիբանանահայութիւնը ջերմութիւն կը ստանայ եւ կը սնանի Հայաստանով: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ անցնող տասնամեակներուն նման ներկայիս ալ լիբանանահայութիւնը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ եկեղեցիներու, դպրոցներու, ակումբներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ճամբով ապահովելու գաղութին գոյութիւնը եւ հայրենիքին հզօրացումը: Այս շրջագիծին մէջ, Շահէ եպս. Փանոսեան նշեց, որ Ազգային միացեալ վարժարանին կառուցումը լաւագոյն արտայայտութիւնն է, որ հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն գոյութիւն ունի կամք յաղթահարելու արգելքները եւ արձանագրելու նոր նուաճումներ: Աւարտին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար Գագիկ Ծառուկեանին` իր ունեցած մեծ ներդրումին համար:

Այնուհետեւ Գագիկ Ծառուկեան շրջագայեցաւ Արաքս փողոցին մէջ եւ այցելեց «Սարդարապատ» ժողովրդային տուն, ուր ընդունուեցաւ շրջանի կրօնական, միութենական եւ պատասխանատու մարմիններուն կողմէ: