Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Թաղման կարգ՝ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Աւագ ուրբաթ, 29 մարտ 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

Այս առիթով արտասանած իր պատգամին մէջ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան դիտել տուաւ, որ միասնաբար հաւաքուած ենք եկեղեցւոյ յարկին տակ ուխտապահ հոգիով, որպէսզի հաւատքով նորոգուինք` քաջ գիտնալով, որ այս պահը հրաշագործ զօրութիւն ունի հաւատացեալին համար, որովհետեւ այստեղ իրողապէս կը զգանք, թէ մեր Փրկիչը իր կեանքը ընծայեց մարդու փրկութեան համար, անսահման եւ կատարեալ սիրոյ արտայայտութեամբ, որպէսզի աշխարհէն ներս արթննայ անմահ կեանքին հաւատքը: Ան ըսաւ, որ այս պահը մեզի կը յիշեցնէ, որ օր մը նոյնիսկ մեղքով թունաւորուած, ապականած ու դիակի վերածուած մարդուն հոգիին մէջ ալ կրնայ արթննալ ու փոթորկիլ կեանքին սէրը եւ` հետեւաբար ան իր Տէրն ու Աստուածը գտնելով` կրնայ վերստին դառնալ իր արժանապատիւ վիճակին:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը յայտնեց, որ այս աշխարհէն ներս մահով կը մեռնի այն, ինչ որ սահմանուած է ըլլալու ժամանակաւոր ու վաղանցուկ, բայց անկործան կը մնայ այն, ինչ որ Արարիչին կողմէ սահմանուած է ըլլալու անմահ: Արդարեւ, նոր ու հրաշալի կեանքով ապրելու համար ցորենի հատիկը հողին մէջ թաղուելով` կը մեռնի, նոյնպէս եւ մեր Տէրը գերեզմանին մէջէն դարձեալ կը վերադառնայ կեանքին, որպէսզի մարդը տանի իր անմահ կեանքին ու աստուածադրոշմ վիճակին:

«Այսօր երեկոյեան, իր սրբազան արարողութիւններուն ճամբով, մեր եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ, թէ ո՛վ որ կեանքի հաւատքը ունի, ո՛վ որ ապրելու կամք ունի, հողէն ու գերեզմանէն պէտք չէ վախնայ, այլ Աստուծոյ հետ խզուած կապերը վերահաստատելով` պէտք է ջանայ հաւատքի ճիգով իր կեանքը զետեղել յաւիտենականութեան ճամբուն վրայ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ առանց հաւատքի` խոտի նման է մեր կեանքը, բայց հաւատքով մեր կեանքը կը վերածուի սրբազան անմար կրակի:

Սրբազանը նկատել տուաւ, որ կ՛ապրինք կորստաբեր ժամանակներու մէջ, սակայն պէտք չէ մոռնանք, որ տառապանքներէն, անկումներէն ու խոր վիրապներէն ծնունդ առած են մեր ժողովուրդին հաւատքն ու տոկունութեան յատկանիշը: Հետեւաբար պէտք չէ երկնչինք ժամանակաւոր անկումներէ, ու պէտք չէ տրտմի ու մթութեան մատնուի մեր կեանքը: Ան հարց տուաւ, թէ ո՞վ կրցած է առանց տառապանքի ու զոհողութեանց, առանց ցաւի ու տագնապի` անմիջապէս հասնիլ իր երազներուն ու տիրանալ իր սրտի իղձերուն:

Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները այսօր եւ գալիքին մասնաւորաբար Քրիստոսի կեանքի օրինակէն ու մեր հաւատքէն քաղել հոգեկան արիութիւն ու պայծառատեսութիւն, որպէսզի ծանր փորձութիւններու քովէն անցնող մեր հոգեւոր ու ազգային կեանքը պաշտպանենք հին օրերու օրհնութեան շունչով` ապրելու ու անմահանալու պայծառ հաւատքով:

Յետեկեղեցական արարողութեան` կազմուեցաւ թափօրը, որ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, գլխաւորութեամբ Սրբազան Հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վիգէն Աւագեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանի, փոխատենապետ, նախկին նախարար  Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Ազգային վարչութեան անդամներուն, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու ժողովուրդին` շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ: