Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Հոգեկան Ու Բարոյական Արժէքներ Հարկաւոր Են Մեր Ընտանիքներուն Ու Հաւաքականութեան, Որպէսզի Անոնցմով Մեր Կեանքը Ուղղենք Եւ Աստուծոյ Ողորմածութեան Արժանանանք» Շահէ Արք. Փանոսեան

Շաբաթ 25 եւ կիրակի 26 նոյեմբերին տօնախմբութիւն էր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համար: Արդարեւ, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, շաբաթ առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց մատաղի պատրաստութիւն, ապա երեկոյեան` ժամերգութիւն:

Կիրակի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ապա թափօրը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր, նախագահութեամբ Սրբազան Հօր, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Հոծ բազմութեան կողքին ներկայ էին շրջանի ազգային երեսփոխաններ եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան եւ փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան:

Սրբազան Հայրը, Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի ընծայման տօնին առիթով տուած իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած տուեալներուն, թէ ինչպէ՛ս Աննա տիրոջ շնորհքով զաւակ մը ունեցաւ` Մարիամը, որ ուխտի զաւակ, եւ իր ծնողքին անդրանիկը ըլլալով, Հրէից օրէնքին համաձայն, երեք տարեկանին տաճար տարուելով Տիրոջ ընծայուեցաւ, որպէսզի տաճարին ծառայելով Աստուծոյ շնորհով մեծնայ: Ան դիտել տուաւ, որ եթէ չենք կրնար այս պատմութիւնը մեր կեանքին առնչել, անիմաստ է մեր ունեցած աւետարանական գիտութիւնը եւ մեր բարեպաշտութիւնը` բացատրելով, որ այս առիթը նախ մեզի կը յիշեցնէ, թէ զաւակներուն բախտը կախեալ է ծնողներու գիտակցութենէն ու իրենց ծնողական պարտականութիւնները հաւատարմօրէն կատարելու պատրաստակամութենէն: «Կեանքի մէջ ամէն մարդ հաւատքով ու նուիրումով պէտք է կատարէ իրեն վերաբերող պարտականութիւնները: Մասնաւորապէս, ծնողները եւ յատկապէս մայրերը,  պէտք է  լաւ ըմբռնեն, թէ իրենց գերագոյն պարտականութիւնը իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան գործն է», շեշտեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ մեր ապրած տեսակաւոր տագնապներուն ու հարցերուն դիմաց, այսօր, քաջութիւնն ու իմաստութիւնը պէտք է ունենանք հարցնելու, թէ մենք` իբրեւ ծնողներ ու մայրեր, նաեւ իբրեւ բարեպաշտ հաւաքականութիւն, ո՞ւր կ՛առաջնորդենք եւ ի՞նչ բանի կ՛ընծայենք մեր զաւակները, որպէսզի անոնք ալ Աստուծոյ շնորհքով աճին եւ հպարտութիւն պատճառեն նախ` իրենց ծնողներուն, նաեւ մեր հաւաքականութեան ու ողջ ազգին:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ Աստուածամայրը օրինակ եւ ներշնչարան է բոլոր անոնց, որոնք մաքրութեան, սրբութեան եւ անմեղութեան շունչով կ՛ուզեն պահել իրենց ընտանիքները ու առաքինութեանց արժէքներով դաստիարակել իրենց զաւակները` յորդորելով ներկայ մայրերը պատահականութեամբ չվարուելու իրենց ընտանեկան պարտականութիւններուն հետ եւ ոչ ալ պատահականութեան ձգելու իրենց զաւակներու դաստիարակութեան գործը եւ այդպիսով վտանգելու նաեւ մեր համայնական կեանքի վիճակը:

Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ մեծ նահանջ արձանագրած ենք քրիստոնէական մեր հաւատալիքներէն եւ հեռացած ենք մեր դարաւոր աւանդութիւններէն ու հաւատքի սկզբունքներէն.  խօսքը ուղղելով մայրերուն` ան ըսաւ, որ չեն կրնար շարունակաբար ուրիշներուն վերագրել իրենց թերացումներուն պատասխանատուութիւնը, այլ` պէտք է քաջութեամբ խոստովանին, որ յաճախ մոռցած են իրենց զաւակներուն հանդէպ ունեցած պարտականութիւնները եւ մոռցած, որ մօր նայուածքին տակ, մօր գուրգուրանքով ու աղօթքով, տարբեր ոճով պիտի մեծնային անոնք, եւ տարբեր վիճակի մէջ պիտի գտնուէր նաեւ մեր հաւաքական կեանքը: Եզրափակելով իր խօսքը` Գերշ. Տ. Շահէ Արք. շեշտեց, որ հոգեկան ու բարոյական արժէքներ հարկաւոր են մեր ընտանիքներուն ու մեր հաւաքականութեան, որպէսզի անոնցմով մեր կեանքը ուղղենք եւ Աստուծոյ ողորմածութեան արժանանանք:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: