
Հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաւարման կարգ:
Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեան իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ մեր կեանքին մէջ Քրիստոսով ունինք այն լոյսը, որով մենք խաւարը կը շրջանցենք եւ պայծառ հորիզոնը մեր աչքին դիմաց տեսնելով, կը յարատեւենք ու կը հասնինք այն փառքին ու շնորհքին, որ մեր Տէրը պատրաստած է իր հաւատքով ապրող բոլոր հաւատացեալներուն համար: Սրբազանը շեշտեց, որ մարդ եւ Աստուած միասին պէտք է ըլլան, այլապէս` առանց Աստուծոյ անպայմանօրէն կեանքին պատճառած տեսակաւոր տագնապներուն մէջ խաւարի կը մատնենք մենք մեր կեանքը: Քրիստոս մեզի կը յիշեցնէ, թէ ինքն է աշխարհի լոյսը, այսինքն աշխարհին պատճառած խաւարը դարմանելու եւ փարատելու միակ միջոցն ու ճանապարհը:
Ան շեշտեց, որ եկեղեցական այս արարողութիւնը պէտք է ազդէ մեր կեանքին վրայ եւ նոր ուղղութիւն ու առաջնորդութիւն տայ մեզի, մասնաւորապէս ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ տեսակաւոր դժուարութեանց եւ տագնապներէ կ՛անցնի մեր կեանքը, ուստի այդ մթնոլորտին մէջ մեր հոգեկան աշխարհը ծանրաբեռնուած է մտահոգութիւններով եւ տեսակաւոր խնդիրներու դիմաց յաճախ կը դժուարանանք լուծումներու մասին մտածել եւ մենք զմեզ անօգնական եւ առանձին կը զգանք կեանքէն եկող հարուածներուն դիմաց: Սրբազանը հաստատեց, որ ամենասիրական շաբթուան առիթով Քրիստոս մեզի կ՛ըսէ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը», որպէսզի խրախուսուինք եւ ոգեւորուինք մեր կեանքին համար եւ իրմով լոյս գտնենք, նաեւ գտնենք մեր ապրած տագնապներուն բանալին, վերադասաւորենք մեր առաջնահերթութիւնները` միշտ յիշելով, որ ամէնէն հաստատուն իրողութիւնը Աստուծմով կերտուածն է, մնացեալները ժամանակաւոր են, որովհետեւ կը պատկանին այս աշխարհին, մինչ Աստուծոյ հաւատքով կերտուածը մնայուն, անխախտ եւ անսասան է:

