Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2026-ի կէսօրէ առաջ ընդունեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչի նորընտիր Շրջանային վարչութեան կազմը` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Նելլի Աղասարգիսեանի:

Ծանօթացման այս այցելութիւնը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի այժմու իրավիճակին մասին` լուսարձակի տակ առնելով ԼՕԽ-ի դերակատարութիւնը գաղութի տարրական կարիքները հոգալու վերաբերեալ:  Սրբազան Հայրը մօտէն տեղեկացաւ այս կազմակերպութեան ներկայի կացութեան և անոր մշակած  ծրագիրներու իրագործման քայլերուն:

Արծարծուեցան նաեւ ներկայի ընկերային թէ ապահովական  անկայունութեան պայմաններուն յառաջացուցած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, յատկապէս` ընկերային ու տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ գտնուողներուն հասնելու եւ անոնց նեցուկ կանգնելու ճիգերուն մէջ:

Ողջունելով ու շնորհաւորելով նորընտիր կազմը` Սրբազան Հայրը յաջողութիւն մաղթեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան աշխատանքներուն: Ան իր օրհնութեան խօսքին մէջ մեծ դրուատիքով անդրադարձաւ կնոջական այս կազմակերպութեան նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն` յոյս յայտնելով, որ կացութիւնը կը բարելաւուի, եւ նորընտիր վարչութեան ժողովուրդին մատուցած ծառայութիւնները կ՛ընթանան աւելի հեզասահ կերպով: