Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Գործակցաբար Հայկազեան Համալսարանին Հետ. Ազգային Վարժարաններու Ուսուցիչներու Վերապատրաստութեան Երկօրեայ Սեմինար

Կրթական 2023-2024 տարեշրջանի սեմին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին եւ գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ին, շաբաթ 23 եւ 30 սեպտեմբեր 2023-ին Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններու նախակրթարանի եւ միջնակարգի ուսուցիչներու վերապատրաստութեան յատուկ կրթական երկօրեայ սեմինար մը, որուն նիւթն էր` «Ուսուցողական ռազմավարութիւնները յառաջիկայ սերունդներու աշակերտներուն համար»: Սեմինարը վարեց Հայկազեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Սուհա Սաֆիէտտին:

Շաբաթ, 23 սեպտեմբերին սեմինարի բարի գալուստի խօսքը Ուսումնական խորհուրդին անունով արտասանեց Շանթ Ստեփան, որ ըսաւ. «Այսօր մենք ոչ միայն վերապատրաստման ծրագիր կը սկսինք, այլ նաեւ դուռ կը բանանք նորանոր հնարաւորութիւններու, կ՛ամրապնդենք դրական ոգին եւ կը մաղթենք ձեզմէ իւրաքանչիւրին` գոհարար ու հարստարար փորձառութիւն մը»: Ստեփան աւելցուց, որ այս վերապատրաստման դասընթացքին մասնակիցները ոչ միայն նոր գիտելիք պիտի ամբարեն, այլ նաեւ պիտի հաստատեն կայուն կապեր, պիտի գտնեն ոգեշնչում եւ բացայայտեն իրենց ներուժը: Խօսքը եզրափակելով` Ստեփան ըսաւ. «Ձեզ կը քաջալերենք, որ այս առիթը օգտագործէք` սորվելու իրարմէ, գնահատելու կենսափորձի եւ աշխարհահայեացքի բազմազանութիւնը, որոնք մեծապէս կենսունակ կը դարձնեն մեր համայնքը»:

Ուսուցման գործօններուն, սորվելու հմտութիւններուն, մտածողութեան եղանակներուն, քննական միտք զարգացնելու միջոցներուն, համատեղ աշխատանքներուն, արժեւորման եղանակներուն եւ այլ հարցերուն մասին ուսուցիչները երկու օրերու ընթացքին ստացան տեղեկութիւններ եւ գործնական աշխատանքներով ու քննարկումներով բերին իրենց օգտաշատ եւ շահեկան մասնակցութիւնը:

Սեմինարի աւարտին Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ի տնօրէն Քրիստափոր Գճըլեան, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչ Լիզա Պասթաճեան եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամ Շանթ Ստեփան մասնակցողներուն յանձնեցին համապատասխան հաստատագիրներ:

Այս առիթով Գճըլեան յոյս յայտնեց, որ համալսարան-ազգային վարժարաններ գործակցութիւնը յառաջիկային կը շարունակուի աւելի մեծ թափով ու լայնածաւալ հանրակրթական ծրագիրներ իրականացնելու համար: