Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին. Ուսուցչաց Տօնի Հանդիսաւոր Նշում Եւ Բազմավաստակ 45 Կրթական Մշակներու Պարգեւատրում

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 8 մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց օրուան ընթրիք-տօնակատարութիւն: Ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամներ, վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ եւ անձնակազմերու անդամներ:

Տօնակատարութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի գործավար Րաֆֆի Տէմիրճեան: Ան նշեց, որ ձեռնարկը կը նպատակադրէ ուրախ եւ քաջալերական մթնոլորտի մէջ գնահատել ընդհանրապէս ուսուցիչները եւ ի մասնաւորի հայ ուսուցիչները, որոնք նուիրումով եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ կը կատարեն իրենց աշխատանքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:

Ուսումնական խորհուրդին անունով արաբերէն լեզուով խօսք առաւ Շանթ Ստեփան: Ան նկատել տուաւ, թէ գարնան գալուստով, որ կեանքի վերադարձի եւ վերանորոգութեան ժամանակաշրջան մըն է, կը տօնախմբենք մեզի համար շատ սիրելի առիթ մը` Ուսուցչաց տօնը, մեծարելու  համար մեր վարժարաններուն մէջ կրթական եւ մշակութային առաքելութեան լծուած մեր տնօրէնները, ուսուցիչներն ու պաշտօնէութիւնը: Ստեփան ըսաւ, որ կրթական մշակները այն մոմերն են, որոնք կը լուսաւորեն մեր ուղին մանկութենէն մինչեւ երիտասարդութիւն: Անոնք յատուկ առաքելութեամբ կը նուիրուին մեր ծառայութեան` ջամբելով կրթութիւն եւ գիտելիքներ, սորվեցնելով ամէնէն բարձր առաքինութիւնները, մեզ լաւ մարդ դարձնելու նպատակով, որպէս իրենց հպարտութիւն:

Եզրափակելով իր խօսքը Շանթ Ստեփան կոչ ուղղեց բոլորին` իրենց խոստումին համաձայն յարատեւ ցանելու յոյսի եւ լաւատեսութեան սերմերը նորահաս սերունդներու հոգիներուն մէջ, ուրկէ նաեւ փարատելու յուսահատութիւնն ու յոռետեսութիւնը, որպէսզի անոնք ըլլան հպարտ, բարգաւաճ եւ ազատ ազգի մը փայլուն եւ լուսաւոր ապագայի բոցը:

Օրուան պատգամը հայերէնով արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան: Ան նկատել տուաւ, որ անցնող տարիները շատ բան փոխեցին մեր առօրեային եւ կրթական կեանքին մէջ, սակայն փաստ է, որ հակառակ բոլոր փոթորիկներուն, ազգային մեր վարժարանները կանգուն մնացին` առաջին հերթին շնորհիւ մեր ուսուցչական կազմերուն, որոնք տոկացին ու դիմադրեցին շրջապատի տեսակաւոր դժուարութիւններուն:

«Կրթական պատասխանատուներ` տնօրէններ, դասանիւթերու համակարգողներ եւ վարժարաններու անձնակազմեր չարտօնեցին, որ որեւէ ընկրկում եւ նահանջ արձանագրուի կրթական ճակատի վրայ` քաջ գիտակցելով, որ հաւաքական մեր կեանքի ամրութեան հիմնական նախապայմանը կրթական ճակատին ամրութիւնն է», աւելցուց ան:

Վ. Աւագեան իր պատգամին մէջ նշեց. «Մենք տակաւին չենք շրջանցած Լիբանանը հարուածող փոթորիկները եւ անոնց մէ՛ջն ենք: Փոթորիկները մեր չորս կողմը աւերներ կը գործեն, իսկ մենք կը շարունակենք, պիտի՛ շարունակենք մեր երթը, որովհետեւ ջերմօրէն հաւատացողներն ենք կրթական գործին:

«Կրթութիւնը հայ մարդուն համար յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ: Իսկ կրթութեան մարզը կարելի չէ պատկերացնել առանց ուսուցիչին: Կրթական միջավայրին, դպրոցական ուսման եւ դաստիարակութեան շունչ տուողը ուսուցիչն է: Աշակերտին մտածելու եւ դատելու կարողութիւնը զարգացնողը, մտային եւ հոգեկան պաշարը հարստացնողը ուսուցիչն է», շեշտեց Վիգէն Աւագեան` հաստատելով. «Ամէն մարդ չի կրնար ուսուցիչ ըլլալ եւ ուսուցիչ մնալ` երբ գիտակից պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ ասպարէզին: Ուսուցչութիւնը կոչումի եւ խառնուածքի հարց է: Սովորական գործ չէ՛, մասնագիտութիւն չէ՛: Առաքելութիւն է»:

Աւագեան դիտել տուաւ, որ աշխարհին վրայ չկայ աւելի պատասխանատու գործ, քան մարդակերտումը, որ կը կատարուի ուսուցիչներու համբերատար աշխատանքով: «Ուսուցիչը մտքի եւ հոգիի մշակ է: Բարոյական արժէքներու պահապան է: Ուսուցիչը ազգայի՛ն արժէք է, որուն պէտք է յարգանք մատուցանել ոչ թէ տարին մէկ օր, այլ` ամէն օր: Եթէ հայ զինուորը զէնքով կը պաշտպանէ իր հայրենիքն ու ժողովուրդը, ուսուցիչը գրիչով ու թուղթով, դասով ու գիրքով կը մարտնչի յանուն աւելի լաւ հայրենիքի եւ հայութեան կերտումին», ըսաւ ան:

Պատգամին աւարտին, Ուսումնական խորհուրդի ատենապետը Ուսուցչաց տօնին առիթով շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն` խոնարհելով անոնց մեծութեան, ծառայութեան եւ նուիրումին դիմաց, բոլորին մաղթելով առողջութիւն, գեղեցիկ ցանկութիւններու իրականացում եւ իրենց աշակերտներու յաջողութիւններով ուրախանալու հպարտութիւն: Ապա, ան ըսաւ. «Իբրեւ Ուսումնական խորհուրդ, համեստ քայլ մը կ՛առնենք այսօր, երբ կը նախաձեռնենք վաստակաւորի կոչում եւ յարգանք ընծայելու ազգային վարժարաններու կրթական այն մշակներուն, որոնք անցնող աւելի քան 25 տարիներուն ձեւ ու կերպարանք տուին մեր կեանքին, գիտելիք, կրթութիւն, ոգի եւ ապրում փոխանցեցին յաջորդական սերունդներու: Նման մեծարանք վերջին անգամ կատարուած է 31 տարի առաջ, 23 մայիս 1993-ին, «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ճաշկերոյթի մը ընթացքին, ուր ազգային իշխանութեան կողմէ պարգեւատրուած են լիբանանահայ վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող, հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ եւ 30 տարիներէ աւելի ծառայութիւն ունեցող կրթական 96 մշակներ: Մաղթենք եւ յուսանք, որ յաջորդ մեծարանքը 31 տարի չ՛ուշանար եւ բոլորս առիթը կ՛ունենանք ծափահարելու եւ գնահատելու հոս նստող եւ կամ գալիքին մեզի միացող ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, որոնք իրենց վաստակով արժանի հետեւորդները պիտի ըլլան այսօրուան մեծարեալներուն»:

Այնուհետեւ յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան 25 եւ աւելի տարիներէ ի վեր ուսուցչական ասպարէզին ծառայող, ազգային վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող 45 կրթական մշակներ.-

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան` Լիւսի Յարութիւնեան, Զապէլ Փաչանեան-Սալլում, Զեփիւռ Գասպարեան-Կարապետեան, Մարալ Գզիլ Օղլի Էքմէքճեան, Վերա Ժամկոչեան-Ստեփանեան, Լիւսի Մկրտեան-Գազանճեան, Շողիկ Ուլաշեան, Թամար Չոլաքեան-Ստեփանեան, Ճենի Սանդուխտեան, Մարիթա Օհաննէս-Օհաննէս, Թալին Օրտողլեան, Ռիթա Գասապեան-Գազանճեան, Սեւան Դանիէլեան-Մկրեան, Ադամ Թազեան, Զեփիւռ Նէնէճեան, Էլմոնտ Գալֆայեան:

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան`  Գոհար Մանճեան, Ղատա Թաթինեան, Լենա Աշգարեան-Սթամպուլեան, Ֆատի Մաալուֆ, Ժոզէֆ Հատտատ, Նանոր Փանոսեան-Պետրոսեան, Սեւան Ադամեան-Փամպուքեան, Միշլին Սահիուն-Հապէշեան:

Ազգային Միացեալ վարժարան`  Նելլի Վէքիլեան, Մարիա Նաճարեան-Ինճէեան, Տիգրանուհի Ճինպաշեան-Թովմասեան, Նաժլա Ապպուտ-Ատաս, Կարօ Այնէճեան, Նուհա Եէմին, Ռիթա Աթիքեան-Օհաննէսեան, Արմէն Ապտալեան, Սեդա Ակոբեան-Զարմէնեան, Լենա Կարապետեան-Գասպարեան, Լինա Ֆրուսին-Նասրի, Լենա Այնթապլեան-Ղազարեան, Մատլէն Էզաճեան-Վարդան, Մարալ Խաչերեան-Սապունճեան:

Ազգային Նուպարեան – Խրիմեան վարժարան`  Վաչէ Հարմանտայեան, Հատաուաթ ալ Հանի, Անահիտ Փարակասեան, Թերեզա Միքայէլ, Ռեմոն Ֆըրզոլի, Մարիա Հարմանտայեան, Անի Չափարեան:

Աւարտին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան իր սրտի խօսքին մէջ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայեց Ուսուցչաց օրուան առիթով հաւաքուելու ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ: Ան նկատել տուաւ, որ հակառակ երկրի մէջ տիրող քաղաքական վիճակին, լիբանանեան իւրայատկութիւնը առիթ կը ստեղծէ, որ մենք պահ մը` կեանքի դժուարութիւնները մոռնալով, քով-քովի համախմբուած` տօնական մթնոլորտի մէջ նշենք Ուսուցչաց օրը: Սրբազանը ըսաւ, որ տարուան ընթացքին միշտ առիթը չենք ունենար գնահատելու մեր վարժարաններու կրթական մշակները, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ միշտ չենք աղօթեր, այլ` վստահեցուց, որ անոնք միշտ մեր աղօթքներուն մէջ են եւ մեր սրտի բարեմաղթութիւններով շարունակաբար զիրենք նաեւ Աստուծոյ հոգատարութեան կը յանձնենք: Ան հաստատեց, որ Աստուած մեր աշխատանքներուն մէջ մեզի հետ է, այլապէս` անցնող քանի մը տարիներուն մեր ապրած տագնապներուն ընթացքին անկասկած բոլորս ալ պիտի խորտակուէինք, սակայն բոլորս կանգուն ենք, կը գործենք, որպէսզի մեզմով հայ կրթութեան սրբազան աշխատանքը յարատեւէ, նաեւ յարատեւեն մեր վարժարանները, որպէսզի մեր ժողովուրդին արժէքները կարենանք մեր զաւակներուն փոխանցել այն ոճով, ճաշակով եւ նախանձախնդրութեամբ, զորս մենք կ՛ուզենք:

«Այս պատճառով, մենք բոլորս հայ դպրոցի կողքին ենք, որովհետեւ գիտենք, որ մեր ամրութիւնը կախեալ է հայ դպրոցէն,  հայ դպրոցով պայմանաւորուած է մեր կեանքը», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը: Խօսքը ուղղելով ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն` ան շեշտեց, որ ծանրագոյն պարտականութիւնը անոնց ուսերուն  դրուած է, հետեւաբար իրենցմէ կ՛ակնկալուի եւ կը պահանջուի առաւելագոյնը մեր կեանքի յարատեւութեան համար` քաջ գիտնալով, որ իրենք եւս, նման լիբանանցի ժողովուրդին, կ՛ապրին իրենց դժուարութիւններն ու տագնապները, բայց այդ բոլորին դիմաց յոյսը վառ կը պահեն` հաւատալով, որ մեր առօրեայէն ներս անկասկած պիտի դիմաւորենք նաեւ գեղեցիկ արշալոյսներ: Սրբազանը այս ակնկալութեամբ ողջունեց բոլորը` աղօթելով, որ Աստուած իսկապէս առիթ ընծայէ, որ այս կրթական տարեշրջանը ուրախութեամբ եւ արդիւնքով իր աւարտին հասցնենք: Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան մաղթեց, որ յառաջիկայ կրթական տարեշրջանը ըլլայ ո՛չ միայն արդիւնաւոր, այլ նաեւ պայծառ պայմաններու մէջ յարատեւէ, որպէսզի մեր կեանքը քիչ մը քաղցրանայ, մենք վերադառնանք մեր նախկին եռանդին եւ վաղուան հաշուոյն նոր աւանդ կուտակենք, նոր մարդուժ պատրաստենք, որպէսզի հայ կրթութեան սրբազան աշխատանքը` մեզմով պատասխանատու կերպով փոխանցուի գալիք սերունդներուն եւ այդպէս առաւել եւս պայծառանայ ու յարատեւէ:

Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան ջութակահար Լիւսի Չամսարեան եւ երգիչ Վիգէն Տիշչէքէնեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սագօ Պետրոսեանի: Այս առիթով ցուցադրուեցաւ ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, որուն մէջ ազգային վարժարաններու աշակերտներ չորս լեզուներով իրենց բարեմաղթութիւնները կը փոխանցէին իրենց ուսուցիչներուն:

Ընթրիքի պաշտօնական բաժինէն ետք, տօնակատարութիւն-խրախճանքը խանդավառ մթնոլորտի մէջ շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ երեկոյ: