Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Խաւարման կարգ՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, հինգշաբթի, 28 մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաւարման կարգ:

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ հսկումի այս պահը վստահաբար կը պարզէ առաւելաբար մեր աչքերուն տարակուսանքի, մահուան, տառապանքի պատկերներ, աւելցնելով, որ երբ կը գիտակցինք, թէ հաւաքուած ենք նշելու համար Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին րոպէները եւ իրեն հետ տագնապելով հսկելու, որպէսզի մեր կեանքը առաջնորդենք դէպի այն լոյսը, որ Ինք կ՛ուզէ տալ մեզի: Առաջնորդը բացատրեց, որ այս առիթը զետեղուած է մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, որպէսզի մենք անդրադառնանք, թէ կեանքէն ներս իսկապէս կան մութ ու լոյս պահեր, յոյսի եւ լոյսի առիթներ, բայց նաեւ կան անկումի եւ քայքայումի պահեր, աւելցնելով, որ ճշմարիտ քրիստոնեան աշխարհի այս անցուդարձերուն մէջ պէտք է իմաստութեամբ առնէ իր քայլերը, որպէսզի, ինչպէս Քրիստոս կ՛ըսէ, յաւիտենական կեանք ունենայ եւ ոչ թէ խորտակուի ու քայքայուի: Ճշմարիտ քրիստոնեան կեանքի մութ ու դժուարին պատահարներուն դիմաց չի յուսահատիր, այլ իր հաւատքին ապաւինելով` յոյս կը փնտռէ, այսինքն ելքի միջոց մը կը փնտռէ, եւ այդ միջոցը անպայմանօրէն Աստուծմով իրեն կը շնորհուի: Սրբազանը ըսաւ, թէ ինչպէս Քրիստոս ըսած է, Իրմով կարելի է աշխարհի անցուդարձերը ըմբռնել, հասկնալ եւ լուծել, շեշտելով, որ առանց իր առաջնորդութեան` շատ անգամ անյոյս է մեր վիճակը: Պէտք է անդրադառնանք, որ Քրիստոս է կեանքին տէրը, եւ առանց Իրեն` խաւարի մէջ պիտի ըլլան մեր մտքի խորհուրդներն ու զգացումները, եւ անյոյս պիտի ըլլայ մարդկային մեր կեանքը, սակայն Իրմով եւ Իր հաւատքով անպայմանօրէն պիտի կարողանանք մեր կեանքը ուղղել դէպի յաւերժութիւն: Սրբազանը յայտնեց, որ Քրիստոսի հաւատարիմ հետեւորդները կեանքի վերջին ժամերուն զինք լքեցին, սակայն Իր յոյսը պատճառ եղաւ, որ անոնք վերստին վերադառնան իրենց հաւատքին եւ աշխարհէն ներս ստանձնեն իրենց վիճակուած այն պարտականութիւնները, որ Քրիստոս վստահած էր իրենց, աւելցնելով, որ այսօր միեւնոյն պարտականութեամբ կը հրաւիրէ մեզ յիշեցնելով եւ թելադրելով, թէ Ինքն է աշխարհի լոյսը եւ Ինքն է, որ առիթ ու մղում կրնայ տալ մեր քայլերուն եւ ճիգերուն, յաջողութիւն պարգեւել մեր աշխատանքներուն մէջ, լուսաւորել մեր մթագնած ներկան եւ լուսաւոր ապագայի առաջնորդել  բոլորս: Սրբազանը ըսաւ, որ մեր հաւատքով ջանանք Իր խօսքերը տեղադրել մեր հոգիներէն ներս, որպէսզի խաւարի մէջ չըլլան ներկայ պայմաններու մէջ մեր մտածումները, այլ Իրմով մենք առաջնորդուինք երկնային յոյսին եւ անմահական իր փառքերուն: