
Ս. Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 5 ապրիլ 2026-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց մասնակցութեամբ մեր եկեղեցիներուն, կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն մէջ կը գործեն պահպանելու համար համայնական մեր կեանքի ամրութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ բոլորս գիտենք, թէ ի՛նչ տեսակ հզօր հոսանքներ կը բախին մեր հաւատալիքներուն ու մեր կեանքին եւ վստահաբար կ՛անդրադառնանք, թէ տեսակաւոր տագնապներու քովէն անցնող մեր կեանքը կարիքը ունի հաստատ յենարանի մը, որպէսզի մենք մեզի բախող հոսանքներուն դիմաց չընկճուինք, չընկրկինք, այլ մնանք կանգուն` աւելցնելով, որ եկեղեցին մեր առօրեային մէջ տօնական առիթներ հաստատած է, որպէսզի մենք կարենանք գօտեպնդուիլ եւ խրախուսուիլ գալիք օրերու կեանքին համար:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հարց տուաւ, թէ ի՛նչ տեսակ արժէքներով կը կերտենք ու կը պահենք մեր կեանքը` հաստատելով, որ առանց հաւատքի ամրութեան մեր կեանքը մեզ հալածող տեսակաւոր փոթորիկներուն դիմաց կը քայքայուի եւ կը կործանի: Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ըսաւ, թէ քրիստոնեային կեանքը պատահականութիւն չէ, նաեւ պատահականութիւն չէ հայութեան կեանքը, եւ երկուքն ալ կ՛ենթադրեն հաւատք, նուիրում եւ յարատեւութիւն` աւելցնելով, որ մեր Տէրը իր յարուցեալ կեանքի օրինակով մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աւետարանը միայն խօսքի պատգամ չի փոխանցեր մեզի, այլ` կը փոխանցէ Աստուածորդիի կեանքի օրինակը եւ մեզի կը թելադրէ, որ մեր տունը ժայռի վրայ ամրացնենք, այսինքն` մեր կեանքի հիմերը պէտք է ըլլան տոկուն, անխախտ, որ ժամանակներու փոթորիկներուն դիմակայելով, որոնք անպակաս պիտի ըլլան մեր առօրեային մէջ, անոնք մնան կանգուն:
Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ համաշխարհային բարքերու մթնոլորտին մէջ օր ըստ օրէ կը վտանգուի մեր ինքնութիւնը, նաեւ կը վտանգուին բոլոր այն արժէքներն ու աւանդները, որոնք երկիւղածութեամբ կառուցուեցան եւ կերտուեցան մեր արդի կեանքին մէջ եւ մեր նախնիներուն կողմէ մեզի փոխանցուեցան, որպէսզի անոնցմով մենք զմեզ պաշտպանենք, նաեւ մնանք կանգուն գալիք ժամանակներուն համար:
Զատկական սուրբ պատարագէն անմիջապէս ետք, Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ շնորհաւորական ընդունելութեան մասնակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Սեդրակ Սարգսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի վարիչ մարմինի ատենապետ Վանիկ Տաքէսեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վիգէն Աւագեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան, Ազգային վարչութեան փոխատենապետ ու նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Ազգային վարչութեան անդամներ, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, թաղապետներ, թաղական խորհուրդներու, տիկնանց յանձնախումբերու եւ դպրաց դասերու անդամներ եւ ազգայիններ:










