Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Աստուածամօր Կենդանի Օրինակը Պէտք Է Բարձր Պահենք Մեր Գիտակցութեան Մէջ», Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, 13 օգոստոսին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ տարուան ընթացքին մեր եկեղեցին զանազան առիթներով կ՛ոգեկոչէ Աստուածամօր յիշատակը եւ սքանչելի շարականներով ու աղօթքներով կը մեծարէ զայն ու մեր ուխտն ու խնդրանքները իրականացած տեսնելու բաղձանքով անոր բարեխօսութիւնը կը հայցէ: Սրբազանը բացատրելով Աստուածամօր վերափոխման մասին եկեղեցւոյ կեանքէն ներս պահպանուած պատմութիւնը` ըսաւ, որ համաձայն եկեղեցական աւանդութեան, Յիսուսի համբարձումէն ետք, Աստուածածինը 12 տարի ապրեցաւ Երուսաղէմի մէջ` վայելելով բոլոր առաքեալներուն ու հաւատացեալներուն յարգանքն ու սէրը եւ իր մահէն ետք, Քրիստոսի կողմէ իրեն տրուած խոստումին համաձայն, հրեշտակներու օրհներգութեամբ, երկրէն երկինք փոխադրուեցաւ` վերափոխուեցաւ:

«Սակայն պատմութենէն անդին` Աստուածամայրը իր կենդանի ու ներշնչող օրինակով դարեր շարունակ ապրած է հաւատացեալներու հոգիին մէջ  եւ իբրեւ հաւատք` նաեւ դարերէ ի վեր կ՛աճի ու կը զարգանայ բոլոր անոնց կեանքէն ներս, որոնք կը դիմեն անոր բարեխօսութեան» հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ այս առթիւ պէտք է նախ անդրադառնանք, որ Աստուածամայրը, որուն մահուան ու վերափոխման յիշատակը կը նշենք այսօր, ամէնէն խոնարհ ու ամէնէն սուրբ կինն է եղած մարդկային պատմութեան մէջ: Օժտուած պարզապէս նուիրումի, սիրոյ, հեզութեան եւ քաղցրութեան շնորհքներով` ան հրաշալի միջոց մը եղաւ քրիստոնէական կրօնը տարածելու գործին մէջ ու նոյնիսկ Քրիստոսի ու առաքեալներու ժամանակաշրջանին, իր օրինակին հետեւելով, բարեպաշտ այլ կիներ եւս իրենց շնորհքները ի սպաս դրին Աւետարանի ճշմարտութիւնները տարածելու գործին մէջ: Սրբազանը հաստատեց, որ մեր սուրբերուն կարեւոր մէկ տոկոսը կիներէ կը բաղկանայ, եւ այդ իրողութիւնը բաւարար է հաստատելու համար, որ Աստուածամայրն ու անոր օրինակին հետեւող կիները լոյսի եւ սիրոյ աւետաբերները հանդիսացան աշխարհէն ներս:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը ըսաւ, որ Վերափոխման տօնը պանծացումն է այն իրողութեան, որ Աստուածամայրը եղաւ քրիստոնէութեան մեծագոյն հաւատացեալը ու նաեւ պարծանքը` բոլոր անոնց, որոնք` իբրեւ կին, պահապանները եղան քրիստոնէական արժէքներուն եւ զայն ազդու կերպով փոխանցեցին իրենց շրջապատին: Ան հաստատեց, որ քրիստոնէական հասկացողութեան մէջ կինը առաւելաբար մայր է ու դաստիարակ, բայց զաւակ ունենալն ու մայրանալը չեն բաւեր: Անհրաժեշտ է Ս. Կոյսին օրինակով մայրօրէն հսկել մանուկին վրայ, զայն դաստիարակել օրօրոցէն սկսելով, բարոյական ու հոգեւոր արժէքներ հաստատել անոր մէջ, որպէսզի մանուկը,  որ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած թանկագին արժէք է, անոնցմով հասակ առնէ: «Այո՛, Աստուածամայրը օրինակ է եւ ներշնչարան` բոլոր անոնց համար, որոնք մաքրութեան, սրբութեան եւ անմեղութեան շունչով կ՛ուզեն պահել իրենց ընտանիքներն ու առաքինութեանց արժէքներով դաստիարակել իրենց զաւակները», շեշտեց Շահէ Արք. Փանոսեան` նկատել տալով, որ մեր մայրերը իրենց վարքով ու բարքով անցեալին եղած են հիացումի առարկայ եւ այսօր ալ կրնան ներբողներու արժանանալ, եթէ ընտանեկան միջավայրի եւ ընկերութեան մէջ իրենց վերապահուած գործը տանին Ս. Կոյսին օրինակով` տան մէջ արժէքներ պաշտպանելով ու սրբութեան զգացում հաստատելով իրենց զաւակներուն մէջ: Ուստի Վերափոխման տօնը նաեւ մեզի կը յիշեցնէ, որ փորձութիւններով լեցուն այս ժամանակաշրջանին, Աստուծոյ միանալով, պէտք է պայքարինք, որպէսզի մեր կեանքէն ներս պաշտպանուին այն սրբութիւններն ու արժէքները, որոնց վրայ հիմնուած է մեր հաւաքականութեան կեանքը:

Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով մայրերուն` ըսաւ, որ ներկայ ժամանակներուն մէջ մեր առօրեային մէջ կրնայ շատ բան փոխուիլ, սակայն մեր ներքին արժէքները, մեր բարոյական ըմբռնումները, մեր հաւատքն ու յոյսի կամեցողութիւնը պէտք է հաւատարմութեամբ պահպանուին մեր տուներէն ներս, որպէսզի չկործանի մեր կեանքը: Սրբազանը հաստատեց, որ Աստուածամայրը ո՛չ շպարով, ո՛չ զարդարանքով, ո՛չ հարստութեամբ, ո՛չ փառքով, ո՛չ ալ որեւէ տեսակ արտաքին երեւոյթով կերտեց այն համբաւը, որ ահաւասիկ, դարերէ ի վեր անխախտ կը մնայ մարդոց սրտին մէջ: Ընդհակառակը, ան հաւատքի օրինակելի ընթացքով ապրեցաւ, եւ այս ճշմարտութիւնը այսօր պէտք է արձագանգէ մեր մայրերու սրտերուն մէջ, որպէսզի անոնց կեանքին ու գործերուն տայ բարոյական ուղղութիւն: Այլապէս, եթէ Աստուծոյ զգացումը կորսուի հայ տունէն, ամէն բան կը կործանի մեր համայնական կեանքէն ներս:

Առաջնորդ Սրբազանը հարց տուաւ մեր մայրերուն, թէ ի՞նչ պայմաններու մէջ կը պահեն իրենց ընտանիքները եւ ի՞նչ արժէքներով կը դաստիարակեն իրենց զաւակները: «Հեզութիւնը, խոնարհութիւնը, նուիրումի եւ զոհողութեան հոգին, սիրոյ, սրբութեան եւ գորովի օրինակները Աստուածամօր կողմէ աշխարհին տրուած պարգեւներ են անկասկած: Մենք ի՞նչ կու տանք աշխարհին եւ ինչո՞վ կը զատորոշուինք առնուազն մեր շրջապատէն, որուն անկեալ վիճակին համար յաճախ մեր ցաւն ու ափսոսանքը կը յայտնենք ամէն օր», հարց տուաւ Սրբազանը` աւելցնելով, որ մարդ միայն հացով, դրամով եւ վայելքներով չի սնանիր, այլ` հոգեկան ու բարոյական արժէքներով: Ուստի Աստուածամօր կենդանի օրինակը պէտք է բարձր պահենք մեր գիտակցութեան մէջ, որպէսզի անոր նայելով` մեր կեանքը ուղղենք եւ զգուշ ըլլանք յատկապէս մեր ընտանիքներէն ներս հոգեւոր արժէքներ պաշտպանելու գործին հանդէպ, որպէսզի, իբրեւ անհատ եւ հաւաքականութիւն, չխորտակուինք ու չքայքայուինք:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: