Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ծաղկազարդի Եւ Ս. Յարութեան Տօներուն Առիթով Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Հաւաք

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմինին, շաբաթ, 1 ապրիլ 2023-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի եւ Ս. Յարութեան զոյգ տօներուն առիթով փոքրերու յատուկ յայտագիր` ներկայութեամբ կիրակնօրեայ վարժարաններու ընդհանուր պատասխանատու Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի, վարիչ մարմինին անդամներուն, ուսուցիչներուն, տեսչական կազմերուն եւ կիրակնօրեայ վարժարաններէ շուրջ 250 աշակերտներու:

Կիրակնօրեայ վարժարաններու քայլերգի երգեցողութենէն ետք Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց բոլորը Ծաղկազարդի եւ Ս. Յարութեան տօներուն առիթով` մաղթելով, որ գալիք օրերը ուրախ եւ լաւ տրամադրութիւններով կը դիմաւորեն:

Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ բաւական խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտ մը կը տիրէ սրահին մէջ: Ան շնորհաւորեց կիրակնօրեայ վարժարաններու բոլոր մշակները իրենց կատարած աշխատանքին համար` հաստատելով, որ բաւական ճիգ եւ բաւական կամք հարկաւոր է, որպէսզի ներկայ պայմաններուն մէջ այս աշխատանքը առաջ մղուի: Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ հին օրերու կարօտը երբեմն մեզ կը խրատէ, որպէսզի նոր աշխատանքի ձեռնարկենք, մեր եկեղեցւոյ շուրջ խանդավառութիւն ստեղծենք, մեր զաւակները համախմբենք, որպէսզի մեր եկեղեցին իր առաքելութիւնը շարունակէ, նաեւ մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդը իր արժէքներով յարատեւէ:

Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ բոլոր ժողովուրդները տարբեր անուններով կը կոչեն Ծաղկազարդը, մինչ մեր ժողովուրդը Ծաղկազարդ կը կոչէ, որովհետեւ ծաղիկներով զարդարուած կ՛ուզէ տեսնել այն ճամբան, ուրկէ կ՛անցնի Քրիստոս` իր լրումին հասցնելու համար երկրային իր առաքելութիւնը, բացատրելով, որ ծաղիկներով զարդարուած` հոգեւոր հասկացողութեամբ կը նշանակէ, որ տոկուն, ճշմարիտ գեղեցկութիւններով զարդարուած ըլլայ մեր զաւակներուն կեանքը: Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ Աստուած անփորձանք կեանք պարգեւէ կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն, մաղթելով, որ կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ իրենց սորված մեծ ու փոքր գիտելիքները տանին իրենց սիրտերուն եւ այդ ձեւով հարստացնեն իրենց տունը, իրենց անցած ճամբան, իրենց ապրած միջավայրը, որպէսզի իրենցմով հարուստ մնայ մեր կեանքը:  Սրբազան Հայրը յորդորեց ծնողները, որպէսզի հետամուտ ըլլան, որ իրենց զաւակները յաճախեն կիրակնօրեայ վարժարան, որպէսզի հոգեպէս զինուին, զարգանան եւ գալիք օրերուն իրենց տունը պաշտպանեն, ազգին աւանդները պահպանեն եւ ապահովեն մեր կեանքի ընթացքը: «Աստուած անսասան պահէ մեր եկեղեցին, մեր հայրենիքը, մեր ազգը եւ բոլոր այն հաւատացեալները, որոնք իրենց ուխտը Աստուծոյ կապած կը պահեն», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Գեղարուեստական բաժինով աշակերտները երգեցին շարականներ, հոգեւոր երգեր, ներկայացուցին կենդանի Ս. Յարութեան տօնը խորհրդանշող կենդանի պատկեր մը, նաեւ պարեցին ու խաղեր խաղցան ընկերակցութեամբ տիպարներու, ինչպէս` նապաստակին, ճուտիկին, փիղին, մուկին եւ այլն:

Աւարտին բոլոր աշակերտները ստացան նուէրներ` տրամադրուած կիրակնօրեայ վարժարաններու Վարիչ մարմինին կողմէ: