Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Մեր Զաւակները Մեր Դպրոցներուն Մէջ Պէտք Է Գտնեն Ազգային Ուղիղ Ճամբան

Հակառակ մեր դիմագրաւած կեանքի անբաղձալի պայմաններուն եւ ի հեճուկս մեր ապրած տեսակաւոր դժուարութիւններուն ու նաեւ մեզ ապշեցնող անակնկալներուն, ահաւասիկ, հայ դպրոցը հաստատ յանձնառութեամբ դարձեալ իր դռները կը բանայ հայ աշակերտութեան դիմաց, որպէսզի մեր զաւակներուն ճամբով Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շունչը վերընձիւղի մեր կեանքին մէջ:

Այսօր հայ դպրոցը պէտք է գրաւէ մեր ուշադրութիւնը, որովհետեւ կրթական վերամուտ է: Նուիրական այս պահը կը թելադրէ հաւատարիմ ըլլալ հայութեան կեանքին հանդէպ եւ հաւատարիմ մնալ մեր ժառանգած աւանդին նկատմամբ: Հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ  մեր զաւակները մեր եկեղեցւոյ մէջ տեսնեն ուղիղ հաւատքը եւ մեր դպրոցներուն մէջ  գտնեն ազգային ուղիղ ճամբան:

Այս առիթով գոհունակութեամբ կը հաստատենք, որ տակաւին չէ ամայացած հայ դպրոցի լուսեղէն ճամբան: Արդարեւ, լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարեւոր մէկ տոկոսը կը շարունակէ լաւապէս ըմբռնել հայ դպրոցին արժէքը եւ նաեւ գիտակցիլ, թէ հայ մարդը պարտի նախ հայ դպրոցին ճամբով ինքզինք ճանչնալ, որպէսզի իր սեփական մշակոյթի ժառանգութեամբ զինուելով, նոյնիսկ օտար երկնակամարներու տակ կարենայ հաւատարմութեամբ քալել հայոց պատմութեան ուղիներէն:

Հետեւաբար, վերամուտի առիթով, մեր հաւաքականութեան դէմքին վրայ նաեւ գոհունակութեան ժպիտը պէտք է արտացոլայ: Արդարեւ, երախտաշատ աշխատանք մը յաջողցուցած ու արժէքաւոր բան մը կերտած ըլլալու գիտակցութեամբ, մեր ուշադրութիւնն ու ուրախութիւնը պէտք է ուղղենք դէպի հայ դպրոց, որպէսզի վստահութեամբ զգանք, թէ սփիւռքի մէջ, մեր հաւաքականութեան ճիգերով, տեղ մը ստուգապէս ու ապահով կերպով կը պահպանուին եւ կը կենսագործուին մեր ազգային մշակութային հարստութիւնն ու պատմութեան աւանդը:

Անկասկած, վերամուտի առիթով գոհունակութեան զգացում պէտք է ապրին բոլոր անոնք, որոնք մասնակից են հայ դպրոցի առաքելութեան եւ անոր մէջ կը շարունակեն տեսնել մեր ազգային ինքնութեան ուրուագիծը:

Հայ դպրոց կը պահենք, որպէսզի մեր զաւակները սորվին մեր ժողովուրդի լեզուն, իւրացնեն մեր սեփական պատմութիւնը եւ ճանչնան մեր ազգութեան հաւատոյ հանգանակը: Հայ դպրոց կը պահենք, որպէսզի սերունդէ սերունդ, հին բայց մշտանորոգ մեր մշակոյթի հրայրքով ու պատգամով նորոգենք մեր համայնական կեանքը:

Այս առիթով նաեւ բարձրաձայն կը խոստովանինք, որ հայ դպրոցին ունեցած դժուարութիւններուն կարեւոր մասը կը մնայ անլուծելի ու ամէն տարի առաւել սաստկութեամբ դարձեալ կը յայտնուի մեր կեանքին մէջ, որպէսզի մեզի յիշեցնէ, թէ գալիքին աւելի դժուար ու ծանր պայմաններու դիմաց պիտի գտնուին մեր դպրոցներն ու  հայ կրթութեան նուիրական գործը: Սակայն, այդ բոլորը նորութիւն չեն եւ այդ բոլորը աւելիով կը շեշտեն այն հրամայականը, թէ առանց հայ դպրոցի վաստակին, պիտի չկարողանանք ազգային կերպարանք տալ մեր համայնական կեանքին: Գլխաւորաբար, այդ ճշմարտութիւնն է, որ պէտք է տագնապեցնէ մեզ եւ առիթ ստեղծէ, որ նոր գիտակցութեամբ ու նուիրումով շրջապատենք հայ դպրոցը եւ մեր մասնակցութեամբ զայն տանինք նոր վերելքի: Այս տագնապը պէտք է նաեւ ապրին մեր այն հայրենակիցները, որոնք բացակայ են հայ դպրոցէն եւ իրենց առօրեային մէջ միայն նորութիւն ու արդիականութիւն կը փնտռեն:

Բոլորս ալ գիտենք, թէ հայ դպրոցը յաճախ կը դժուարանայ իր աշխատանքը առաջնորդել խանդավառութեամբ, նոր ժամանակներու կշռոյթով եւ ակնկալուած եռանդով, սակայն առաւելաբար այն պատճառով, որ մեր հաւաքականութեան կարեւոր մէկ տոկոսը ծածուկ յոգնութեան մը պատճառով բացակայ է հայ դպրոցէն ու մեր աշխատանքներէն: Օտար վարժարան յաճախող աշակերտներուն թիւը խոտոր կը համեմատի ազգային ապրումներով առաջնորդուող լիբանանահայ մեր կեանքին հետ: Մեր մասնակցութիւնն է, որ արժէքաւոր, հարազատ ու սիրելի կը դարձնէ հայ դպրոցը:

Վերամուտ է դարձեալ:

Այսօր ազգովին կ՛ողբանք Արցախի նահատակութիւնը եւ մեր ապրած կսկիծին թելադրութեամբ, նաեւ նոր հայեացքով դարձեալ կը նայինք մեր դպրոցներուն ու կ՛անդրադառնանք, թէ պարտաւոր ենք հայ դպրոցին ճամբով, մեր կորուստներուն ճշգրիտ գիտակցութիւնը փոխանցել մեր զաւակներուն եւ զանոնք պատրաստենք գալիք պայքարներուն ու ազգային խոյանքին: Արդարեւ, պահը կը թելադրէ, որ մենք ուժգնօրէն փարինք մեր ազգի երազներուն ու տենչերուն, որոնց ճամբան կը սկսի հայ դպրոցէն:

Հետեւաբար, կրթական նոր տարեմուտին առիթով, մեր սպասումն է, որ հայ դպրոցի երդիքին տակ, հայ աշակերտութեան յուսադրիչ մէկտեղումով, հայ դպրոցը նոր վերելք ու յառաջընթաց ապրի իր աշխատանքներուն մէջ:

Կ՛աղօթենք, որ Աստուծոյ պահապան Աջը պաշտպանէ մեր վարժարանները, մեր դպրոցներու կրթական մշակներն ու աշակերտները, մեր ծնողներն ու սրտի ճամբով հայ կրթութեան գործին մասնակից նուիրեալները, նուիրաբերողներն ու նուիրատուները, եւ առիթ ընծայէ, որ հայ դպրոցի վաստակով, մեր կեանքը առաւել եւս գեղեցկանայ, հարստանայ ու ամրանայ:

Մնամ աղօթարար`

ՇԱՀԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ