Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Թաղական Խորհուրդներու Ընտրութիւններ` Լիբանանի Հայոց Թեմի Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 12 մարտ 2023-ին, առաւօտեան  ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:00, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան թաղական խորհուրդներու ընտրութիւնները խաղաղ մթնոլորտի մէջ, ազատ ու ժողովրդավարական սկզբունքներով: Հաւատացեալ հայորդիները խուռներամ շարքերով մասնակցեցան ընտրութեան:

Ընտրական աշխատանքներու ընդհանուր ընթացքին եւ մթնոլորտին մօտէն հետեւելու նպատակով Ազգային վարչութեան անդամներն ու Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետը այցելեցին բոլոր եկեղեցիները եւ հանդիպում ունեցան ընթացաւարտ թաղականութիւններուն ու բոլոր շրջաններուն մէջ թաղական ընտրութիւններուն համար նշանակուած ընտրական յատուկ յանձնախումբերուն հետ:

Թաղական խորհուրդներու ընտրական յանձնախումբերը ճշդուած կարգով հսկեցին ընտրութիւններուն:

Յառաջիկային Ազգային առաջնորդարանը յատուկ հաղորդագրութեամբ կը ներկայացնէ ընտրութեանց ընթացքը եւ արդիւնքները: