Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Եւ Կիսասարկաւագական Ձեռնադրութիւն

Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 7 ապրիլ 2024-ին առաւօտեան ժամը 9:30-ին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան  ժամանեց եկեղեցւոյ կից գտնուող փողոցը, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան, ապա առաջնորդութեամբ ՀՄՄ-ի շեփորախումբին, եկեղեցւոյ ընտանիքին եւ ժողովուրդին` թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Յարութիւն եկեղեցի, ուր Առաջնորդը մատուցեց ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը կատարեց կիսասարկաւագական ձեռնադրութիւն:

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, այս օրը Կրկնազատիկ է, կամ Նոր կիրակի, եւ այս երկու անուանումները իրենց տեղն ու արժէքը ունին բոլոր անոնց մօտ, որոնք կ՛անդրադառնան ու կը գիտակցին, թէ կեանքէն ներս անպայմանօրէն ամէն բան հրաշքով տեղի չ՛ունենար, այլ կեանքը դէպի վեր մղելու համար Աստուած մեզ իբրեւ խորհրդակիցներ ընտրած է, որպէսզի աշխարհի մէջ իւրաքանչիւրը պարտականութիւններ կատարելով, ինքզինք Աստուծոյ համար միջոց դարձնելով` երկրաւոր պայմաններու մէջ Աստուծոյ գոյութեան փաստը արտայայտէ իր կեանքով, ինչպէս նաեւ ինքզինք մղէ դէպի յաւիտենականն ու յաւերժը: «Նոր կիրակի է այսօր բոլոր անոնց համար, որոնք Քրիստոսի յարութեան աւետիսը ստանալէն ետք կ՛անդրադառնան, թէ իրենք իսկապէս այդ հրաշափառ յարութեամբ նոր կեանքի արժանացան, նոր շնորհներ ձեռք բերին, նոր կարողութիւններու տէրը դարձան, սակայն այս բոլորը արժէք չունին, եթէ իսկապէս այդ բոլորը ստացողը զանոնք չփորձէ իբրեւ շնորհ իր շրջապատին փոխանցել», շեշտեց Սրբազանը` աւելցնելով, որ այս օրինակը Աստուած նոյնինքն Քրիստոսի յարութեան շնորհիւ մեզի փոխանցեց:

Անդրադառնալով կատարուած կիսասարկաւագական ձեռնադրութեան` Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ մեր եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին մէջ յուզիչ պահ է նշմարել ընծայեալներու ծնրադրութիւնը սուրբ խորանին առջեւ, որոնք կամովին կ՛ընդառաջեն, որպէսզի մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան համար պարտականութիւններ ստանձնելով` պայծառ պահեն մեր եկեղեցւոյ կեանքն ու գործունէութիւնը: Սրբազանը ըսաւ, որ մենք կը հաւատանք կոչումի գիտակցութեան, որ Աստուծմէ եկող քաղցր ձայն մըն է, որ յաճախ կ՛արձագանգէ բոլորիս կեանքէն ներս, սակայն ամէն մարդ չ՛ընդառաջեր Աստուծոյ կողմէ եղած կոչին, որովհետեւ ամէն մարդ պատրաստակամութիւնը չունի ծառայելու,  աւելցնելով, որ ներկայ ընկերութիւնը օր ըստ օրէ մեզ աւելի կը հեռացնէ մեր արմատներէն ու ազգային գիտակցութենէն եւ կը ջանայ մեզ համոզել, որ ամէն մարդ ինքն իրեն համար, իր առողջութեան եւ իր հանգիստին համար միայն պէտք է տքնի եւ աշխատի, մինչ այդ պէտք է բոլորս իրարու հետ գործակից ըլլանք եւ հաւաքաբար մեր դիմաց յարուցուած խոչընդոտները շրջանցելով` կարենանք մեր հայրերուն հաւատքով, մեր անցեալի արժէքներով եւ ըմբռնողութեամբ շարունակել մեր կեանքը: Սրբազանը ցաւով յայտնեց, թէ մեր կեանքի իրողութեան մէջ սպասաւորներուն թիւը սկսած է նուազիլ, եւ բացատրեց, որ սպասաւորութիւն` կը նշանակէ ծառայութիւն, եւ ծառայել կրնան անոնք, որոնք մեր Տիրոջ օրինակին նայելով` կ՛ուզեն իրենց կեանքի ընթացքը ուղղել, շտկել եւ նմանիլ Աստուածորդւոյն, որ աշխարհ եկաւ մարդու կարիքներուն ծառայելու սրբազան առաքելութեամբ, նաեւ ծառայել կրնան անոնք, որոնք այդ օրինակով իրենց ունեցած շնորհները կ՛ընծայեն եկեղեցւոյ եւ ազգին սպասաւորութեան սրբազան գործին:

Եզրափակելով իր խօսքը, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց կիսասարկաւագ ընծայեալները` մաղթելով, որ սպասաւորութեան ճամբով անոնք արժանի ըլլան եկեղեցւոյ, նաեւ` համայնքի կեանքէն ներս ստանձնելու աւելի մեծ պարտականութիւններ: Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան կոչ ուղղեց ներկաներուն` առաջնորդելու իրենց զաւակները դէպի եկեղեցի, եւ աղօթեց, որ Նոր կիրակիի առիթով նոր շունչ, նոր տեսիլք, նոր պայծառութիւն հաստատուի մեր եկեղեցական եւ համայնական կեանքէն ներս, որպէսզի` «Խոյս տալով մեր դիմաց յարուցուող տեսակաւոր դժուարութիւններէն` կարենանք անսայթաք շարունակել մեր ընթացքը»:

Յայտնենք, որ ս. պատարագի ընթացքին եկեղեցւոյ դպիրներէն Հայկազ Կէօքէօզեան, Ժագ Թաշճեան, Փիեր Մուրաջանեան, Ճորճիկ Իննէճեան, Յակոբ Կիւվլէքճեան ստացան կիսասարկաւագական աստիճան:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Այնուհետեւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: