Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

 

9 եւ 10 մարտին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:

Արդարեւ, շաբաթ 9 մարտին, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան, տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն: Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած էին կրպակներ, ուր ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը, ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղը, «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը կը վաճառէին ուտելիքներ:  Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին ելոյթ ունեցաւ «Փաուըրֆուլ քիտզ թիմ» մանկապատանեկան խումբը, իսկ ժամը 6:00-էն սկսեալ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ երգիչներ Մհեր Չափարեանի, Էտի Նալպանտեանի, Կասիա Շատարեւեանի, Րաֆֆի Կէօվօղլանեանի, մասնակցութեամբ Շանթ Տիշչէքէնեանի եւ Յարութ Կիւլիւզեանի, նաեւ` Յովսէփ Թերզեանի: Յայտնենք, որ յայտագիրին զուգահեռ, պատրաստուեցաւ աւանդական մատաղը:

Կիրակի, 10 մարտին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Արաքս փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: Ապա թափօրը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Սեբաստիոյ մէջ 4-րդ դարու սկիզբը նահատակուած 40 վկաներուն, որոնք մանուկներ չէին, այլ` Փոքր Ասիոյ տարբեր քաղաքներէ եկած 40 երիտասարդ զօրականներ, որոնք հաւատարմութեամբ իրենց զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէին հռոմէական սահմանապահ գունդին մէջ, աւելցնելով, որ երբ այս 40 կտրիճները աներկիւղ իրենց ինքնութիւնը յայտարարեցին եւ հակառակ իրենց դէմ ի գործ դրուած բռնութեանց, մերժեցին հեթանոսական բարքերուն դառնալ, իբրեւ պատիժ, անոնք ձմեռնային եղանակին նետուեցան մօտակայ սառցապատ լիճին մէջ, որպէսզի տանջանքով մահանան: Ամբողջ գիշեր մը սառոյցներուն մէջ անցընելէ ետք, առաւօտուն անոնք լիճին վրայ յայտնուեցան կենդանի ու  լոյսէ պսակներով զարդարուած: Ուստի հրաշքով ձմեռնային սառնամանիքին դիմացած վկաները հռոմէացի զինուորներուն կողմէ դաժանօրէն սպաննուեցան:

Սրբազանը դիտել տուաւ, որ անոնց պատմութիւնը արժէք ունի, եթէ պատճառ կը հանդիսանայ, որ մեր մէջ բարոյական գիտակցութիւն յառաջանայ, ու հաւատքի ձգտում մը զարգանայ, այլապէս, եթէ անոնց յիշատակը ոչինչ պիտի բերէ մեր կեանքին, ոչինչ պիտի փոխէ մեր առօրեային ու ըմբռնումներուն մէջ ու մեզ աւելի բարձր արժէքներու մղելով` աւելի շքեղ աշխատանքի պիտի չտանի, անիմաստ է մեր բարեպաշտութիւնը:

«Հետեւաբար պէտք է զգանք, որ այս առիթը միայն անցեալի յուշ չէ, այլ իր մէջ կը պարունակէ կոչ ու պատգամ, որպէսզի աշխարհի մէջ յաղթական մնալու ճիգ կատարենք: Պէտք է նաեւ զգանք, թէ մեր կեանքը չի կրնար բարձրանալ ու բարգաւաճիլ միայն աղօթքով ու քարոզներ մտիկ ընելով: Աղօթքին ու քարոզի կողքին, պէտք է նաեւ անդրադառնանք, որ իբրեւ քրիստոնեաներ`  ընելիք ունինք նաեւ Աստուծոյ ու մեր շրջապատին համար», շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ մեծ գործի մը պատասխանատուութիւնը կը կրենք մեր վրայ, մասնաւորաբար` մեր զաւակներուն հոգեւոր ու բարոյական վիճակը ուղղելու ու բարձրացնելու պարտականութիւնը, որ շատ անգամ կը խուսափի մեր ուշադրութենէն եւ կը ձգուի պատահականութեանց: Ան հաստատեց, որ պէտք է նաեւ գիտակցինք, թէ բարեպաշտութիւնը միայն եկեղեցւոյ մէջ չէ, այլեւ` մեր տուներուն, մեր ընտանիքներուն ու մեր համայնական կեանքի վիճակներուն մէջ, եւ հարց տուաւ, թէ արդեօք կը զգա՞նք, թէ աշխարհին մէջ ի՜նչ տեսակի մեծ զօրութիւններ կան մեզի դէմ գործող, նաեւ կ՛անդրադառնա՞նք, թէ հին օրերու օրհնութիւնը սկսած է ընդմիշտ հեռանալ մեր կեանքէն:

«Կը յաջողի՞նք մեր հոգիները ուղղել դէպի Աստուած: Ի՞նչ տեսակ կեցուածք կը ցուցաբերենք, որպէսզի մեր հաւաքական  կեանքին ընթացքը բարձրացնենք: Ներկայ տագնապալի պայմաններուն մէջ, գէթ` բարոյապէս իրար օգնելու համար, ճիգ կը թափե՞նք. գէթ իրարու համար կ՛աղօթե՞նք, քրիստոնէավայել կեանքի օրինակը կ՛արտայայտե՞նք, ողորմած ըլլալու փաստը կու տա՞նք, բարոյական կեցուածքով զիրար կը պաշտպանե՞նք ու կը բարձրացնե՞նք», հարց տուաւ Սրբազան Հայրը` նշելով, որ քրիստոնեային առաջին գործը աւետարանի քարոզութիւնն է, որ անպայմանօրէն բերանացի չի կատարուիր, այլ սուրբ վարքով ու սուրբ գործերով կ՛արտայայտուի: Այլ խօսքով, քրիստոնեան իր կեանքով աւետարանի ճշմարտութիւնները կը ճառագայթէ իր շրջապատէն ներս, եւ երբ մեր շրջապատը տեսնէ, թէ աստուածավախ ու բարեպաշտ ենք, խոնարհ, մարդասէր ու իրարու հանդէպ ուրախակից ու ցաւակից ենք, այն ատեն կը հաւատան, որ մեր սուրբերուն հոգին կը կրենք:

Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց 40 մանուկներու նահատակութեան յիշատակին դիմաց, ուխտել մեր վարքով ու կեանքով քրիստոնէական կենարար արժէքներ արտայայտել ու սերունդներու գիտակցութեան մէջ ամէն տեղ ու ամէն օր պաշտպանել, տարածել ու ամրացնել այն լոյս հաւատքը, որ աւետարանով կը ճառագայթէ մեր կեանքէն ներս:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: