Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Գերմանիոյ Դեսպան Մարթին Հութին Ի Պատիւ Ընդունելութիւն-Հաւաք

Լիբանանի Հայոց թեմին Ազգային առաջնորդարանին նախաձեռնութեամբ, երկուշաբթի, 13 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-հաւաք` Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով, ներկայութեամբ` Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութի:

Ներկայ էին դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, նախկին եւ ներկայ նախարարներ եւ երեսփոխաններ, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, պետական առաջին կարգի պաշտօնեաներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, հոգեւոր պետեր, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին անունով խօսք առաւ Սալբի Սիմիթեան, որ ըսաւ, թէ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան 3-րդ սերունդի ներկայացուցիչ ինք ապրած է եւ վկայած իր մեծ հօր եւ մեծ մօր ենթարկուած չարչարանքներուն դառն փորձառութիւնը եւ անոնցմէ լսած անցեալի պատմութիւններ, որոնք վերածուած են մղձաւանջներու եւ ազդած իրենց վրայ` իբրեւ անոնց թոռները:

«Անշուշտ այս պարագան միայն ինծի իւրայատուկ չէ, այլեւ` Մեծ եղեռնէն ճողոպրած բոլոր հայոց ընտանիքներուն, որոնցմէ շատեր այսօր հոս ներկայ են, ու թէեւ ցեղասպանութենէն հարիւրամեակ մը անցած է, սակայն անոնք ամէնօրեայ դրութեամբ այդ ցաւով եւ իրենց նախնիներուն յիշատակներով կը տառապին: Այս պատճառով, մարդկութեան դէմ գործուած այդ հսկայ անարդարութեան ճանաչումը մեզի համար շատ կարեւոր է», ըսաւ ան:

Սիմիթեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գերմանիոյ` Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու առիթով: Ան նշեց, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին տուած այս որոշումը Թուրքիան կը մղէ վերատեսութեան ենթարկելու իր պատմութիւնը: «Այս որոշումով դուք հսկայ քայլ մը առիք` հիմնելու աւելի արդար աշխարհ մը, եւ հետեւաբար` աւելի խաղաղ աշխարհ մը», շեշտեց Սիմիթեան:

Ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կը պահանջէ` արգիլելու համար յառաջիկային գործուելիք այլ ցեղասպանութիւններ:

Սիմիթեան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ իրենց զաւակները կամ թոռները օր մը վկայեն արդարութիւնը, ինչպէս նաեւ վկաները դառնան այն օրուան, երբ Թուրքիոյ մէջ նորահաս սերունդը պիտի սորվի Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ մոմ պիտի վառէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին` շեշտելով հետեւեալը. «Մեր անունով մարդկութեան դէմ դարձեալ ոճիր պիտի չգործուի, բնաւ պիտի չգործուի»:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ գոհացուցիչ նկատեց նման երեկոյի կայացումը, որովհետեւ անիկա առիթ է հայութեան երախտագիտութիւնը յայտնելու Գերմանիոյ խորհրդարանին` անոր կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով: Դեսպանը յիշեց այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը` ուղղուած Գերմանիոյ ղեկավարութեան, որուն մէջ ան ճանաչումը նկատեց պատմական իրադարձութիւն, ինչ որ, ըստ դեսպանին, իսկապէս ճիշդ բնութագրում է: Ան հաստատեց, որ ասիկա խիզախ ու զօրաւոր կեցուածք է, զոր որդեգրած են տարբեր կառավարութիւններ եւ խորհրդարաններ:

Դեսպան Մկրտչեան ըսաւ, որ Գերմանիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կատարուեցաւ այնպիսի պահու մը, երբ դէպքերը կը փաստէին, որ ոճիրը սահմանափակում չունի, զայն կարելի չէ մոռնալ, մարդկային իւրաքանչիւր գոյացութիւն պէտք է իր բարոյական յարգանքը մատուցէ պատմութեան, ազգի մը նկատմամբ գործուած ահաւոր անարդարութեան հանդէպ:

Դեսպանը մէջբերեց «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի խմբագրականին մէջ գործածուած այն միտքը, որ այս ճանաչումով անգամ մը եւս ապացուցուեցաւ, որ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը անուրանալի է, վեր է ամէն տեսակ կասկածէ: Առ այդ, Թուրքիոյ կողմէ պատմութիւնը խեղաթիւրելու, զայն պատմաբաններու դատին յանձնելու պատրուակներ գտնելու փորձերը անիմաստ ու անտեղի են, դիտել տուաւ դեսպանը` յայտարարելով, որ ցեղասպանութիւնը բազմիցս եւ բաւականաչափ փաստուած է, պատմութիւնը լաւապէս սերտուած է եւ իրականութիւնը` հաստատուած: Ըստ անոր, Գերմանիոյ այս ճանաչումը լաւագոյնս պիտի ծառայէ իբրեւ կարեւոր վերագրութեան աղբիւր` փոխանցական արդարութեան համար, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը եզր մըն է, որ օգտագործուած է միջազգային հաստատութիւններու եւ ընկերակցութիւններու կողմէ, եւ որ կը ծառայէ նման ահաւոր սպանդի մը հետեւանքները դարմանելու, նաեւ վերապրողներուն կը տրուի անհրաժեշտ կարգավիճակ նախորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան  համար պահանջատէր ըլլալու: Այս բոլորը կը փաստեն, որ ասիկա հետեւողական գործընթաց է, ոչինչ կրնայ կասեցնել զայն, այլ հայութիւնը իրեն նեցուկ կանգնողներուն հետ պիտի շարունակէ հետապնդել իր դատը: Պունտեսթակի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ Թուրքիոյ կեցուածքը յուսախաբեցնող էր, մինչ մեծապէս ողջունելի էր Գերմանիոյ բարձրագոյն մակարդակի դիրքորոշումը:  Այս առիթով դեսպան Մկրտչեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գերմանիոյ` դիտել տալով, որ ասիկա Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ սերտ բարեկամութեան յաւելեալ դրսեւորում է, նաեւ հաստատեց, որ հայութիւնը պիտի շարունակէ իր պայքարը յանուն արդարութեան, ոճրագործին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ամբողջական հատուցման:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` Գերմանիոյ Պունտեսթակին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթը, մամուլին եւ հանրային կարծիքին արձագանգները ներկայացնող:

Հուսկ, իր խօսքը փոխանցեց Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, որ նախ եւ առաջ հայ կաթողիկէ համայնքին գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց գերմանացի ժողովուրդին` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրման ճամբով իր ցուցաբերած արիութեան եւ համամարդկային արժէքներուն իր կառչածութեան համար:

Գերապայծառը նշեց, որ այդ բանաձեւը ո՛չ միայն պատմական աքթ մըն է, այլ նաեւ մեծ վկայութիւն մը, եւրոպական այլ երկիրներուն ուղղուած պատգամ մը եւ ամբողջ մարդկութեան հրաւէր մը` մերժելու եւ դատապարտելու մարդկային իրաւանց դէմ կատարուած ոճիրներուն նկատմամբ կիրարկուող ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը:

Գերապայծառ Ասատուրեան յայտնեց, որ Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը գերմանացի ժողովուրդին կողմէ բարի կամեցողութեան արտայայտութիւն է` իր սեփական պատմութեան հետ առերեսուելու: Գերմանիան այդպիսով եկաւ խզելու լռութիւնը` հակառակ իր դաշնակիցին ճնշումներուն եւ մինչեւ իսկ սպառնալիքներուն, որպէսզի մեղսակից չնկատուի:

Ան ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը նախ եւ առաջ խաղաղութեան արարք մըն է, «որ կը յուսանք` օրինակ պիտի ծառայէ այլ երկիրներու, մասնաւորաբար եւրոպական երկիրներուն եւ ինչու չէ Միացեալ Նահանգներուն, յօգուտ մարդկութեան»:

ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յիշեց Թալէաթը ահաբեկած Սողոմոն Թեհլիրեանի 1921 թուականի դատավարութիւնը, որով Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հունտը ցանուած էր, իսկ ապրիլ 2015-ին Գերմանիոյ եկեղեցին այս ճանաչումին մասին խօսած էր: Անոր համաձայն, յստակ ձայներ բարձրացան Գերմանիոյ երկու եկեղեցապետերու կողմէ, որոնք ճանաչումէն անդին անցնելով հնչեցուցին եկեղեցւոյ զանգերը, պաշտամունք կատարեցին եւ մամլոյ հաղորդագրութիւններ հրապարակեցին: Անոնք նոյնիսկ կոչ ուղղեցին Գերմանիոյ` յստակ կեցուածք ճշդելու հայութեան զանգուածային ջարդերուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ` հրաժարելու ուրացման քաղաքականութենէն եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու: Ըստ անոր, գերմանացի հոգեւորականները նաեւ քաջալերեցին գերմանական դպրոցները` Հայոց ցեղասպանութիւնը ներառելու կրթական ծրագիրին մէջ, իսկ այս բոլորին ամբողջացումը եղաւ Գերմանիոյ խորհրդարանին առած քայլը:

Վեր. Հայտոսթեան հարց տուաւ, թէ 101 տարուան պատմութեան բեռ ունեցող համայնք մը ինչպէ՛ս պէտք է հակազդէ խորհրդարանի մը քուէներուն: Շեշտելով, որ հայութիւնը զօրաւոր յիշողութեան, ազգային դատի եւ գոյակցական օրհասի տէր է, ուստի իրեն համար նման ճանաչումները մաքուր եւ թարմ օդ կը ներարկեն, սակայն չեն հանդիսանար բաւարար եւ տանելի բարոյական ընթացք: Բայց եւ այնպէս, վեր. Հայտոսթեան դիտել տուաւ, որ Գերմանիոյ պարագային այդ քուէները իսկապէս յատկանշական էին, ուստի «մենք պէտք է արձագանգենք գոհունակութեամբ եւ մեծ յոյսով, որովհետեւ մեր նոր սերունդը եւս քաջալերանք ապրեցաւ ձեր շնորհիւ»: Պունտեսթակի որոշումը եկաւ յուշելու, որ երբեմն քաղաքական պատմութիւնը, օրէնսդրութիւնն ու արդարութիւնը պէտք է հանդիպին, իրականութիւնը երբեմն պէտք է զերծ կացուցուի կապանքներէն:

Անկէ ետք Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան յայտնեց, որ այս ընդունելութիւնը հայութեան կողմէ երախտագիտութեան դրսեւորում է Գերմանիոյ արժէքաւոր մասնակցութեան` Հայ դատի հետապնդման ուղիին: Ան աւելցուց, որ 2 յունիսը յատկանշական թուական էր համայն հայութեան համար: Իր խօսքը ուղղելով Գերմանիոյ դեսպանին` Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ իսկապէս արժեւորելով Պունտեսթակի պատմական որոշումը, լիբանանահայութիւնը ուզած է իր զգացումներն ու շնորհակալութիւնը յայտնել իր անկեղծ բարեկամներուն` անոնց խիզախ կեցուածքին համար:

Շահէ Եպս. Փանոսեան ըսաւ, որ 100 տարիէ ի վեր հայութիւնը կը սպասէ, որ Թուրքիա առերեսուի իր պատմութեան, սակայն ասիկա, ըստ երեւոյթին, երկար ժամանակ կը պահանջէ. Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը գիտէ հետեւողական ըլլալ ու շարունակել պայքարը արդարութեան համար: Ան յոյս յայտնեց, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին որոշումը ուղի հարթէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման:

Աւարտին իր խօսքը փոխանցեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայութեան կողմէ տարբեր առիթներով դրսեւորուած երախտագիտութեան եւ կազմակերպուած ընդունելութեան համար: Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն մեկնելով ան ներկայացուց երեք դիտարկումներ` անցեալին, ներկային ու ապագային վերաբերող: Ան յիշեց նախորդ տարի Պերլինի մէջ Գերմանիոյ նախագահին կողմէ ցեղասպանութեան եզրին գործածութիւնը` դիտել տալով, որ անիկա եղաւ առաջին նախագահը, որ հրապարակաւ գործածեց այդ եզրը` իր շուրջ եղողներուն եւ բոլորին ցոյց տալով, որ կարելի է այդ քայլը առնել, աշխարհը փուլ պիտի չգայ, եթէ անիկա օգտագործուի:

Դեսպանը դիտել տուաւ, որ անցեալին վերաբերող յատկանշական բանը այն է, որ ճանչցուեցաւ իրականութիւնը, ճիշդ բնորոշումը տրուեցաւ կատարուած ոճիրի մը, սակայն նաեւ առիթ էր իրենց` գերմանացիներուն, ճանչնալու իրենց դերը պատահած դէպքերուն մէջ, նայելու հայելիին: «Բոլորս գիտենք, որ երբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ այս դէպքերը տեղի կ’ունենային, կային մեծ թիւով գերմանացի զինուորականներ, դիւանագէտներ եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, անոնց մեծամասնութիւնը գիտակցեցաւ, զգաց, տեսաւ տեղի ունեցածը, սակայն տարբեր պատճառներով կոյր աչք ձեւացաւ, թէեւ կային յանդուգն գերմանացիներ, որոնք տեղեկութիւն փոխանցեցին Գերմանիոյ, գրեցին այս մասին, սակայն ընդհանուր տրամադրութիւնը այն էր, որ չխանգարենք Օսմանեան կայսրութեան հետ քաղաքական կապերը: Ուրեմն, ասիկա առիթ է դէմ առ դէմ կանգնելու մեր պատմութեան մէկ հանգրուանին հետ, այդ պատճառով ալ անցեալին վերաբերող յատկանշական երեւոյթ մը առկայ է այս ճանաչումին մէջ», հաստատեց դեսպանը:

Ներկային մասին խօսելով` ան դիտել տուաւ, որ ասիկա յեղաշրջում չէ Թուրքիոյ դէմ, Պունտեսթակը չէր միտեր խօսիլ Թուրքիոյ դէմ, որ կարեւոր երկիր է, Գերմանիոյ դաշնակից եւ նոյնիսկ բարեկամ է, ուստի ասիկա կարելի չէ դիտել իբրեւ քայլ մը Թուրքիոյ դէմ, այլ լաւ բարեկամները կրնան իրականութիւնները ըսել եւ իրարու հետ դէմ յանդիման կանգնիլ: Թուրքիան եւ Հայաստանը պէտք է առերեսուին անցեալին, քննեն իրականութիւնները եւ հասնին եզրակացութեան, երկու պետութիւններն ալ իրարու մասին խօսելու փոխարէն պէտք է խօսին իրարու հետ, եւ ասիկա շատ աւելի արժէքաւոր պիտի ըլլայ, քան ինչ որ կը տեսնենք այսօր, յայտնեց դեսպանը` հաստատելով, որ  ասիկա օր մը պիտի կատարուի անպայման:

Ապագային ակնարկելով Մարթին Հութ ըսաւ, որ կ’ապրինք այնպիսի ժամանակներ, երբ սպանդներ կը կազմակերպուին աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ, ուստի անոնք կրնան կրկնուիլ: Ան շեշտեց, որ անցեալը յիշելը կ’օգնէ մարդկութեան «Այլեւս երբեք»-ին կառչելու եւ առաջքը առնելու նոր ոճիրներու:  Ասիկա արդի ժամանակներու մեծագոյն մարտահրաւէրն է, յայտնեց դեսպանը` շեշտելով, որ երեւոյթները պէտք է իրենց ճիշդ անունով կոչել:

Իր խօսքը եզրափակելով` Մարթին Հութ ըսաւ, որ իր կինը հայ ըլլալով, նաեւ շրջանին մէջ իր կեցութենէն մեկնելով լաւապէս կը գիտակցի, որ շրջանի երկիրները, յատկապէս Իրանը, Սուրիան եւ Լիբանանը շատ բան կը պարտին հայութեան, որ իր կարգին շատ բան կը պարտի անոնց, ուստի շատ սերտ կապ մը կայ հայութեան եւ զանոնք հիւրընկալած պետութիւններուն միջեւ` շեշտելով, որ հայութիւնը իրաւունք ունի ապրելու անցեալի վախէն ձերբազատուած ու ապահով: Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: