
Երկուշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Ýախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Շահէ Արք. Փանոսեանի, Ազգային Առաջնորդարանի Երջօ Սամուէլեան «Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը՝ ներկայացուած տեղեկագիրներու հիմամբ քննելու համար ընթացաւարտ Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան նիիւթաբարոյական գործունէութիւնն ու ընտրելու յառաջիկայ երկամեակին համար նոր Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան կազմերը։
Թեմիս Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան անդամներու կողքին, ներկայ էին նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչները:
Հաստատելէ ետք օրինաւոր մեծամասնութեան ներկայութիւնը, Ազգային Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ՝ Տիար Վիգէն Աւագեան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որպէսզի Տէրունական աղօթքով ընթացքի մէջ մտնեն ժողովական աշխատանքները: «Հայր Մեր»-էն ու «Զգործս ձեռաց մերոց» աղօթքէն, ետք, Սրբազան Հայրը ընթերցեց յատկապէս այս առիթով Ն Ս Օ Տ Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ Ժողովին յղուած ողջոյնի խօսքը։
Այնուհետեւ, վաւերացնելով օրակարգը, ժողովը հերթաբար քննարկեց Ազգային ºրեսփոխանական ժողովի նախորդ նիստի ատենագրութիւնը, քննարկեց Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան գործունէութեան վերաբերող տեղեկագիրները, ներառեալ Ազգային Առաջնորդարանի Խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու գործունէութեան զեկոյցները, որոնց յաջորդեց Ազգային Առաջնորդարանի 2023-2025 տարեշրջանի հաշուեկշիռներու եւ 2026 տարեշրջանի պիւտճէական նախահաշիւի ներկայացումը, քննարկումն ու վաւերացումը:
Առ այդ, ժողովը արձանագրեց հետեւեալ արժեւորումներն ու թելադրութիւնները.-
ա- 2023-2026 երկարող ժամանակաշրջանին, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող ծանր պայմաններուն ու առկայ դժուարութիւններուն, Ազգային Վարչութիւնը եւ յարակից յանձնախումբերն ու խորհուրդները գործած են պատասխանատուութեամբ եւ ջանացած են կարելի աջակցութիւն ընծայել մեր վարժարաններուն ու ժողովուրդին։
բ- Հայ Եկեղեցւոյ շուրջ երիտասարդները համախմբելու առաջադրանքով, անհրաժեշտ է աւելի ազդու միջոցներ ու նոր ծրագիրներ մշակել, որպէսզի նախկին սերունդներու երկիւղածութեան օրինակը վերականգնի տեսակաւոր վտանգներով լեցուն մեր կեանքէն ներս ու մեր ընտանիքները կրօնաբոյր մթնոլորտի մէջ եւ բարոյական արժէքներով ապահովեն մեր զաւակներուն կեանքը:
գ- Այլ բարեսիրական կառոյցներու կողքին, Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Բաժանմունքը գնահատելի աշխուժութեամբ իր ներկայութիւնը դարձուցած է ակներեւ՝ նիւթական կարեւոր յատկացումներ ու սննդեղեէն եւ կենցաղային պիտոյքներ բաժնելով մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն։ Գնահատելի է նաեւ առողջապահական ու ընկերային դաստիարակութեան նպատակով Բաժանմունքէն ներս տեղի ունեցած դասախօսական ծրագիրները, որոնք տեղի ունեցած են տարբեր կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու գործակցութեամբ:
դ- Տեղեկատուական ոլորտը պէտք է աւելի աշխուժ դառնայ, որպէսզի Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորած աշխատանքներուն մասին բաւարար ծանօթութիւն ÷ոխանցուի հանրութեան:
ե- Հարկ է ազգային վարժարաններու դիմագրաւած դժուարութիւնները ճշգրտօրէն վերլուծել ու քննարկել եւ հարցերը դարմանել ժամանակին, որպէսզի մեր դպրոցները կարենան իրենց վստահուած առաքելութեան մէջ ըլլալ յաջող ու արդիւնաւոր:
զ- Արդի աշխարհէն եկող տեսակաւոր մտայնութեանց ու վտանգաւոր հոսանքներուն դիմաց Հայ ընտանիքը պաշտպանելու համար, անհրաժեշտ է վերահաստատել զոյգերուն համար նախամուսնական պատրաստութեան ծրագիրը, որպէսզի ընտանեկան սրբութեան ու փոխադարձ պարտաւորութիւններու հասկացողութիւնը զարգանայ նոր սերունդի ծնողներուն մօտ:
է- Մեծապէս գնահատելով տնօրհնէքի գծով Քահանայ հայրերուն թափած ճիգը, անհրաժեշտ է, որ տարուան ամբողջ տեւողութեան, հոգեւորականները շարունակեն ընտանիքներուն այցելել, որպէսզի իրենց հօտի անդամները փնտռելով, հայ տուներուն տանին Եկեղեցւոյ օրհնութիւնը:
ը- Յոյժ գնահատելի է ազգապատկան կալուածներու յանձանձման գծով Կալուածոց Շահարկման Յանձնախումբի տարած ճիգը: Մասնաւորապէս, ուշագրաւ է երկար ատենէ ի վեր անգործածելի վիճակի մատնուած կարգ մը կալուածներու վարձակալութեան համաձայնագրերու ստորագրութեան իրողութիւնը:
Օրակարգերու աւարտին, ձեռամբարձ քուէարկութեամբ, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը ընտրեց Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան եւ Հաշուեքննիչ Յանձնախումբի հետեւեալ անդամները-
Կրօնական Ժողով
Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Հէճինեան
Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Սարգիսեան
Արժ. Տ. Շնորհք Քհնյ. Արթինեան
Արժ. Տ. Առաքել Քհնյ. Տըմտըմեան
Արժ. Տ. Սուրէն Քհնյ. Ասլանեան
Ազգային Վարչութիւն
Յակոբ Լուսարարեան
Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան
Վահրամ Պարսումեան
Յարութ Սուսանի
Րաֆֆի Սիսլեան
Հրայր Խաչատուրեան
Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան
Արծիւ Տէր Խաչատուրեան
Քրիստ Լիպարեան
Հաշուեքննիչ Յաձնախումբ
Ալէք Մուրատեան
Սիւզի Սէմէրճեան
Վաչէ Նաճարեան
Ժողովը փակուեցաւ Սրբազան Հօր եզրափակիչ խօսքով ու «Պահպանիչ» աղօթքով։
ԴԻՒԱՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ



































