Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Դպրեվանքի Սաներուն Մասնակցութեամբ Հսկումի Արարողութիւն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Ուրբաթ, 24 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն: Խաղաղական եւ հանգստեան ժամերգութեան երգեցողութիւնը կատարեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները: Հսկումի արարողութեան հաւատացեալ հոծ բազմութեան կողքին ներկայ էր նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան:

Եկեղեցւոյ հովիւ Սուրէն քհնյ. Արսլանեան նկատել տուաւ, որ եկեղեցին աւելի պայծառացած է  դպրեվանքի տեսչութեան եւ սաներու ներկայութեամբ, հաստատելով, որ դպրեվանքը մարդակերտումի դարբնոց է: Քահանայ հայրը իր որդիական եւ խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ հայրաբար կը հոգայ դպրեվանքին` իր սաներով, որպէսզի ապագային անոնք դառնան մեր ղեկավարները, ջահակիրները հայ հաւատքին, գրականութեան եւ հայ լեզուին: Ան կոչ ուղղեց ծնողներուն` քաջալերելու իրենց զաւակները ուղղուելու դպրեվանք: Քահանայ հայրը եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով իր երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանին, որուն բարձր տնօրինումով եւ հովանաւորութեամբ կատարուեցաւ սոյն հոգեպարար արարողութիւնը: Ան նաեւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանին անոր եւ իրեն ընկերակցող վարդապետներուն, որոնք ծանր պարտականութիւն ունին` դաստիարակելու սաները:

Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, որուն տնօրինումով Մեծ պահքի ընթացքին, ինչպէս աւանդութիւն դարձած է, այցելել ծուխի եկեղեցիներ, աղօթակից դառնալ մեր ժողովուրդին, նաեւ ցոյց տալ, թէ այսօր դպրեվանքը ի՛նչ կը կատարէ: Հայր սուրբը նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներուն, որոնք լայն սրտով ընդունեցին զիրենք: Ան դիտել տուաւ, որ դպրեվանքի սաները Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ հոգեմտաւոր կրթութիւն կը ստանան մէկ նպատակի համար, որպէսզի խաչի նշանը մարդոց մէջ տեսնեն, այսինքն Քրիստոս ընտրել մարդոց մէջ, այլ խօսքով` ժողովուրդին ցաւերը, տառապանքը տեսնել, զգալ եւ երթալ ծառայութեան: Այնուհետեւ ան հրաւիրեց դպրեվանքի աւարտական դասարանէն Հրակ սրկ. Գրտանեանը, որ ութ տարի ուսանած է դպրեվանքէն ներս եւ իր առաջին քարոզը պիտի տայ եւ յղէ Աստուծոյ պատգամը այս առիթով:

Հրակ սրկ. Գրտանեան դիտել տուաւ, որ կ՛ապրինք դժուար ժամանակաշրջանի մը մէջ: Մեր առօրեան լեցուն է տառապանքով եւ նեղութիւններով, մեր մտահոգութիւնները այնքան շատ են, որ յաճախ միայն դժգոհութիւններով կը ներկայանանք Աստուծոյ, որ շատ լաւ գիտէ մեր բոլոր դժուարութիւններն ու նեղութիւնները: Ան հարց տուաւ, թէ դժգոհութեան դէմ գտնուելու պարագային որո՞ւ կը դիմենք, որմէ՞ լուծում կը սպասենք եւ ո՞ւր կը գտնենք մեր հանգիստն ու մխիթարութիւնը, բացատրելով, որ բնականաբար կը դիմենք մտերիմ անձի մը, որպէսզի մեղմացնէ մեր տառապանքը, կամ մեր մէջ կը պահենք, որովհետեւ անապահով կը զգանք, կամ շատեր չեն գիտեր արտայայտել իրենց նեղութիւնը ուրիշին: Հրակ սրկ. Գրտանեան նկատել տուաւ, որ մեր առօրեայ մտահոգութիւնները կը խլեն մեր ամբողջ ուշադրութիւնը, կը տարուինք մեր անձին եւ նիւթական աշխարհով, սակայն կը  մոռնանք այն էական իրականութիւնը, որ մեզ դուրս կրնայ բերել այս անցողիկ դժուարութիւններէն: Եւ որովհետեւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքն ու վստահութիւնը կորսնցուցած ենք, մեր կեդրոնացումը կը մնայ ներկայի մեր անցած անորոշ եւ մութ ճանապարհին վրայ: «Աստուծոյ հանդէպ հաւատքն ու վստահութիւնը մեզ կ՛ապահովեցնէ, որ նոյնիսկ եթէ մութ փապուղիէ մը կ՛անցնինք, ի վերջոյ լուսաւոր ճանապարհ մը մեզ կը սպասէ», հաստատեց Հրակ սրկ. Գրտանեան` աւելցնելով, որ դժուարութիւնները մեր կեանքէն պիտի չհեռանան, պիտի ունենանք փոթորկոտ օրեր, սակայն այդ բոլորին լուծումներու աղբիւրը` Քրիստոս, մեր կեանքին մէջն է, եւ մեզի կը մնայ միայն վստահիլ Իրեն:

Հսկումի արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին խօսք առին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Յակոբ Տօնիկեան, որ երախտագիտութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` Լիբանանի թեմին նկատմամբ իր հայրական հոգածութեան համար, սրբազան հօր, որ իր կողքին ունենալով Ազգային վարչութիւնը` միասնաբար գործակցեցան կանգուն պահելու մեր եկեղեցիները, վարժարանները եւ կառոյցները, դպրեվանքի տեսչութեան, որ իր կարելին կ՛ընէ յառաջ տանելու հայակերտումի դարբնոց` դպրեվանքը, դպրեվանքի սաներուն, որոնց երգեցողութեամբ առաւել եւս պայծառացաւ եկեղեցին:

Եկեղեցւոյ հովիւ Սուրէն քհնյ. Արսլանեան նկատել տուաւ, որ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, կառչած մնալով իր հաւատքին, վերանորոգուած հոգիով, նոր մտքով, առաւել եւս թափով, կայտառութեամբ պիտի ընթանայ եկեղեցւոյ ծրագիրները իրականացնելու համար:

Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան յայտնեց, որ շատ հարազատ կը զգայ այս վայրին մէջ` որպէս Աբգարեան վարժարանի աշակերտ, որպէս եկեղեցւոյ ծխային եւ տուն դարձի զգացում մը կը պարուրէ զինք: Ան դիտել տուաւ, որ հսկումի արարողութեան դպրեվանքի սաները կ՛այցելեն զանազան ծուխեր, որպէսզի անոնք տեսնեն, թէ ինչպիսի ծառայութեան կը պատրաստուին, եւ փոխադարձաբար ժողովուրդը գիտակից դառնայ, որ դպրեվանքի մէջ սաները կը պատրաստուին նուիրուելու իրենց ազգին եւ եկեղեցիին: Հայր սուրբը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին` ընդունելութեան եւ հիւրընկալութեան համար: