Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ

003-St.Nshan-St.Dznunt

Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով վերաքաղի կ՛ենթարկենք 21 դարեր առաջ Բեթղեհէմի մէջ տեղի ունեցած եզակի ու պատմական այն դէպքը, որ դարերէ ի վեր համայն մարդկութեան նորոգուելու, վերակենդանանալու եւ վերականգնելու առիթ կ՛ընծայէ: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց Քրիստոսի ծննդեան եղելութեան վրայ եւ շեշտեց, որ այդ վկայութիւնները մեզի համար փոխաբերական իմաստ եւ արժէք ունին` մեր կեանքին նոր մղում եւ նոր սկզբնաւորութիւն տալու: Առաջնորդ սրբազանը հարց տուաւ, որ մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ Աստուծոյ համար վերապահած տեղ ունի՞նք, թէ՞ ան աշխարհին մէջ կրկին անգամ յայտնուելով տեղ պիտի չգտնէ մեր խճողեալ, այլափոխուած կեանքի երեւոյթին մէջ: «Մերօրեայ կեանքին մէջ անհրաժեշտ քրիստոնէական յատուկ ճիգ, որպէսզի մենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ զգանք եւ ապրինք Աստուծոյ ներկայութիւնը», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով պէտք է մեր մէջ զգաստացնենք եւ արթնցնենք մեր հոգին ու գիտակցութիւնը եւ վերստին տիրանանք աստուածային այն շնորհներուն, զորս կեանքի փորձառութեամբ կորսնցուցինք ու կը շարունակենք կորսնցնել:

Ան մաղթեց, որ Աստուած մեր կեանքը նորոգէ եւ մեզ մղէ դէպի նոր իրագործումներ ու կեանքի այնպիսի պայմաններ, որոնք աստուածահաճոյ են եւ համաձայն են Աստուծոյ կամքին. նաեւ մեր եւ մեր հաւաքականութեան ազգային գիտակցութիւն եւ հաւատք տայ: «Կ՛աղօթենք, որ Աստուած նոր զգաստութիւն պարգեւէ մեր ժողովուրդին, որպէսզի անիկա դարձեալ փարի ազգային տոհմիկ եւ հոգեւոր այն արժէքներուն, որոնք մեզ դարեր շարունակ պահեցին գիտակից վիճակի մէջ ու պատուանդանի վրայ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ, որ կեանքի այս պայմաններուն մէջ բոլորս ալ կարիքը ունինք Աստուծոյ աջակցութեան եւ առաջնորդութեան, եւ մեր գաղութին մէջ գործող բոլոր մարմինները կրնան  գտնել նոր գիտակցութիւն եւ ոգեւորութիւն` ի խնդիր հաւաքական մեր կեանքի վերելքին ու պայծառութեան:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք: Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորութիւններ ընդունեց Քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ։