Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հաճնոյ Հերոսամարտի 103-Ամեակի Եւ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Հանդիսաւոր Նշում

Հաճնոյ հերոսամարտի 103-ամեակին եւ Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան զոյգ առիթներով կիրակի, 8 հոկտեմբերին, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Արդարեւ, Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ մուտքին ՀՄՄ-ի շեփորախումբին, թաղականութեան անդամներուն եւ պատկան մարմիններուն կողմէ, ապա մուտք գործեց եկեղեցի:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին սկիզբը մէջբերեց Պօղոս առաքեալին կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակի 13-րդ գլուխին պատկանող  հետեւեալ բաժինը. «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ` տեսնելու համար, թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ . Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին‚ թէ պարզապէս Իր անունը կը կրէք»` բացատրելով, որ այս բառերը այսօր մեր ուշադրութեան կը յանձնուին մեր եկեղեցւոյ կողմէ, որպէսզի մեր կարգին մենք ալ ստուգենք մեր հաւատքին հաւաստիութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այնպէս, ինչպէս սովորաբար մենք բժշկական քննութիւններու կ՛ենթարկուինք, որպէսզի մեր առողջական վիճակին մասին ստոյգ տեղեկութիւններ ունենանք, նոյնպէս պարտաւոր ենք մեր հաւատքին ստուգութեան համար քննութեան ենթարկել մենք զմեզ եւ փորձի ենթարկել մեր գիտելիքներն ու կենցաղը, որպէսզի նախ մենք զգանք, եւ այնուհետեւ նաեւ մեր շրջապատը նշմարէ, որ մենք միայն անուանապէս քրիստոնեայ չենք, այլ կ՛ապրինք այն արժէքներով, որոնք մեզի կը թելադրուին Աւետարանով, եւ կը գործենք այնպէս, ինչպէս Քրիստոս իր կեանքի օրինակով մեզի աւանդեց:

«Առաքեալին խօսքերը մեր եկեղեցիներու խորաններէն արձագանգող հրաւէր ու կոչ են, որպէսզի մեր հաւաքականութիւնը անդրադառնայ, թէ մեր հաւատքը, մեր կամքը, մեր արարքներն ու ձգտումները իրարմէ տարբեր ու անկախ կերպարանքներ չեն, այլ` մէկ ամբողջութիւն», հաստատեց Սրբազան Հայրը` հարց տալով, թէ այսօր ի՞նչ տարողութեամբ քրիստոնէութիւնը ներկայ է մեր կեանքին մէջ: Ան ըսաւ, որ պէտք է մենք զմեզ քննենք անկեղծ փափաքով, որպէսզի այդ քննութիւնը ճշմարտութիւնը պարզէ ու նաեւ լոյս բերէ մեր հոգեկան ապրումներուն ու մեր աշխատանքին: Պարզ ակնարկ մը նետենք մեր ներկային վրայ, որպէսզի  տեսնենք, թէ որքա՛ն նահանջ արձանագրած ենք ու հեռացած` քրիստոնէական արժէքներէն եւ սկսած ենք իրական կեանքը չափել մեր առօրեայ վայելքի հասկացողութեամբ, մեր կերուխումի, հագուստ կապուստի ու հաճելի ժամանցի ըմբռնումներով եւ մոռցած` մեր հոգին:

«Մարդ Աստուծոյ պատկերն է: Քրիստոնեան ամէն օր այս յիշեցումը պէտք է կատարէ իր անձին, որպէսզի բնազդով չվարէ իր առօրեան եւ չվտանգէ իր հոգին: Հոն, ուր Աստուած չկայ, հոն մարդն ու ընկերութիւնը կը խորտակուին եւ կը քայքայուին անպայման», շեշտեց Շահէ Արք. Փանոսեան:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ հաւաքուած ենք նախ մեր ուշադրութիւնը ուղղելու 4-րդ դարուն նահատակուած հռոմէացի զօրավարի մը կեանքի օրինակին վրայ, որ հեթանոս կայսրի մը հրամանները անտեսելով` քաջաբար եւ հրապարակաւ իր հաւատքը արտայայտեց ու արժանացաւ նահատակութեան պսակին: Այս առիթը կը նշենք, որպէսզի անդրադառնանք, որ քրիստոնեային կեանքը ճշմարտութեան, սրբութեան եւ արդարութեան պաշտպանութեան համար մղուող հոգեւոր պայքար է ու պատերազմ: Արդարեւ, սուրբերը, իրենց օրինակին ընդմէջէն մեզի կը յիշեցնեն, որ աշխարհի մէջ եղած են մարդիկ, որոնք Քրիստոսի օրինակին հետեւելով` իրենք զիրենք  ընծայաբերելով ու զոհելով, ջանացած են  աշխարհի մէջ պաշտպանել ու փրկել այն, ինչ որ ճշմարիտ ու տեւական արժէք է: Արդարեւ, քրիստոնեան պէտք չէ մոռնայ, որ կեանքը առաքինութեանց համար մղուող պայքար է: Եթէ այդ գիտակցութիւնը չքանայ, քրիստոնեային բարոյական վիճակը կը քայքայուի:

Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ հաւաքուած ենք նաեւ վերապրելու 103 տարիներ առաջ տեղի ունեցած Հաճնոյ հերոսամարտին յիշատակը: Հաճընը պատմական Կիլիկիոյ շէն քաղաքներէն էր: 1920-ին Թուրքիոյ մէջ ծաւալած քեմալական շարժումին պատճառով, Ցեղասպանութենէն փրկուած ափ մը հաճընցիներ պարտաւորուեցան սովի եւ սարսափի պայմաններու մէջ ութ ամիս շարունակ գերմարդկային ճիգերով պաշտպանել իրենց տունն ու տեղը` անհաւասար մարտեր մղելով թրքական զօրքին դէմ: Անոնք մինչեւ վերջին շունչ պայքարելով` դիւցազնական մահով ինկան: Կործանեցաւ երբեմնի շէն Հաճընը, բայց մեր նահատակները նոր կեանքով կ՛ապրին իրենց ժառանգորդներու սրտերուն մէջ:

Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այսօր ազգովին անասելի ողբերգութիւն մը կ՛ապրինք: Արդարեւ, Արցախի կորուստով հայութեան կեանքին մէջ յուսալքումի տխուր տրամադրութիւններ սկսած են պարզուիլ ամէն տեղ: Փորձութիւններով լեցուն այս օրերը կը պահանջեն, որ մեր կորուստներուն գիտակցութեամբ, ամէն հայ իր պատմութեան ու հայրենիքին հանդէպ իր հաւատամքը ամրացնէ,  որպէսզի մեր ազգին ունեցած երազներն ու տեսիլքները չցնդին:

Արդարեւ, կը մնանք շրջապատուած հին ու նոր անթիւ նահատակներով, բայց կը շարունակենք հաւատալ, որ անմահ են անոնք, որոնք ոգեկան ուժով կը պայքարին մահուան դէմ: Մեր հաւատքը մեզի կը յիշեցնէ, որ հայրենիքի բագինին վրայ իրենց կեանքը զոհած մեր հերոսները ցորենի հատիկին նման ինկան ու կորսնցուցին իրենց կեանքը` ծնունդ տալու համար յաւէտ բազմապատկուած նոր հատիկներու ու նոր կեանքի:

«Մեր նահատակները չեն մոռցուիր ու չեն մեռնիր, այլ նոր եւ աւելի փառաւոր կեանքով կը շարունակեն ապրիլ մեր գիտակցութեան մէջ եւ մեզի կը յիշեցնեն, որ մենք պարտաւոր ենք մեր ազգի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար վահան բարձրացնել ու մահու կենաց նոր գոյամարտեր մղել եւ մեր ինքնութիւնը պաշտպանելով` նոր ու փառահեղ պատմութիւն կերտել», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը` աղօթելով, որ Աստուծոյ անբաւ շնորհն ու զօրութիւնը ամէն ժամանակ օգնական եւ պահապան ըլլան մեր հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: