Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Կազմակերպութեամբ Ուսումնական Խորհուրդին. Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութեան Հաւաք` Առ Ի Զօրակցութիւն Արցախին Եւ Արցախահայութեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, հինգշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի կողքին ենք» խորագիրով լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտական զօրակցական հաւաք` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին, Ուսումնական խորհուրդի անդամներուն, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, դպրեվանքի տեսչութեան, կրթական մշակներու եւ միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք օրուան հանդիսավար, Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտ Սօսէ Խաչատուրեան ներկայացուց յայտագիրի ընթացքը: Ան նաեւ խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել Արցախի նահատակներուն յիշատակը:

Հաւաքին հայերէնով բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի աշակերտ Հրակ Դրօ Կիւրիւնլեան: Ան նկատել տուաւ, որ աշակերտութիւնը սովորաբար կը հաւաքուի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան մատուռին շուրջ` յարգելու համար յիշատակը մեր նահատակներուն եւ միասնաբար մեր ազգի գոյատեւման ու հայ մնալու մեր ուխտը վերանորոգելու, սակայն այսօր հաւաքուած ենք Արցախի բռնագրաւման, արցախցիները բռնագաղթի եւ սպանդի ենթարկող, մեր պատմամշակութային յուշակոթողները պղծող նոյն ցեղասպանին դէմ մեր բողոքը յայտնելու եւ զօրակցելու այս պահուն իսկ տեղահանուող մեր հայրենակիցներուն: Ան շեշտեց, որ Արցախը կ՛ապրի ճակատագրական օրեր` այսօրուան քաղաքակիրթ աշխարհին ներկայութեան, աւելցնելով, որ կ՛ըսեն, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, եւ Արցախը դաւաճանաբար կը յանձնուի թշնամիին, իսկ մենք կ՛ըսենք` ուրեմն մեր յաղթանակներն ալ պիտի կրկնուին, եւ մեր պայքարը պիտի ընդարձակուի: Ան շեշտեց, որ մեր պատմութեան ամէնէն դաժան օրերուն իսկ Արցախը իր մելիքութիւններով եւ ինքնիշխանութեամբ հայոց պատմութեան էջերուն մէջ յատուկ տեղ գրաւած է` հաստատելով, որ Արցախը այն հողն է, որ ջրուած է հազարաւոր նահատակներու արիւնով, անիկա նաեւ ամէն հայու տունն է, սիրտն է, արժանապատուութիւնն է, եւ Արցախը կորսնցնելով մենք ենթակայ կ՛ըլլանք մեծ պետութիւններուն: «Հաւաքական կամքով ու աշխատանքով պէտք է կերտենք զօրաւոր Հայաստան մը` Արցախը փրկելու յոյսով եւ վճռականութեամբ», ըսաւ Հրակ Դրօ Կիւրիւնլեան:

Այնուհետեւ ներկայացուեցան աշակերտական խօսքերը: Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտ Սէրլի Թերզեան արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ հաւաքուած ենք լուսարձակի տակ առնելու ներկայ աշխարհի մարդկային եւ պատմական ամէնէն կարեւոր հարցը, որն է հայ ժողովուրդի տառապանքը Արցախի մէջ` աւելցնելով, որ Ազրպէյճանը որոշած է Թուրքիոյ նման հայ ժողովուրդը բնաջնջել, սակայն աւելի կարճ ժամանակամիջոցի մէջ: Թերզեան հարց տուաւ, թէ ո՞ւր է մարդկութեան խիղճը Արցախի նկատմամբ` շեշտելով, որ հայութեան տառապանքները արհամարհելը կ՛առաջնորդէ մարդկային իրաւունքներու կորուստին եւ մեզ կը յիշեցնէ միասնակամ եւ իրարու կողքին ըլլալու կարեւորութիւնը: «Հայ ազգը արժանի է ապրելու խաղաղութեամբ եւ արժանապատուութեամբ», եզրափակեց Թերզեան:

Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտ Գէորգ Պալեան անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ներկայիս Արցախի մէջ կը գործադրուի երկրորդ ցեղասպանութիւն, եւ համայն աշխարհը միայն կը դիտէ ու ոչ մէկ քայլի կը դիմէ արգիլելու համար այս յանցագործութիւնը: «Մենք թոյլ պիտի տանք անարժէք եւ անզգամ երկրի մը, որ մեզմէ խլէ՞ մեր պատմական գեղեցիկ երկիրը: Ատիկա անընդունելի է: Մեր իրաւունքն է ապրիլ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մէջ», շեշտեց Պալեան` հաստատելով, որ Արցախը մեռած չէ, եւ մենք թոյլ պիտի չտանք, որ մեռնի: Մենք պէտք է արթննանք նախքան ուշ ըլլալը:

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի աշակերտ Սալբի Սալորեան հայերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ աշակերտական այս հաւաքին առիթը տարբեր է, որովհետեւ հաւաքուած ենք հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն մութ փուլերէն մէկուն ընթացքին` աւելցնելով, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած դաւադիր քաղաքականութեան պատճառով մենք կորսնցուցինք մեր բոլորին հպարտութեան աղբիւրը նկատուող անառիկ Արցախը: Ան հարց տուաւ, թէ պէ՞տք է լուռ մնանք եւ ըսելիք չունենանք: Պէ՞տք է ընդունինք կատարուածը` իբրեւ մեր ճակատագիրը եւ պէ՞տք է յուսահատինք ու յուսալքուինք` աւելցնելով, որ կը հաւատանք, որ ասիկա վերջակէտ չէ եւ Արցախի պատմութեան գիրքին վերջին էջը չէ, որովհետեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ միշտ եղած են ճակատագրական պահեր, դաւադրութիւններ, պարտութիւններ, սակայն նոյնքան եւ աւելի յաղթանակներ ու փառքի տարիներ: «Մենք հիմա միասին` իբրեւ մէկ բռունցք, պիտի չթուլնանք մեր ազգային պարտականութենէն, պիտի չմոռնանք մեր նահատակները, պիտի չհրաժարինք մեր սուրբ Արցախէն եւ մեր պայքարի ոգին միշտ վառ պիտի մնայ», եզրափակեց Սալորեան եւ հրաւիրեց  ներկայ աշակերտութիւնը ուխտելու տէր կանգնիլ Արցախին ու անոր Դատին, չզիջիլ երբեք մեր իրաւունքներէն, ամէն ճիգ ի գործ դնել, որ Արցախը վերանկախանայ եւ անոր դրօշը վերստին ծածանի ազատ ու անկախ երկինքի տակ:

Օրուան պատգամը ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան: Ան դիտել տուաւ, որ բոլորս անտրամադիր ենք, մեր հոգեկան վիճակը խաղաղ չէ, մեր միտքերը մտահոգ են, որովհետեւ բոլորս Արցախ ենք, սակայն պէտք չէ յուսահատինք, որովհետեւ մարդկային կեանքին մէջ յուսահատութիւնը կ՛առաջնորդէ անձնասպանութեան, իսկ ազգային կեանքին մէջ յուսահատութիւնը կ՛առաջնորդէ ազգասպանութեան, որ ցեղասպանութենէն աւելի դաժան է, աններելի մեղք է, որովհետեւ յուսահատութենէ ետք դարձ չկայ: Հայր սուրբը նկատել տուաւ, որ մենք կրնանք յուսախաբ ըլլալ, որովհետեւ մարդկային տկարութիւնը կրնայ յուսախաբութեան տանիլ, բայց իբրեւ քրիստոնեաներ եւ իբրեւ հայ ժողովուրդ ու հայ աշակերտներ` մենք իրաւունք չունինք եւ չենք կրնար յուսահատ ըլլալ` շեշտելով, որ եթէ մենք կը հաւատանք, որ Արցախի հետ ենք եւ բոլորս Արցախ ենք, չենք կրնար յուսահատ ըլլալ: Արցախցին չի կրնար սփիւռքահայութիւնը տեսնել յուսահատ, ինքզինք առանձին եւ մինակ զգալ: «Եթէ մենք այսօր այստեղ ներկայ ենք, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ հայրենասիրութիւն կայ: Հայրենասիրութիւնը մղեց մեզմէ իւրաքանչիւրը, որ ըլլանք Արցախի հետ, Արցախի կողքին եւ Արցախի համար», հաստատեց Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան` աւելցնելով, որ հայրենիքի եւ Արցախի սահմանները կրնան վտանգուիլ, բայց վա˜յ մեզի, եթէ մեր թշնամին կարողանայ մեր հայրենասիրութիւնը վտանգել, մեզ յուսահատութեան եւ ազգասպանութեան առաջնորդել: Այն ատեն է իսկական պարտութիւնը, որովհետեւ պարտուած չենք: «Պատերազմի ու պայքարի նոր էջ բացուած է: Այո՛: Պատմութիւնը ինքզինք կրկնեց եւ պիտի կրկնէ: Պատմութիւնը ինքզինք պիտի կրկնէ 1991-ի պէս, եւ դարձեալ պիտի անկախանանք: Պատմութիւնը ինքզինք պիտի կրկնէ 1993-ի պէս, եւ դարձեալ պիտի վերատիրանանք Արցախին, եւ մենք` իբրեւ հայ աշակերտութիւն, հայ պատասխանատուներ, չենք կրնար յուսահատ ըլլալ», շեշտեց հայր սուրբը` նկատել տալով, որ այսօրուան քաղաքակրթուած աշխարհը 1915-ի նման լուռ կը մնայ, սակայն վա˜յ մեզի, եթէ իբրեւ հայութիւն լուռ մնանք, որովհետեւ նոյն սխալը կրկնած կ՛ըլլանք:

Շարունակելով իր խօսքը` հայր սուրբը շեշտեց, որ անոնք պէտք չէ այն իրականութեան եւ այն համոզումին առջեւ գտնուին, թէ իբրեւ աշակերտ ընելիք կամ ըսելիք չունին` աւելցնելով, որ իբրեւ աշակերտ անոնք չեն կրնար միայն դիտողի դերակատարութեան մէջ ըլլալ, այլեւ անոնք ըսելիք եւ ընելիք ունին իւրաքանչիւրը իր կարողութեան սահմաններուն մէջ: Ան ըսաւ, որ եթէ փորձենք Արցախի կամ հայրենիքի համար բան մը ընել, կը նշանակէ, թէ մենք տակաւին պարտուած չենք, վերջին էջը չենք շրջած, նաեւ յուսահատ չենք: «Պէտք է բոլորս զօրաշարժի դիմենք, պէտք է բոլորս համախմբուինք, պայքարինք մէկ նպատակի համար, որն է վերատիրանալ Արցախի մեր հողերուն, որպէսզի աշխարհին ցոյց տանք, թէ հայը չի կրնար յուսահատ ըլլալ, հայը չի պարտուիր, հայը լուռ չի մնար, հայուն պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ միայն յաղթանակով, մէկ նպատակով` ըլլալ ազատ, անկախ, ըլլալ ազատ Արցախ, ըլլալ ազատ Արցախի կողքին եւ դառնալ Արցախի Հանրապետութիւն», եզրափակեց Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան:

Հաւաքին եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Ան նկատել տուաւ, որ հաւաքուած ենք լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան հետ միասին, մեր զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնց մէկ մասը, ինչպէս գիտենք, Արցախի հողին հետ նահատակուեցաւ, մէկ մասը դարձաւ տարագիր, իսկ մնացորդացը տակաւին կը գտնուի շրջափակման օղակին մէջ: Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ ճգնաժամային այս օրերուն, բոլորս ալ ուժգնօրէն կ՛անդրադառնանք, թէ հայրենական անցուդարձերը այնքան ալ հեռու չեն սփիւռքահայ մեր կեանքէն` աւելցնելով, որ բոլորս ալ կը զգանք, թէ այսօր յանուն գոյութեան մեր ժողովուրդին մղած պայքարը դարձած է աւելի ճակատագրական, նաեւ մեր հայրենիքին ու մեր ազգին սպառնացող վտանգը կը թելադրէ, որ մեծ ու փոքր, համախոհ կամ այլախոհ, բոլորս ալ դարձեալ համախմբուինք ու ամէն տեղ հայութեան միասնականութեան անընկճելի հոգին պարզենք:

«Դժբախտաբար, արիւնով շահուած Արցախը փոշիացաւ:  Բոլորս ալ համակուած ենք անհուն տխրութեամբ, եւ բոլորիս ալ խղճին վրայ մեծ հարցեր կը ծառանան: Արցախի նահատակութեան ցաւը երկար պիտի տագնապեցնէ մեզ, սակայն, մասնաւորաբար այս օրերու տխուր պայմաններուն մէջ, չենք կրնար առիթ տալ, որ մեր ժողովուրդին ամրութիւնը քայքայուի ու հայօրէն ապրելու, հայ մնալու, Հայաստանի տեսլականով նոր պատմութիւն կերտելու մեր կամքը խորտակուի», շեշտեց Սրբազան Հայրը` յորդորելով ներկայ աշակերտութիւնը մայրավանքի շրջափակին մէջ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան խորհրդանիշ կոթողին դիմացէն յայտարարելու, թէ որքա՛ն ալ դառն ըլլան մեզի վիճակուած այսօրուան պայմանները, մենք կը մնանք հաւատարիմ դարաւոր մաքառումներով կերտուած սրբազան այն մասունքին հանդէպ, որ մեր հայրենիքն է` Հայաստանը, որ այսօր, նոր արհաւիրքներու մէջ ինկած, իր գիտակից զաւակները դարձեալ իրեն կը կանչէ, որպէսզի հայրենիքի պաշտպանութեան պարիսպները վերականգնին եւ նոր գոյամարտեր մղելու սրբազան գործին լծուին:

Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով աշակերտներուն դիտել տուաւ, որ մեր ժողովուրդին մարտնչումներն ու պայքարները տակաւին չեն աւարտած, եւ մեր ազգին վիրաւորուած արժանապատուութիւնը փրկելու համար գոյապայքարը կը շարունակուի` աւելցնելով, որ Արցախի հայութեան ու Հայաստանի բախտը կախեալ է հայ ժողովուրդի գիտակցութենէն, մասնաւորաբար` երիտասարդ սերունդի կեցուածքէն ու պայքարը շարունակելու կամքէն: Ան շեշտեց, որ այսօր կարիքը ունինք գիտակից հայրենասիրութեան, հաւատարիմ կեցուածքի, անշեղ նուիրումի եւ նոր զոհաբերութեան եւ այդ իսկ պատճառով մեր ուշադրութիւնը կ՛ուղղենք մեր նոր սերունդին:

«Սիրելի՛ աշակերտներ, ձեզի կը նայինք, սպասելով, որ դուք, հայ դպրոցին վաստակով  պատրաստուող մեր ժողովուրդի դեռատի ներկայացուցիչներդ, գիտակցօրէն ու նուիրումով  փարիք մեր ժողովուրդի սրբազան երազներուն ու իտէալներուն: Արցախի մոխիրներէն պէտք է արթննայ նոր կեանք: Այո՛: Յոյսի նշոյլ մը պէտք է ճառագայթէ մեր կեանքին մէջ: Հայրենի հողին պաշտպանութեան գործը սուրբ է, իսկ այդ գործին աջակցողները յաւիտեանս կը մնան օրհնեալ», եզրափակեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան` աղօթելով, որ Աստուած խաղաղութեան մէջ պահէ մեր հայրենիքն ու մեր ժողովուրդը եւ արցախահայութեան պարգեւէ անփորձանք կեանք:

Այնուհետեւ ներկաները միասնաբար արտասանեցին Տէրունական աղօթքը: Աշակերտական զօրակցական հաւաքը փակուեցաւ «Կռունկ» նուագով` կատարողութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներէն Ծաւի Թորիկեանի` ջութակ եւ Սալբի Թորիկեանի` դաշնակ, նաեւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: