Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտին Առիթով. Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին առիթով, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 11 հոկտեմբերին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ` ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու մեծ ընտանիքին:

Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ այս շաբաթ կը զուգադիպի Սրբոց Թարգմանչաց տօնին` գիրերու գիւտի յիշատակին: Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց այդ ժամանակաշրջանին, թէ ինչպէ՛ս աստուածային աջը Մեսրոպ Մաշտոցի դիմաց պատկերեց հայոց այբուբենը, որուն միջոցով թարգմանուեցաւ Աստուածաշունչը, որպէսզի մեր ժողովուրդը ո՛չ միայն ճանչնայ իր լեզուն, այլեւ իր կեանքի ճամբան կերտէ:

Սրբազանը յայտնեց, որ դարերու ընթացքին, տեսակաւոր վերիվայրումներու քովէն անցնելով հանդերձ, մեր ժողովուրդը իր հաւատքով, իր պատմութեան հաւատարմութեամբ ինքզինք կանգուն պահեց, աւելցնելով, որ հակառակ այն իրողութեան, որ մենք կը գտնուինք մեր հայրենիքէն հեռու, տակաւին կը խօսինք, կը գրենք եւ կ՛աղօթենք հայերէնով:

Անդրադառնալով կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին` Սրբազանը դիտել տուաւ, որ կիրակնօրեայ վարժարանը հայ ընտանիքին լաւագոյն եւ ամէնէն ապահով յենարանն է, եւ այս մէկը պէտք է մեր ժողովուրդը եւ յատկապէս մեր ծնողները լաւ ըմբռնեն, աւելցնելով, որ մեր եկեղեցւոյ սրբազան հաւատքը անարատօրէն կը պահպանուի եւ խնամքով նոր սերունդին կ՛աւանդուի, որպէսզի նոր սերունդը, իր կարգին, իր մասնակցութեամբ նոր կեանք տայ հայոց մշակոյթին եւ ապահովէ Հայոց պատմութեան շարունակականութիւնը:

Սրբազան Հայրը օրհնեց կիրակնօրեայ վարժարանները եւ մասնաւորաբար թեմի ա՛յն բոլոր նուիրեալները, որոնք հոգեւոր եւ ազգային մտայղութեամբ գուրգուրանքով կ՛առնչուին կիրակնօրեայ վարժարանին, որպէսզի անոր ընդմէջէն ընտիրը եւ արժէքաւորը փոխանցեն մեր սերունդներուն, որպէսզի այդպիսով ամրութիւն տան մեր համայնական կեանքին: Սրբազան Հայրը օրհնեց նաեւ բոլոր անոնք, որոնք կիրակնօրեայ վարժարանին կողքին կը մնան եւ իրենց մասնակցութեամբ կը զօրակցին Հայ եկեղեցւոյ աւանդը սերունդներուն փոխանցելու նուիրական աշխատանքին:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ ծառայած մշակներու հոգիներուն համար: