
Հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:
Ջուրի եւ իւղի օրհնութիւնը կատարելէ ետք եւ հետեւելով Քրիստոսի օրինակին` առաջնորդ սրբազանը ղենջակ կապած ու ծունկի գալով` լուաց 12 պատանիներու ոտքերը:
Ապա Շահէ արք. Փանոսեան իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ կը գտնուինք Աւագ շաբթուան խորհրդաւոր պայմաններուն մէջ, շեշտելով, որ այս առիթը մեզ բարեպաշտութեան եւ երկիւղածութեան հրաւիրող առիթ է, որովհետեւ կ՛անդրադառնանք, թէ Իր երկրաւոր կեանքի մէջ Քրիստոս ոչ միայն Իր գեղեցկագոյն պատգամները զինք շրջապատող հարազատներուն փոխանցեց, այլեւ Իր սեփական կեանքին օրինակը փոխանցելով անոնց` թելադրեց, որ Իր յիշատակով իրենք եւս շարունակեն նոյնպէս ապրիլ: Անդրադառնալով ոտնլուայի արարողութեան` սրբազանը յիշեցուց, թէ Քրիստոս ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց իրեն համար ամէնէն սիրելի եւ հարազատ անձերուն` իր սեփական աշակերտներուն հետ եւ միայն անոնց համար եւ իբրեւ սիրոյ արտայայտութիւն` Ան իր աշակերտներուն առջեւ ծունկի գալով` խոնարհեցաւ եւ անոնց ոտքերը լուալով թելադրեց, որ իրենք միեւնոյն օրինակով վարուին իրարու հետ, աւելցնելով, որ մենք ալ կը կատարենք ոտնլուայի արարողութիւնը յիշելու համար մեր Տէրը, նաեւ` Իր կեանքի օրինակէն օրինակ քաղելու մեր կեանքին համար, որպէսզի աշխարհի պայմաններու մէջ շեղումներ ապրող մեր կեանքի ընթացքը փոխակերպուի աստուածային սիրոյ հասկացողութեան մէջ, անցեալի տրամաբանութեամբ եւ ապրումներով, որպէսզի այդ ձեւով մենք մեր անհատական, բայց մասնաւորապէս մեր համայնական ու եկեղեցական կեանքը վերակազմակերպենք եւ մեր հասկացողութեամբ ու մեր արժէքներով զայն աշխուժացնենք:
Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ ոտնլուայի արարողութիւնը սովորութիւն է, բայց անկէ անդին` նուիրական տարբեր խորհուրդ պարունակող իրողութիւն է մեր Եկեղեցւոյ մէջ, որպէսզի սերունդէ սերունդ մեզ կանխող բոլոր ժամանակներուն ապրած մեր նախնիներուն յիշատակով մեր զաւակներուն սորվեցնենք, թէ մեր ժողովուրդը անցնող ժամանակներուն, իր հաւատքին, իր նուիրաբերութեան օրինակով եւ արարքներով ապրեցաւ ու գոյատեւեց:
Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդը ըսաւ, որ կ’ապրինք ծանր օրերու մէջ, եւ երկար ժամանակներէ ի վեր մեր կեանքը ենթակայ է տեսակաւոր դժուարութիւններու, եւ աշխարհը օր ըստ օրէ աւելի ինքզինք կը պարտադրէ բոլորիս մեր նկարագիրը, մեր բարոյական սկզբունքները` մեր ազգային հասկացողութիւնները կասկածի տակ դնելով, եւ այս բոլորին դիմաց մենք կարիքը ունինք առաւելաբար մեր հաւատքին, նաեւ` աստուածային այն իմաստութեան, որ Քրիստոս փոխանցեց Իր աշակերտներուն, որպէսզի խաղաղութեամբ իրենց կեանքը ապրին եւ յարատեւեն իրենց վստահութիւնը կապելով իրենց տիրոջ` Աստուծոյն:
«Աւագ շաբաթը մեզ զգաստութեան հրաւիրող, բարեպաշտութեան հրաւիրող առիթ է եւ առիթ է մեզի, որ Աստուծմով օրհնութիւն վերադարձնենք մեր կեանքին եւ զայն մեր գուրգուրանքով, մեր սիրով, մեր երկիւղածութեան շունչով, մեր նուիրումով ու խոնարհութեան օրինակով մեր զաւակներուն փոխանցենք, որպէսզի իրենց քով իսկապէս մեր կեանքը յարատեւէ ու ամրանայ», հաստատեց սրբազանը եւ եզրափակելով իր խօսքը` յորդորեց ներկաները իրարու զօրավիգ ըլլալ եւ կանգուն պահել` մեր Եկեղեցին, մեր դպրոցները, մեր կառոյցներն ու հաստատութիւնները, մեր տունը, մեր ընկերութիւնը, մեր համայնական կեանքը, նաեւ` նուիրական այն սրբութիւնները, որոնք անցնող ժամանակներուն մեր ժողովուրդի կամքով արմատացան մեր ինքնութեան մէջ:

