Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Թաղման Կարգը` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Աւագ ուրբաթ, 3 ապրիլ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

Սրբազան Հայրը Աւագ շաբթուան առիթով իր գնահատանքը յայտնեց ժողովուրդին, որ ջերմեռանդութեամբ մասնակից է եկեղեցւոյ արարողական կեանքին, աւելցնելով, որ իր ներկայութեամբ այս օրերուն քիչ մը աւելի կը լեցուին մեր եկեղեցիները, նաեւ կը պայծառանայ մեր կեանքը մեր հաւատաւոր զաւակներուն ներկայութեան պատճառով:

Անդրադառնալով Քրիստոսի խաչելութեան` ան նկատել տուաւ, որ հակառակ այդ ժամանակ գոյութիւն ունեցող սարսափին եւ հալածանքներուն` Յովսէփ Արիմաթացին եւ Նիկոդեմոս յանձն առին տիրոջ թաղման կարգը  պատուով կազմակերպել, որպէսզի անարգանքով չմեկնի ան այս աշխարհէն, աւելցնելով, որ Յիսուսի գերեզմանը ոչ միայն յայտնի դարձաւ բոլորին, այլեւ սերունդներու բարեպաշտութեան շնորհիւ վերածուեցաւ ուխտատեղիի:

Առաջնորդը հաստատեց, որ այս առիթը մեզ զգաստութեան հրաւիրող պահ է, աւելցնելով, որ քրիստոնէական մեր կեանքը շարունակաբար հաւատքի ճիգով կերտուող իրականութիւն է: Ան ըսաւ, որ մեր եկեղեցիները, մեր վարժարանները, մեր կառոյցները, մեր հաստատութիւնները, մեր ակումբները մեր ժողովուրդին հաւատքով կերտուած ուխտատեղիներ են, շեշտելով, որ այդ բոլորէն հեռու` բոլորս ալ կը սպառինք ու կը վերջանանք, իսկ այդ բոլորով զօրեղ ենք ու հաստատ, որովհետեւ մեզի հետ ունեցած կ՛ըլլանք զԱստուած եւ այդ բոլորով շարունակաբար մենք կը յիշենք, թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը, եւ ո՛րն է մեր ժողովուրդին կամքն ու իտէալը: «Այս ճշմարտութիւններուն կը հրաւիրէ մեզ նուիրական այս առիթը, որովհետեւ բոլորս ալ կը զգանք եւ գիտենք, թէ մեր կեանքէն ներս շեղումներ շատ կան, հետեւաբար աւելի մեծ ճիգ պէտք է ի գործ դնենք, որպէսզի սրբագրենք մեր կեանքի ընթացքը», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը` կոչ ուղղելով ներկաներուն շարունակաբար մեր եկեղեցիներուն եւ մեր կառոյցներուն մէջ ներկայ գտնուելու, որպէսզի մեր հաւատքով նոր աւանդ աւելցնենք, մեր կեանքը ուղղենք, որպէսզի մնանք կանգուն եւ հաստատ ու պատրաստ` գալիք բոլոր փոթորիկները դիմակայելու արժանաւոր պայմաններով:

Յետեկեղեցական արարողութեան` կազմուեցաւ թափօրը, որ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, գլխաւորութեամբ Սրբազան Հօր, մասնակցութեամբ  պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու ժողովուրդին` շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ: