Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:

Արդարեւ, շաբաթ, 18 մարտին, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան, տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն: Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած էին կրպակներ, ուր ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը, ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղը, «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւնը կը վաճառէին ուտելիքներ: Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին ելոյթ ունեցաւ «Փոքրերու աշխարհ» մանկապատանեկան խումբը, իսկ ժամը 6:00-էն սկսեալ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ երգիչներ Մհեր Չափարեանի, Էտի Նալպանտեանի, Կասիա Շատարեւեանի, Ճորճ Գալայճեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սագօ Պետրոսեանի: Յայտնենք, որ յայտագիրին զուգահեռ պատրաստուեցաւ աւանդական մատաղը:

Կիրակի, 19 մարտին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Արաքս փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: Ապա թափօրը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց Ս. պատարագ:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձ մը կատարեց Սեբաստիոյ մէջ 4-րդ դարու սկիզբը պատահած պատմական դէպքին, ըստ որուն, Փոքր Ասիոյ տարբեր քաղաքներէն եկող, Հռոմէական սահմանապահ զօրքին մէջ իրենց զինուորական ծառայութիւնը կատարող 40 կտրիճ երիտասարդներ աներկիւղ իրենց քրիստոնեայ ըլլալը կը յայտարարեն եւ, հակառակ իրենց դէմ ի գործ դրուած բռնութեանց եւ ճնշումներուն, կը մերժեն հեթանոսական բարքերուն դառնալ եւ` իբրեւ պատիժ, անոնք ձմեռնային ցուրտ գիշեր մը, կը նետուին մօտակայ սառցապատ լիճին մէջ, որպէսզի տանջանքով մահանան: Ամբողջ գիշեր մը սառցապատ լիճին մէջ անցընելէ ետք, առաւօտուն, անոնք լիճին վրայ կը յայտնուին կենդանի ու  լոյսէ պսակներով զարդարուած: Աստուածային հրաշքով ձմեռնային սառնամանիքին դիմացած վկաները դաժանօրէն կը սպաննուին:

Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հիմնադիրները 40 զօրականներու անունով կոչեցին այս սրբավայրը, որպէսզի այստեղ մուտք գործող հաւատացեալը զգայ, թէ եկեղեցւոյ յարատեւութեան ու քրիստոնէական հաւատքին ու արժէքներու պաշտպանութեան համար, դարաւոր պայքարներ են մղուած ու անթիւ մարտիրոսներ եւ վկաներ են ինկած: Հետեւաբար, տարին անգամ մը այս եկեղեցւոյ մէջ քառասնից մանկանց յիշատակը նշելը, մեր պատիւն ու պարտքն է, եւ այդ յիշատակը այսօր մեզ կը հրաւիրէ մենք մեզ քննելու, մեր անձը դիտելու եւ ըմբռնելու խոկումին:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ սուրբերը մեզի կը փոխանցեն իրենց կեանքին օրինակը եւ կը յիշեցնեն, թէ քրիստոնէական ճամբան կը սկսի հաւատքով, որ Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած ամենահզօր կարողութիւնն է` աւելցնելով, որ մարդ հաւատքով կը մօտենայ Աստուծոյ ու հաւատքով մասնակից կը դառնայ նաեւ աստուածային գործին: Հաւատքով ո՛չ միայն կարելի է խնդրել Աստուծմէ եւ ստանալ ամէն բան, այլ նաեւ` գործել այն, ինչ որ անհնար է իրականացնել մարդկային ճիգերով, նաեւ հաւատքով կարելի է նոյնիսկ  հասնիլ յաւիտենական կեանքի ժառանգութեան:

«Պէտք է լաւ ըմբռնենք, թէ սուրբերը, ոչ թէ աւելի տարբեր եւ հզօր էին մեզմէ ու իրենց շրջապատի մարդոցմէ, այլ մեր օրինակով մահկանացու արարածներ էին, սակայն` հաւատքով խրախուսուած, անոնք միացած էին Քրիստոսի յաղթական թափօրին: Այդ պատճառով, երկնային փառքի դռները բացուեցան անոնց դիմաց:  Երկրորդ, սուրբերը մեզի կը յիշեցնեն, թէ տոկալու համար կեանքի տեսակաւոր փորձութիւններուն, ցաւերուն ու տառապանքներուն, մարդ յարատեւ աղօթքով պարտի հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ եւ այդպիսով Աստուծմէ ուժ ու զօրութիւն կը ստանայ», հաստատեց Շահէ Արք.` շեշտելով, որ  մեր աղօթքը եւ աղօթելու եղանակը կարեւոր են Աստուծոյ համար, ուստի պէտք է աղօթել յարատեւօրէն եւ վստահութեան հոգիով, ինչպէս կը պատգամեն սուրբերը, զԱստուած մեր կողքին զգալով` իրմով լուսաւորուած ու իրմով  մխիթարուած:

Սրբազանը նկատել տուաւ, որ աղօթելն ալ բաւարար չէ: Քրիստոնեան պարտաւոր է նաեւ իր Արարիչին ծառայել ու սուրբերուն հաւատքը ընկերութեան մէջ տարածել եւ անոնց  օրինակը յաւերժօրէն ապրեցնել, որպէսզի ընկերութեան կեանքէն ներս շարունակաբար սուրբն ու սրբութիւնը պաշտպանուին: Ան հարց տուաւ, թէ այսօր ի՞նչ ձեւով կը վկայենք մեր քրիստոնէական հաւատքին մասին եւ մեր առօրեային մէջ ինչո՞վ կը պաշտպանենք աւետարանի սկզբունքները եւ ի՞նչ կը զոհենք, որպէսզի սրբութեամբ պահենք մեր տունը, մեր ընտանիքը, մեր ընկերութիւնն ու մեր համայնական կեանքը: «Պահ մը դիտենք մենք զմեզ, որպէսզի սթափինք եւ անդրադառնանք, թէ արժէքներու շփոթութեան ներկայ պայմաններուն մէջ, սկսած ենք անգիտակից վիճակով հետեւիլ ուրիշին ու ամէն բանի: Սկսած ենք  ոչ միայն անորոշութեան վիճակ մը ստեղծել մեր ինքնութեան մէջ, այլեւ` սարսափելիօրէն հեռանալ մեր հաւատքէն եւ թերանալ մեր քրիստոնէական եւ ազգային կեցուածքներուն մէջ ու ամէն քայլափոխի` թուլնաք ու սայթաքիլ», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ հարկ է նայինք մեր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, ակումբներուն, միութիւններուն, կառոյցներուն, մեր ընկերութեան վիճակին, որպէսզի նախկին մեծութեան ու փառքի տեսարաններուն դիմաց զգանք, թէ այսօր, նոյնիսկ սկսած ենք մեր կեանքով զոհել այն, ինչ որ նախորդ սերունդները քրտինքով, հաւատքով ու շատ անգամ նաեւ արեան վկայութեամբ կերտեցին ու շահեցան: Պէտք է լաւ ըմբռնենք, թէ բարոյական արժէք չճանչցող մարդն ու ընկերութիւնը, անպայմանօրէն կը վտանգեն թէ՛ իրենք զիրենք եւ թէ իրենց շրջապատը:

«Այսօր ուխտաւոր ենք: Քառասուն վկաներու լուսեղինացած աչքերը մեզ կը դիտեն ու մեզ կը հրաւիրեն իրենց օրինակով Քրիստոսի զինուորները ըլլալու եւ այդպիսով յանուն ճշմարտութեան ու սրբութեան, աշխարհին մէջ պայքարելու չարին ու չարիքին դէմ, որ, ինչպէս գիտէք, ամէն քայլափոխի մեզի կը հետեւի եւ կը վտանգէ մեր ժողովուրդին բարոյական ամրութիւնն ու հոգեկան վիճակը կը քայքայէ: Եւ յիշենք, որ քրիստոնեային կեանքը հոգեւոր պայքար է ու պատերազմ` վասն ճշմարտութեան, սրբութեան եւ արդարութեան», եզրափակեց սրբազան հայրը` աղօթելով, որ այդ գիտակցութիւնը պահպանուի մեր կեանքին մէջ եւ այսօրուան մեր ուխտը մեզ տանի սրբութեան կեանքին, որպէսզի մինչեւ վերջին շունչ մենք շարունակենք պաշտպանել մեր հաւատքը ու մեր ազգային աւանդը»:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: