Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Շարադրական Մրցանքին Արդիւնքները

23 օգոստոս 2023-ը կը նշէ Արցախեան պայքարի ազատամարտիկ, լիբանանահայ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 30-ամեակը: 23 օգոստոս 1993-ին, զինակից չորս ընկերներու հետ, Մհեր Ջուլհաճեան նահատակուեցաւ Արցախի Մարտունի շրջանի Մարզիլի գիւղին մօտ` սահմանապահ դիրքերու ստուգման պահուն, զոհը երթալով ազերիական ականի մը պայթումին:

Մհերի նահատակութեան 10-ամեակին` 2003-ին, Ջուլհաճեան ընտանիքին փափաքով եւ Ազգային Ուսումնական խորհուրդին որոշումով հաստատուեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» միջվարժարանային շարադրական մրցումը` Մհերին յիշատակը լիբանանահայ աշակերտութեան մօտ վառ պահելու եւ Մհերին դաւանած ազգային-հայրենասիրական գաղափարները շարադրական մրցանքներով տարածելու համար:

Միջնակարգ եւ երկրորդական դասարաններու համար նախատեսուած միջվարժարանային շարադրական մրցանքները անցնող 20 տարիներուն կազմակերպուեցան կանոնաւոր կերպով, ի բաց առեալ «Քորոնա»-ի համաճարակի տարիներուն: Այս տարի, իբրեւ նորութիւն, Ուսումնական խորհուրդը մրցանքին մէջ յատուկ բաժին մը յատկացուց նաեւ նախակրթարանի աշակերտութեան, քաջալերելու համար կրտսեր աշակերտներու ազգային մտորումները եւ շարադրական առաջին փորձերը:

Արդ, այս տարուան «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքին մասնակցեցան լիբանանահայ 13 վարժարաններէ 76 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք ներկայացուցին հետեւեալ վարժարանները.- Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետ. քոլեճ, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Թէքէեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգ. Միացեալ վարժարան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք:

Մրցանքին դատական կազմը, բաղկացած` Շուշիկ Մաւիսագալեանէ, Ժագ Յակոբեանէ եւ Մարինա Համամճեանէ, շարադրութիւններու սրբագրութենէն ետք, մրցանակակիրներ նկատեց հետեւեալները.-

ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ

Առաջին.- Հրակ սրկ. Գրտանեան (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք):
Երկրորդ.- Ժիւլիանա Թրթռեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան)
Երրորդ.- Ալեակ Գույումճեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան):
Պատուոյ յիշատակութիւն.- Արինա Աբրահամեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան), Հրակ Թաթեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), Լոռի Կերկերեան (Ազգ. Միացեալ վարժարան):

ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ

Առաջին.- Սելին Քիլէճեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան):
Երկրորդ.- Նազէ Այնթապլեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան):
Երրորդ.- Մատլէն Գազանճեան (ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ):
Պատուոյ յիշատակութիւն.- Սարին Մահտեսեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան), Սագօ Տէր Կարապետեան (Ազգ. Միացեալ վարժարան), Լեւոն Սեդրակեան (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք):

ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆ

Առաջին.- Մարիա Այվազեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):
Երկրորդ.- Վիքի Հաւաթեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան):
Երրորդ.- Նուշիկ Էլէյճեան (Ազգ. Միացեալ վարժարան):
Պատուոյ յիշատակութիւն.- Նարեկ Շիրէճեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան), Լոռի Պապոյեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), Կալի Թաթօ (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան), Գէորգ Հալլաճեան (ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ), Աննա Քէօշկերեան (Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան):

Ջուլհաճեան ընտանիքին որոշումով, մրցանակակիրները պիտի արժանանան նիւթական պարգեւներու: Մրցանակաբաշխութիւնը պիտի կատարուի յատուկ հանդիսութեամբ մը, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքի անցնող 20 տարիներու առաջին երեք մրցանակակիրներուն շարադրութիւնները ամփոփող գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը այժմ պատրաստութեան մէջ է, եւ կը նախատեսուի, որ լոյս տեսնէ մինչեւ տարեվերջ:

Այս առիթով, Ուսումնական խորհուրդը իր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ Ջուլհաճեան ընտանիքին, մրցանքին դատական կազմին, մասնակից վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, հայերէնի ուսուցիչներուն եւ շարադրական մրցանքին մասնակցած 76 աշակերտ-աշակերտուհիներուն, որոնք` հաւատարիմ նահատակ ազատամարտիկի կտակին, հայ գիրով ու գրականութեամբ նպաստեցին ազգային հաւաքական մեր ինքնութեան պահպանման գոյապայքարին: